Որոնել

Փախստական մանուկներ Փախստական մանուկներ 

Փախստականներու համաշխարհային օր. Աղօթքի հսկում դէպի Եւրոպա ուղղուած 40 հազար մեռեալ փախստականներու յիշատակին։

Մարդկային ողբերգութիւն մը, զոր պէտք է յիշատակել յիշելով նաեւ այն հազարաւոր մարդիկը, որոնք կը գտնուին Լիպիայի կալանաւորման կեդրոններուն մէջ եւ կամ Լեզվոս կղզիի աննպաստ պայմաններով գաղթավայրերուն մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 18 Յունիսի երեկոյեան 6.30-ին Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ եկեղեցւոյ մէջ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը՝այլ կազմակերպութիւններու եւ ընկերակցութիւններու հետ միասին,  20 յունիսին նշուող Փախստականներու Համաշխարհային օրուան առթիւ, կազմակերպած է՝ «Մահանալ յոյսի պատճառաւ»  բնաբանով աղօթքի հսկում, ի յիշատակ 40.900 անձերուն, որոնք 1990-էն ի վեր իրենց կեանքը կորսնցուցին միջերկրական ծովուն մէջ եւ կամ ճանապարհներու վրայ, դէպի Եւրոպա իրենց ուղեւորութեան ընթացքին։

«Ողբերգական ու ծանր հաշուեկշիռ մը, մարդկային ողբերգութիւն մը, զոր պէտք յիշատակել յիշելով նաեւ այն հազարաւոր մարդիկը, որոնք կը գտնուին Լիպիայի կալանաւորման կեդրոններուն մէջ եւ կամ Լեզվոս կղզիի աննպաստ պայմաններով գաղթավայրերուն մէջ, որոնց համար հրատապ է գտնել լուծումներ» կը կարդանք  վերոնշեալ աղօթքի հսկումին առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր ապա նշուած է թէ աղօթքի հսկումը կը գլխաւորէ Գերապայծառ Սթեֆանօ Ռուսսոն՝ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի Քարտուղարը։ Արարողութեան կը մասնակցին նաեւ զանազան ազգութիւններէ գաղթականներ, ինչպէս նաեւ մահացած գաղթականներուն ազգականներն ու բարեկամներ։

Աղօթքի հսկոմւին կարելի է հետեւիլ առցանց՝ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան Ֆէյսպուքեան էջին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2020, 07:34