Որոնել

Կուատալուփի Սուրբ Կոյս Մարիամին Վանքը Կուատալուփի Սուրբ Կոյս Մարիամին Վանքը 

Սպանիա. Կուատալուփի Սուրբ Կոյս Մարիամին Յոբելենական տարւոյն բացումը 2 օգոստոսին։

Կիրակի 2 օգոստոսին բացումը կը կատարուի Կուատալուփի Սուրբ Կոյս Մարիամ Վանքին Սուրբ Դուռին, որով սկիզբ կ՛առնէ Կուատալուփի Տիրամօր Յոբելենական տարին, որ պիտի եզրափակուի 8 սեպտեմբեր 2021-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կուատալուփէ. Աստուածամօր տունը, ապաքինումի տուն»։ Խորագիրն է սա հովուական նամակին, զոր Թոլէտոյի եւ Էսթրէմատուրայ թեմերուն եպիսկոպոսները, միասնաբար ուղղեցին հաւատացեալներուն, անցեալ 16 յուլիսին,  Կուատալուփի Յոբելենական տարւոյն առթիւ, որ սկիզբ պիտի առնէ յառաջիկայ կիրակի 2 օգոստոսի ժամը 12-ին, Կուատալուփի Սուրբ Կոյս Մարիամ Վանքին  Սուրբ Դռան բացման արարողութեամբ, զոր պիտի նախագահէ Թոլէտոյի եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Ֆրանսիսքօ Չէրրօ Չավէսը, որուն հետ կը համապատարագեն Էսթրեմատուրայի եպիսկոպոսները։ 

Նամակին մէջ եպիսկոպոսները պատմական ակնարկ մը կը ներկայացնեն  Սրբավայրի մասին, ապա շնորհակալութիւն  կը յայտնեն Վանքի Ֆրանչիսկեան միաբանութեան,  հաստատելով՝ որ «Յոբելեանը եկեղեցական առաջնակարգ նախաձեռնութիւն մըն է, որուն կ՛ուզենք մասնակից դարձնել համայն Աստուծոյ Ժողովուրդը, որ ուխտագնացութեամբ կու գայ Էսթրեմատուրայի Թեմ»։

«Դէպի Կուատալուփէ ուխտագնացութիւն կատարելը, ոչ միայն մեր սրտերը պէտք է փոխէ ու մեզ մղէ դէպի խոր դարձի եւ ապաքինումի, այլ նաեւ պէտք է մեզ քաջալերէ՝ բարձր պահելու մեր հայեացքը,  նայելու հեռուն, ունենալու մեծ երազներ եւ բաց սրտեր, վեհանձն պատասխաններ տալու համար, որոնց նպատակը կարելի չէ նոյնիսկ երեւակել», կը գրեն  եպիսկոպոսները հաստատելով՝ որ «Մարեմեան Սրբավայրը ապաքինումի վայր է ու վայր հանդիպումի՝ Յիսուսին եւ Մարիամին հետ։ Ան պէտք է դառնայ  նոր Բեթանիա, հոգեւորականութեան կեդրոն, ուր կարելի ըլլայ երթալ հանգչելու Տիրոջ ու Սուրբ Կոյս Մարիամին հետ, ուր կարելի ըլլայ ունկնդրել, խորհրդածել եւ աղօթել՝ լռութեան եւ անդորրութեան մէջ»։

«Որովհետեւ Կուատալուփէն բազկատարած կը սպասէ մարդկային համայն հասարակութիւնը, ան զգայուն է ամէն մէկ անհատի նկատմամբ, որ տարբեր պատճառներու համար կը տառապի եւ կարիքը ունի ունկնդրութեան եւ մխիթարութեան, Կուատալուփէի բազուկները բաց են մշակոյթին, հանդիպումին եւ ամէն այն բաներուն՝ որոնք կը խթանեն եւ կ՛ ազնուացնեն մարդկային արժանապատուութիւնը» կը շեշտեն եպիսկոպոսները։

Հովուական նամակին վերջաւորութեան անոնք յատուկէն կը յիշեն բոլոր անոնք՝ որոնք քորոնվիրուսի համաճարակին պատճառաւ կորսնցուցին իրենց հարազատներն ու բարեկամները։

 «Մի մոռնաք թէ երբ կը քալէք դէպի Կուատալուփէ, անոնք եւս բոլորը ներկայ են այնտեղ, մեզի հետ են ու մեզ կը քաջալերեն ու կը խրախուսեն այս Յոբելենական տարին ապրելու, տարի մը լի քնքշութեամբ եւ ողորմութեամբ, մենք կարող ենք անոնց հետ քալել ձեռք ձեռքի, շնորհիւ հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյ, Երկնքի Սուրբ Դռան սեմին, որ ներկայ է ամէն մէկ խորանին եւ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, ու այսպէսով կարող ենք զանոնք ողջագուրել եւ անոնց ըսել՝ թէ որքան կը սիրենք զանոնք»։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2020, 08:52