Բնութիւն Բնութիւն 

Միջազգային Քարիթասի յայտարարութիւնը, արարչագործութեան խնամքի միջազգային աղօթքի օրուան առթիւ։

Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի միջազգային օրը առիթ է  նշելու քրիստոնէական հաւատքը, որ կ՝արտայայտուի նաեւ հասարակաց տան խնամքի միջոցաւ  եւ վերանորոգելու սիրտն ու միտքը, վերականգնելով Աստուծոյ եւ ուրիշին հետ կապերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Արարչագործութեան խնամքի միջազգային աղօթքի օրուան առիթով, Միջազգային Քարիթասը հրապարակեց յայտարարութիւն մը մաղթելով , որ համաճարակի տագնապը հրաւէր  դառնայ հասարակաց տունը յարգելու

Ունկնդրէ լուրը

Սեպտեմբեր մէկին , արարչագործութեան խնամքի նուիրուած  աղօթքի միջազգային օրուան առթիւ հրապարակած յայտարարութեան մէջ միջազգային քարիթասը յորդորեց  որ Քովիտ 19 համաճարակը հրաւէր դառնայ հասարակաց տունը յարգելու,  նկատել տալով, որ  սոյն միջազգային օրը առիթ է  նշելու քրիստոնէական հաւատքը, որ կ՝արտայայտուի նաեւ հասարակաց տան խնամքի միջոցաւ  եւ վերանորոգելու սիրտն ու միտքը, վերականգնելով Աստուծոյ եւ ուրիշին հետ կապերը։

Միջազգային քարիթասի յայտարարութեան մէջ նշուած է որ տեղական հասարակութիւններ, արարչագործութեան խնամքի պակասի հետեւանքով , առաջին զոհերն են, եւ ասոր համար անհրաժեշտ է անմիջական գործողութիւնները, արարչագործութեան խնամքի ի խնդիր, սկսելով սննդեղէնի անվտանգութեան, խմելիք ջուրին եւ կենսոլորտի պահպանումէն։

«Մարդկային համապարփակ զարգացումը կարելի  է իրականացնել լոկ բնապահնանողական, տնտեսական ընկերային եւ քաղաքական կայուն համակարգերու ստեղծումով։» նշուած է յայտարարութեան մէջ որուն  աւարտին, միջազգային քարիթասը կոչ ըրած է աղօթելու եւ գործելու՝ կառուցելու համար զօրակցութեան եւ սիրոյ հասարակութիւն մը։

Յիշենք, որ Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի միջազգային օրը հիմնեց Ֆրանչիսկոս Պապ 2015 թուականին, որ այս տարի հասաւ իր  6-րդ փուլին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2020, 14:39