Որոնել

Մէկ միլիոն մանուկներ կ՛աղօթեն սուրբ վարդարանը Մէկ միլիոն մանուկներ կ՛աղօթեն սուրբ վարդարանը 

Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը պիտի աղօթեն աշխարհի բարիքին համար։

«Ի տես այս տագնապին ու այլ «նողկալի իրադարձութիւններուն» որ աշխարհը կարող է դիմագրաւել նաեւ յետագային, ակնյայտ կը դառնայ՝ թէ «մարդկութիւնը առանց Աստուծոյ սահմանուած է պարտութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 18 հոկտեմբերին կը կրկնուի Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը հայցող աղօթքի ձեռնարկը, որ կը ներգրաւէ համայն աշխարհէն մէկ միլիոն մանուկներ, անոնց ծնողներու, ուսուցիչները եւ կրօնուսոյցները։ Այս տարուայ աղօթքի դիտաւորութիւնն է  «փրկուիլ քորոնաժահրէն»։ 

Ձեռնարկի կազմակերպիչները յատուկ նամակ մը յղած են մանուկներուն բացատրելով՝թէ ինչպէս աղօթել Սուրբ Վարդարանը, ապա այլ նամակ մը տարեցներուն, որուն մէջ ընդգծած են՝ թէ «Յիսուս իսկական ու ճշմարիտ հակաթիւնն է մարդկութիւնը յուզող չարիքներուն»։

Հոկտեմբեր ամիսը արդարեւ քրիստոնեայ աշխարհին համար ճանչցուած է՝ որպէս Վարդարանի ամիս։ Վերոնշեալ նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած է Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական բարեսիրական հիմնարկի կողմէ,  որպէս բնաբան ունենալով  «միութեան եւ խաղաղութեան համար մէկ միլիոն մանուկներ կ՛աղօթեն վարդարանը»։

«Մեր աշխարհը այլեւս նոյնը չէ, այն ինչ որ առաջ համարուած էր որպէս ակնյայտ, այլեւս այդպէս չի կրնար ըլլալ» նշուած է վերոնշեալ ձեռնարկը ներկայացնող նամակին մէջ, որ կը կրէ Հիմնարկի նախագահ Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցայի եւ հիմնարկի հոգեւոր հայր՝ Հայր Մարթին Պարթայի ստորագրութիւնները։

«Հակառակ ներմուծուած ապահովական միջոցներուն կ՛ապրինք համատարած վախի զգացում, անկարողութեան եւ ապակողմնորոշումի իրավիճակ, զօրակցութեան եւ ընկերային միութեան կից զոր փորձարկեցինք համաճարակի ամէնէ վատ ամիսներուն» կը կարդանք վերոնշեալ նամակին մէջ, ուր ընդգծուած է նաեւ՝ թէ «անժխտելի է, որ վիրուսը մեզ հեռացուց եւ մեզ կղզիացուց նաեւ մէկը միւսէն. Մղուած ենք մերձաւորը դիտելու ոչ թէ որպէս Աստուծոյ պատկեր, այլ որպէս սպառնալիք, վիրուսի հաւանական մէկ կրող»։

«Ի տես այս տագնապին ու այլ «նողկալի իրադարձութիւններուն» որ աշխարհը կարող է դիմագրաւել նաեւ յետագային, ակնյայտ կը դառնայ՝ թէ «մարդկութիւնը առանց Աստուծոյ սահմանուած է պարտութեան»։ Եւ ապագային համար ճակատագրական պիտի ըլլայ եթէ մտածենք թէ Աստուած ոչ մէկ կապ ունի վիրուսին հետ, մեր հիւանդութիւններուն հետ ու մեր կարիքներուն հետ, կարծես թէ Ան ոչ մէկ բան կարող է ընել։ Ընդհակառակը՝ Աստուած մեզի մօտիկ է ու Յիսուսի միջոցաւ իր վրայ առաւ մեր բոլոր չարիքները, ու նոյնինքն մեղքը՝ որ ամենավատ ժահրն է։ Ասոր համար Յիսուս դարձաւ լաւագոյն հակաթիւնը ի դէմ աշխարհի բոլոր դժբախտութիւններուն։ Եւ ասոր համար է որ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ վստահելու Անոր, մեզ կը քաջալերէ աղօթելու ու հայցելու Անոր օգնութիւնը եւ աղօթելու նաեւ Անոր Մօր՝ Մարիամին որ մշտապէս մարդկութեան վրայ կ՛ուղղէ իր հայեացքը, յատկապէս ամենախաւար պահերուն», նշուած է նամակին մէջ, ուր նաեւ ընդգծուած է այն իրականութիւնը թէ Տիրամայրը վերջին 200 տարներու ընթացքին բազմիցս երեւցաւ աշխարհի տարբեր ցամաքամասերուն մէջ հռչակելու համար խաղաղ եւ ուրախ ապագայ մը, պայմանով՝ որ մարդիկը դարձի գան։

Նամակին կցուած է նաեւ Տիրամօր նուիրուած յատուկ յանձնումի աղօթք մը՝ ուր ի մէջ այլոց կը կարդանք «Մարիամ, իմ Մայրս…քեզի կու գամ իմ սրտիս մէջ պարունակուած բոլոր իղձերով եւ սպասումներով…Դուն եղիր մեր մայրը մեզ օրհնէ ու պահպանէ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2020, 07:51