Որոնել

Եւրոպայի ամենատարեց կին 117 ամեայ Քոյր Անտրէ Եւրոպայի ամենատարեց կին 117 ամեայ Քոյր Անտրէ 

117 ամեայ Քոյր Անտրէի շնորհաւորութիւնները երիտասարդ Ռատիօ Վատիկանին։

Ռատիովատիկանի 90 ամեակին առիթով ուղղուած շնորհաւորութիւններու շարքին, բոլորի ուշադրութիւնը գրաւեց ձայնասփիւռի յատուկ ունկնդրող՝ Եւրոպայի ամենատարեց կին 117 ամեայ քոյր Անտրէի շնորհաւորանքները։
Ունկնդրէ լուրը

«Ռատիօ Վատիկան։ Շնորհաւոր տարեդարձ։ 90 տարեկա՞ն…բայց երիտասարդ ես»։ Այս խօսքերով է, որ  եւրոպայի ամենատարեց կին 117 ամեայ քոյր Անտրէն իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Քահանայապետական Ձայնասփիւռին։

Քոյր Անտրէն ինք եւս 11 փետրուարին կը նշէ իր տարեդարձը, Ռատիովատիկանի տարեդարձին նախօրեակին։ Աշխարհի բոլոր լրատուամիջոցները յատուկէն անդրադարձան իր մասին տրուած ըլլալով, որ քոյր Անտրէն վարակուած ըլլալով Քորոնաժահրէն առողջացաւ ու հակառակ իր այս ալեհեր տարիքին  կը շարունակէ պահպանել զուարթ եւ աշխոյժ ոգի, որ իր սնունդը կը քաղէ ծերանոցի միւս հիւրերուն հետ իր մշակած բարեկամութենէն եւ Ռատիօ Վատիկանի ունկնդրութենէն, որ անոր առջեւ կը բանայ աշխարհի վրայ պատուհան մը ու իր առօրեային կը շնորհէ աղօթքի օրակարգ։

Քոյր Անտրէի ձայնը

1904-ի ծնունդ եւ Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաոլի միաբանութեան անդամ Քոյր Անտրէ ականատես եղաւ  համաշխարհային երկու պատերազմներուն եւ ապրեցաւ 10 քահանայապետերու քահանայապետութեան տակ։

Բողոքական ընտանիքի զաւակ քոյր Անտրէ 19 տարեկանին կը դառնայ կաթողիկէ բայց միայն 40 տարեկանին է, որ կ՛որոշէ մաս կազմել կրօնական միաբանութեան։ Ան 28 տարիներ ամբողջ կը սպասարկէ  Վիքիի հիւանդանոցին մէջ, հոգ տանելով տարեցներուն եւ որբերուն եւ 2009-ին՝ 105 տարեկանին կը քաշուի Ֆրանսայի Թոլոն քաղաքի Սանթա Քաթերինա Լապուրէ անուամբ տարեցներու հանգստեան տուն։

Երկու տարիներ առաջ կրօնաւորուհին յատուկ նուէր մը ստացած էր Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ. վարդարան մը՝ իր 115-րդ տարեդարձին առիթով։

Ռատիովատիկանի 90 ամեակին առթիւ իր յղած ձայնիւ հակիրճ պատգամին մէջ Քոյր Անտրէ կը խնդրէ աղօթել իրեն համար, վստահեցնելով որ ինք եւս պիտի աղօթէ մեզի համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2021, 12:54