Որոնել

Զմմառու վանքը Զմմառու վանքը 

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսի մամլոյ հաղորդագրութիւնը։

Առ այսօր, ընտրութիւնը տակաւին չէ իրականացած։

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Նուիրապետութեան Հայրերը, որոնք՝ յետ առ Տէր փոխման երջանկայիշատակ Տ․Տ․ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքի Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ՝ հաւաքուեցան, 22 Յունիս 2021 թուականէն սկսեալ, Պատրիարքական Աթոռ՝ Զմմառու Տիրամօր Վերափոխման պատմական վանքին մէջ ընտրական Սիւնհոդոսի համար, այսու կը յայտարարեն հանրութեանոր, առ այսօր, ընտրութիւնը տակաւին չէ իրականացած։

Յետ տասնհինգօրեայ այս առաջին հանգրուանին, գործընթացը պիտի վերսկսի յաջորդելիք հանգրուանին մինչեւ ցնոր տնօրինում։

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Դիւանը տեղեակ պիտի պահէ հանրութիւնը յաջորդական զարգացումներու մասին։

Զմմառ, 07 Յուլիս 2021

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2021, 09:56