Զմմառու մայրավանքը` Պատրիարքական աթոռ Զմմառու մայրավանքը` Պատրիարքական աթոռ 

Սպասելով Նոր Կաթողիկոս Պատրիարքին (2) եկեղեցական եւ ծիսական մտորումներ

Հաւատացեալ եւ կղեր, բոլորին աչքերը բարձրացած են առ Սուրբ Հոգին Աստուած, որ դարձեալ փրկէ իր ընտրեալ ժողովուրդին մէկ անբաժան մասնիկը, տալով անոր հայր մը, որ պիտի սիրէ եւ առաջնորդ մը որ պիտի հովուէ։

Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք

Վատիկանեան Բ. Ժողովը Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար աստուածաբանական վարդապետական եւ եկեղեցաբանական վերարժեւորումի պահ մը եղաւ։ Եկեղեցին, գործելակերպի, մտածելակերպի, վարուելակերպի, ինչպէս նաեւ ծիսակատարութեան եւ հաւատքի հանդիսադրումի վերանորոգութեան եւ յարաճուն բիւրեղացման յառաջխաղացքի ճանապարհին վրայ դրաւ ինքզինք, վստահելով Սուրբ Հոգիին, որ կ՚ապրի եւ կը գործէ հաւատացեալներուն մէջ։ Երկրի վրայ եւ մարդկութեան դիմաց իր պատմական պատասխանատուութիւնը քննեց որպէս նուիրապետութիւն եւ ընկերային հասարակութիւն, ապա եզրակացութիւններ կատարեց այն ինչ որ Աւանդութիւնն ու աւանդութիւնները Աստուծոյ Խօսքին կողքին մինչեւ այսօր մեզի փոխանցեցին։

Այն ինչ որ վանական, ակադեմիական եւ աստուածաբանական շրջանակներու մէջ տարիներէ ի վեր կը հասուննար, Տիեզերական Ժողովը վերաքննեց եւ որպէս համադրուած ամբողջութիւն մը ներկայացուց հաւատացեալներուն եւ աշխարհին։

Այս եզրակացութիւններուն որպէս արդիւնք՝ 1963-էն 1965-ի միջեւ հրատարակուեցան չորս Սահմանադրական Վաւերաթուղթեր, որոնք խօսեցան Աստուծոյ Խօսքին եւ Եկեղեցւոյ ծիսական, նուիրապետական եւ ընկերային կեանքին մասին։

Հրատարակուեցան 9 վճիռներ, որոնցմէ է Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու վերաբերեալ վճրագիրը, որ ի լոյս ընծայուեցաւ 21 Նոյեմբեր 1964-ին։ Այս վճրագիրին մէջն է (թիւ 7-11), որ կը համադրուի Արեւելեան Պատրիարքական Եկեղեցիներու պետերուն իրաւունքները եւ կը կատարուի եկեղեցաբանական նկարագիրին վերհաստատումը, նշելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ իրենց ունեցած արժէքը եւ պարտականութիւնները։ Հոն կը վերյիշուի Պատրիարքներու միջեւ հաւասարութիւնը, անխախտ պահելով աւանդութիւնը, մանաւանդ «անոնց միջեւ օրինաւորապէս հաստատուած պատուոյ նախակարգութիւնը»։

Պատրիարքը Հայր է եւ Գլուխ, կ՚ըսէ Վատիկանեան ժողովին այս վճիռը, հաստատելով քրիստոնէութեան առաջին դարերէն իսկ եկած սկզբունքը։

Պատրիարքին իրաւունքները «Նախնական աւանդութիւններու եւ Տիեզերական Ժողովներու վճիռներուն համաձայն» վերհաստատելու հրաման կը տրուի, սակայն յարմարցնելով «այսօրուան պայմաններուն»։ Պատրիարքներուն կը յանձնուի նախագահել իրենց Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին եւ անոր հետ մատակարարել եկեղեցական հարցերը մանաւանդ «պատրիարքական հողերու սահմաններուն մէջ»։ Յատուկօրէն կը յիշուի որ Պատրիարքին ամենակարեւոր պարտականութիւններէն մէկն է, ինչպէս կ՚ըսէ Վճիռը «կարգաւորել՝ սրբազան ծիսակատարութիւններու ընթացքին լեզուներու գործածութիւնը» (թիւ 23)։

Այսպէսով՝ Պատրիարքին հիմնական պարտականութիւնը կը դառնայ իր Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսին նախագահել եւ նոյն Եկեղեցւոյ աշխարհատարած հաւատացեալներուն ծիսական կեանքը մատակարարել։

Այս կարեւոր գիծերն են, որոնք յետագային կողմնացոյց եղան Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրքին շարադրութեան, որ հրատարակուեցաւ 1990-ին։

Կանոն Գահակալութեան Կաթողիկոս Պատրիարքի

Այլ է խորհրդածել այն արարողութեան մասին, որ է «Պատրիարքական Օրհնութիւն» եւ որ հրատարակուած կը գտնուի՝ 1917-ին Կ. Պոլիս տպուած Քահանայապետական Մաշտոցին մէջ։

«Պատրիարքական Օրհնութիւն»ը Մաշտոցին մէջ կը կոչուի նաեւ «Կանոն Գահակալութեան կամ Քօղադրութեան Նորընտիր Պատրաիարքի»։

Ըստ յառաջաբան խրատին այս է կանոնական գահակալութեան արարողութիւնը եւ «ա՛յս միայն՝ կանոնական գահակալութիւն համարեալ է» ։ Անմիջապէս յաւարտ ընտրութեան եւ Սուրբ Աթոռին հաստատութենէն ետք Պատրիարքական աթոռին վրայ բազմիլը չէ, ինչպէս խրատը կը գրէ «եւ ոչ այն լոկ բազմիլն յաթոռ, որ յաւարտ ընտրութեան կատարի»։

Ուստի «Պատրիարքական Օրհնութիւն»ը, Պատրիարքի տիտղոսին, անոր պատմական պարտականութեան, հովուական պատասխանատուութեան եւ եկեղեցական կանոնական նկարագրին համաձայն, պարտի ըլլալ հանդիսաւոր, հաւատացեալներու մեծ թիւով մասնակցութեամբ եւ բնական պատմական վայրին՝ Սրբոյ Կուսին Վերափոխման Վանքին մէջ (Զմմառ, Լիբանան) ուր կը գործէ Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը իր Պատրիարքական Փոխանորդութիւնն ու Վարչութիւնը։

Ոսկեթել քօղն ու պատրիարքական գաւազանը

Գահակալութեան խրատը կ՚ըսէ թէ Արքեպիսկոպոսները եւ Եպիսկոպոսները «խոնարհեցուցանեն» ընտրեալը եւ անոր գլխուն վրայ կը բռնեն «ոսկեթել քօղն իբրեւ հովանի ի վերայ ընտրելոյն» ապա կը ձգեն զայն մինչեւ ընտրեալին ճակատը։

Այս արարողութեամբ, տեսանելիօրէն Սիւհոդոսական Հայրերը կը ծածկեն ընտրեալին խոնարհութիւնը։ Այս պահուն խորհրդաւոր կերպով տեսանելի կ՚ըլլայ Սուրբ Պօղոսի խօսքը որ կ՚ըսէ. «ամէն մարդու գլուխը Քրիստոսն է» (Ա. Կորնթ 11, 3)։

Ապա ընտրեալին կը յանձնեն Պատրիարքական գաւազանը որմէ ետք ոտքի կը կանգնի եւ Սիւհոդոսական Հայրերէն երկու հոգի անոր թեւէն մտնելով զինք կ՚ուղղեն մինչեւ Աթոռ ուր կը նստեցնեն զինք եւ «մատչին ի համբոյր աջոյ նորին»։

Կը խոնարհի, անոնք կը քօղարկեն անոր խոնարհութիւնը։

Գաւազան կը տրուի անոր, սակայն թեւէն կը մտնեն առաջնորդելու համար զինք մինչեւ Աթոռ։

Եկեղեցւոյ հոգին թարգմանող այս խորհրդաւոր ծիսակատարութիւնը աննման թարգմանը կը հանդիսանայ քրիստոսանմնան առաջնորդի հոգեւոր նկարագրին։

Աւանդաբար, այս հանդիսաւոր Օրհնութեամբ է, որ Կաթողիկոս Պատրիարքը կը սկսի վերոյիշեալ իր բոլոր պարտականութիւններուն պատասխանատուութիւնը ստանձնել եւ իրաւունքներուն միջոցաւ՝ լաւագոյնս ծառայել իր հօտին։

Այս հանդիսաւոր արարողութեամբ, Սիւհոդոսական Հայրերը միասնաբար անոր կը յանձնեն Պատրիարքական գաւազանը որպէսզի ան ասկէ ետք ամէն հանդիսաւոր առիթին կրէ ի տես ժողովուրդին, որ հեռուէն ու մօտէն պիտի նկատէ անոր ծառայական իշխանութիւնը եւ գործակցին Աստուծոյ Արքայութեան կառուցման եւ որպէս Եկեղեցւոյ անդամ՝ միասին պիտի վայելեն Փեսային ուրախութեան։

Հայր Վարդան Ծ. Վ. Գազանճեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2021, 08:16