Աբրահամ Արծիւեան Ա. Կաթողիկոս Պատրիարքը Աբրահամ Արծիւեան Ա. Կաթողիկոս Պատրիարքը 

Տ. Աբրահամ Կաթողիկոս Պատրիարքի 21-րդ յաջորդը սպասելով մի քանի անդրադարձ

Հաւատացեալ եւ կղեր, բոլորին աչքերը բարձրացած են առ Սուրբ Հոգին Աստուած, որ դարձեալ փրկէ իր ընտրեալ ժողովուրդին մէկ անբաժան մասնիկը, տալով անոր հայր մը, որ պիտի սիրէ եւ առաջնորդ մը որ պիտի հովուէ։

Հայր Վարդան Ծ. Վ. Գազանճեան

Առաջին դարերուն, հայ ժողովուրդը աւետարանելու գլխաւոր դերը կատարած են Առաքեալները, ըստ աւանդութեան, եւ անոնց քարոզչութեան սերմերը ապրած են մինչեւ մօտ 301 թուական։ Առաքեալները եղած են առաջին հովիւները հայոց համար, նմանութեամբ միակ կատարեալ Հովիւին, որ էր Յիսուս Քրիստոս։ Ապա հայոց թագաւորութիւնը քրիստոնեայ հաւատքը ընդունած է եւ այսպէսով, Ազգային պատմագրութեան վկայութեամբ, հայերը դարձած են Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած ընտրեալ ժողովուրդ մը։

Նորակազմ Հայաստանեայց Եկեղեցին, աշխարհագրական այդ ժամանակաշրջանին իրականութեան այլ կառոյցներուն պէս, Մետրոպոլտական նուիրապետութիւն մը կազմած է, հետեւելով Կեսարիոյ եկեղեցական գլխաւորութեան։ Նոյն թուականներուն Հայոց Եկեղեցւոյ գլուխն ու առաջնորդը սկսած է կոչուիլ Կաթողիկոս, որովհետեւ իր աշխարհագրամասին մէջ եկեղեցական կեանքը ինք տնօրինած է եւ հարցերը ինք մատակարարած։

373 թուականին Պապ թագաւոր կը սպանէ Մեծն Ներսէս Կաթողիկոսը եւ Հայ Եկեղեցին Կապաթովկեան Եկեղեցիէն կը հեռացնէ։ Խորենացի կը վկայէ թէ այս տխուր տարիները կը տեւեն մինչեւ Մեծն Ս. Սահակ, որ նկատելով Կ. Պոլսոյ յարաճուն ազդեցութիւնը շրջանին մէջ, լաւ յարաբերութիւններ առաջարկելով, պաշտպանութիւնը կը խնդրէ եւ կը յաջողի ստանալ զայն Կ. Պոլսոյ Պատրիարքէն եւ Բիւզանդիոնի կայսրէն։

Գիւտ Կաթողիկոսի օրով (461-478) Հայ Եկեղեցւոյ կառոյցին մէջ կը յայտնուին ինքնավառ Եկեղեցիի մը յատկութիւնները։

Գալով Կաթողիկոսի ընտրութիւններուն, Հայ Եկեղեցւոյ առաջին շրջանին մեծամեծներու խորհուրդն էր որ կ՚ընտրէր Եկեղեցւոյ գլուխը։ Արշակունիներու այդ ժամանակաշրջանին Հայոց Կաթողիկոսը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր ազգային եւ ընկերային կեանքին մէջ, մինչեւ իսկ թագաւորին հաւասար պատիւներու կ՚արժանանար։ Իսկ արշակունիներու անկումէն ետք հայ իշխաններն էին որ կ՚՚ընտրէին, ըստ Ղազար Փարպեցիի։ Երբեմն ալ, ըստ ներքին եւ արտաքին քաղաքական պայմաններուն, անուանումը կը խնդրէին Պարսից թագաւորէն։ Գիւտ կաթողիկոսի պարագային դարձեալ հայ իշխաններուն կը դառնայ ընտրութեան իրաւունքը։ Այս պիտի ըլլար ընտրութեան ձեւը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։ Կղերն ու աշխարհականները պիտի որոշէին այն անձը որ պիտի հովուէր Հայ Եկեղեցին եւ ազգային համայնքային կեանքին մէջ պիտի ունենար իր կարեւոր խօսքը։

Կաթողիկոսը, կամ անձնապէս եւ կամ ալ իր շուրջ հաւաքուած Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսով կը մատակարարէր հոգեւոր եւ եկեղեցական հարցերը։ Ինչպէս յայտնի է 6-րդ դարուն, Ներսէս Բ. Բագրեւանդացի Կաթողիկոսի օրով, երբ Դուին կը կանչէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը, որպէսզի հերետիկոսութիւններու դէմ դնեն։ Անոնք կը հետեւէին «Առաքելականք Կանոններուն» (թիւ 35), ուր կը հրամայուէր որ «երկիցս ի տարւոջ ժողով լիցի եպիսկոպոսաց եւ քննեսցեն առ միմեանս զհրամանս բարեպաշտութեանն եւ զպատահեալն եկեղեցական ընդդիմաբանութեանս՝ լուծցեն»։

Արդէն 4-րդ դարուն Սիւնհոդոսը ունէր օրէնսդիր իշխանութիւն։ Սակայն Կաթողիկոսն ալ առանձին կը վայելէր այդ նոյն իշխանութիւնը ինչպէս Ս. Սահակ կամ Ս. Յովհան Մանդակունի։ Անոնք եկեղեցականներու եւ հաւատացեալներու կեանքին համար քահանայական կեանքի եւ քրիստոնէական եկեղեցական կարգապահական օրէնքներ շարադրեցին, ծէսը կազմաւորեցին, լաւագոյնս մատուցին իրենց ժողովուրդին, որպէսզի կղեր ու հաւատացեալ միասին կարենան աղօթել, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Լամբրոնացին ու Շնորհալին։

Այս բոլոր համառօտ անդրադարձնելը ցոյց կու տան մեզի թէ ինչպէս Հայ ժողովուրդի հովութեան պարտականութիւնը իսկապէս Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Առաքելական աւանդութեան հաւատարիմ գործադրութեամբ մը սկսած է գործել եւ շարունակած է հաւատարմութեամբ մինչեւ օրս։

Հայոց Եկեղեցին ճանչցած է ծանր պահեր եւ ուրախ բերկրանքի օրեր։ Անոր գոյատեւումը մինչեւ 21-րդ դար, իր զանազան բաժանումներով, որպէս քրիստոնեայ առաջին թագաւորութիւն, մինչեւ այսօր կը հանդիսանայ յատուկ վկայութիւնը ամբողջ Եկեղեցւոյ համար։ Հայ Եկեղեցին այս հաւատարիմ վկայութիւնը կը պարտի ամէն հայ հաւատացեալի, ամէն մկրտեալի, ճգնաւորի, սուրբի եւ նահատակի։ Բայց մանաւանդ կը պարտի այդ անփոխարինելի մեծ Առաջնորդ Կաթողիկոսներուն ու Պատրիարքներուն, որոնք պատմութիւնը շինեցին եւ անգամ մը եւս փաստեցին թէ իսկապէս Հայ հաւատացեալ ժողովուրդը ընտրեալ ժողովուրդ մըն է, այն իմաստով որ Աստուծմէ սիրուած ժողովուրդ մըն է եւ ասոր համար արժանացած է սրբակեաց հովիւներու։

Սրբակեաց հովիւներու շարքին էր նաեւ Տ. Աբրահամ Արծիւեան՝ Հալէպի Արքեպիսկոպոսը, որ 1718-ին, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին՝ Հռոմի Պապին ուղղուած հաւատարմութեան եւ հաղորդութեան նամակին իր ստորագրութիւնն ալ աւելցուց։ Այս նամակը գրուած էր Հալէպի Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներու կողմէ։

Անոնք մի քանի տարի ետք պիտի ընտրէին Տ. Աբրահամ Արքեպիսկոպոսը որպէս զատ հասարակութեան մը գլուխը եւ առաջնորդը։ Իսկ Սուրբ Աթոռը 1742-ին, Աբրահամ Արքեպիսկոպոսը պիտի հրաւիրէր Հռոմ եւ անոր յանձնէր Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն հօտը։ Այսուհետեւ Կաթողիկոս եւ Պատրիարք, Տ. Աբրահամ 1749-ին իր աչքերը պիտի փակէր եւ առ Հայր փոխադրուէր։ Անոր մարմինը պիտի ամփոփուէր Լիբանանի Քէսէրուան շրջանի Քրէյմ գիւղին Հայ վանքին մէջ։ Անոր աճիւնները պիտի փոխադրուէին Զմմառու վանքի Կաթողիկոս Պատրիարքներու դամբարանը 1984-ին։

1738-ին, դարձեալ Հալէպի մէջ, Օսման փաշա Տիրեքլիօղլուի միջամտութեամբ, Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալները, քաղաքին մէջ Օսմանեան դատաւորին հրամանով, կը յաջողին ձեռք ձգել Սրբուհի Մարիամ եկեղեցին, ուր կարելի պիտի ըլլար իրենց յատուկ պաշտամունքը կատարել եւ օրինաւոր կերպով հանրութեան առջեւ հաւաքուիլ որպէս հասարակութիւն։ Սակայն պիտի սպասենք մինչեւ 1830 թուականը, որպէսզի Բարձր Դուռը, այսինքն Սուլթանը ընդունի Հայ Կաթողիկէ հասարակութիւնը որպէս զատ համայնք եւ պաշտօնապէս նշանակէ ազգապետ մը եւ ընդունի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդը որպէս պետ այս համայնքին։

17 Յունուար 1739 թուական նամակով Հալէպի հասարակութիւնը դարձեալ կը հրաւիրէ Տ. Աբրահամ Արքեպիսկոպոսը Հալէպ եւ Բարձր Դուռէն հրաման կը խնդրէ ընտրելու անոր յաջորդը Բերիոյ Թեմին համար։ Պատմութիւնը կը վկայէ թէ կղերն ու համայնքին մեծամեծները հաւաքուեցան եւ Տ. Աբրահամ Արքեպիսկոպոսին համաձայնութեամբ ընտրեցին Տէր Յակոբ Մուրատեանը որպէս յաջորդ եւ Առաջնորդ Հալէպի Կաթողիկէ Հայոց։

Նոյն օրը, Հալէպի հասարակութիւնը ուրիշ նամակով մը կը խնդրէր Սուրբ Աթոռէն, որ Տ. Աբրահամ Արքեպիսկոպոսը նշանակուի Կաթողիկոս Պատրիարք Կաթողիկէ Հայոց։ Շատ չանցած, Տ. Աբրահամ Արք., Ֆրանսայի Դեսպանին պաշտպանութեամբ կը յաջողի վերադառնալ Հալէպ եւ 1740-ին եպիսկոպոս ձեռնադրել Տ. Յակոբ Մուրատեանը եւ նշանակել զինք որպէս իր օգնականը։ Նոյն տարին եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ Տ. Սահակ Բարսեղեանն ու Տ. Մելքոն Թուհմանեանը, միշտ Սրբուհի Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ, որ ժամանակին կը պատկանէր Վենետիկի Հանրապետութեան։ Նոյն տարւոյն Նոյեմբերին, Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները կը ժողովուին եւ պաշտօնապէս կ՚ընտրեն Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան գլուխն ու հայրը։ Ասիկա կ՚ըլլայ համայնքին առաջին ընտրական ժողովը։ Այս ընտրական ժողովէն մեզի հասած վաւերաթուղթը լաւագոյն վկայութիւնը կրնայ տալ այդ օրերուն Սիւնհոդոսական վճիռի հոգիին, որով Տ. Աբրահամ Արք. ընտրուեցաւ որպէս Հայ Կաթողիկէ առաջին Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Գրութիւնը կը սկսի Սուրբ Երրորդութեան անոնով՝ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Ոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն»։

Ապա կը շարունակէ այս բառերով, եւ կու տանք վճիռը ամբողջութեամբ.

«Կամօք եւ կարողութեամբ Աստուծոյ, մեք Քրիստոսի հետեւեալ ծառայքս, որք գրեցեալ եւ կնքեցեալ եմք ի ներքոյ գրոյս, կամաւ մերով եւ յօժարութեամբ սրտից մերոց ընտրեցաք եւ հաճեցաք լինել ի վերայ մեր իշխող եւ Պատրիարք զԳերապայծառ զԱրհիեպիսկոպոս Տէրն զՏէր Աբրահամ Աստուածաբանութեան Վարդապետն, ի վերայ Հռոմկլայ կոչեցեալ Աթոռոյն, որ էր նախկնագոյն Աթոռ Հարցն մերոց ուղղափառաց կաթուղիկոսաց։ Վասն որոյ մեք անարժանքս նորին սրբոյ իշխանութեան հնազանդ եւ հպատակ ամենից իրաւանց եւ դատաստանացն եւ որ ինչ պատկանի պատրիարքարանի իշխանութեան նորին, թէ հոգեկանաց եւ թէ մարմնականաց ոգւով չափ հնազանդ, նախ քան զհաստատութիւն եւ զկնի հաստատութեան անզանազան եւ անխախտ ուխտիւ եւ երդմամբ։ Եւս պարտաւորեմք զանձինս ուսուցանել միշտ զսուրբ հաւատն Հռոմէական եւ Առաքելական Եկեղեցւոյն, եւ մնամք մինչեւ ի մահ ի վերայ այս դիտաւորութեանս։ Ձեռնադրեցաք եւ օծեցաք Պատրիարք Հայոց»։

Եպիսկոպոսները կը փակեն այս վճիռը ըսելով. «Օգնեսցէ մեզ Տէր եւ Սուրբ Աւետարանս»։ Բերիոյ Մարտինի եւ Քիլիսի Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները կը կնքեն ու կը ստորագրեն վաւերաթուղթը՝ 26 Նոյեմբեր 1740-ին։

281 տարի ետք, Սուրբ Աթոռի հովանաւորութեամբ, նոյն Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց դասի յաջորդները կը ժողովուին Հռոմի մէջ, 20 Սեպտեմբերէն սկսեալ, որպէսզի ընտրեն Տ. Աբրահամ Կաթողիկոս Պատրիարքի 21-րդ յաջորդը։

Եկեղեցական կեանքը այս 281 տարիներուն ընթացքին շատ փոխուած է։ Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովը մանաւանդ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար աննման անկիւնադարձ մը եղած է միջ եկեղեցական եւ միջ քրիստոնէական յարաբերութիւններու մէջ։

Հաւատացեալ եւ կղեր, բոլորին աչքերը բարձրացած են առ Սուրբ Հոգին Աստուած, որ դարձեալ փրկէ իր ընտրեալ ժողովուրդին մէկ անբաժան մասնիկը, տալով անոր հայր մը, որ պիտի սիրէ եւ առաջնորդ մը որ պիտի հովուէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2021, 09:06