Որոնել

Արհ. Մանուէլ  Եպս. Պաթագեան Արհ. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան 

Հոգին աւանդեց առ Հայր` Արհ. Մանուէլ Եպս. Պաթագեան։

Ան մեծ անձնուիրումով եւ անխոնջ նուիրուածութեամբ ծառայած է իրեն յանձնուած հօտին, ջանք չխնայելով ի նպաստ Աստուծոյ Արքայութեան կերտումին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս:
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Սրտի մեծ կսկիծով իմացանք որ այսօր առաւօտեան Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանէն ներս երկար հիւանդութենէ մը ետք իր մահկանացուն կնքեց Արհ. Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթագեանը։

Ան մեծ անձնուիրումով եւ անխոնջ նուիրուածութեամբ ծառայած է իրեն յանձնուած հօտին, ջանք չխնայելով ի նպաստ Աստուծոյ Արքայութեան կերտումին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիէն ներս:

Գերապայծառ Պաթագեան ծնած էր Գոգինիա (Յունաստան) 5 նոյեմբեր 1929ին։ Քանի մը տարի Զմմառու կղերանոցը անցընելէ ետք` ուղարկուած է Լեւոնեան Ք. Վարժարան 1946ին։

Քահանայ ձեռնադրուած է` 8 դեկտեմբեր 1954ին Հռոմի մէջ անդամակցելով Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան ապա մեկնած է Պէյրութ ուր ծառայութիւն մատուցած է տարբեր ժողովրդապետութիւններուն մէջ։ 1978էն մինչեւ 1984 Ան եղած է Պատրիարքական Փոխանորդ` որպէս Զմմառու վանքի մեծաւոր ապա պաշտօնավարած է Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ թեմէն ներս։ 1990-ին նշանակուած է Հռոմի Քահանայապետական վարժարանի մեծաւոր։

Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է` 12 մարտ 1995-ին ձեռամբ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան կաթողիկոս Պատրիարքին, դառնալով Պէյրութի Թեմին օգնական եպիսկոպոս։ 30 նոյեմբեր 2000 թուականին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի Թեմին առաջնորդ, ուր իր ծառայութիւնը մատուցեց մինչեւ իր տարիքի բերումով հրաժարականը` 2011 թուականին։

Վերջին տարիներուն փոխադրուած էր Լիբանան ուր հակառակ յառաջացած տարիքին շարունակած է մեծ նուիրումով ծառայել իր համայնքին։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ Եղիցի։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2021, 10:57