Որոնել

Պէյրութի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Թեմական Սիւնհոդոսի բացումը։ Պէյրութի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Թեմական Սիւնհոդոսի բացումը։ 

Պէյրութի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Թեմական Սիւնհոդոսի բացումը։

Ո՜վ Ս. Հոգի, դուն որ նոր լեզուներ կը պարգեւես, եւ մեր շրթունքներուն վրայ կեանքի խօսքեր կը դնես, պահէ մեզ, որպէսզի չդառնանք թանգարանի նման եկեղեցի մը՝ գեղեցիկ սակայն լուռ, պայծառ անցեալով, սակայն սակաւ ապագայի տեսիլքով:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 հոկտեմբեր 2021ի առաւօտեան Պէյրութի Զալքայի Սուրբ Խաչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագով Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկապոս Ասատուրեանը, ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչին, որ անցեալ շաբաթ Վատիկանի մէջ բացումը կատարած էր Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, իր կարգին բացումը կատարեց նոյն նիւթին նուիրուած Թեմական Սիւնհոդոսին, որ պիտի տեւէ երկու տարի ու իր աւարտին պիտի հասնի Վատիկանի մէջ գումարուելիք եպիսկոպոսական ընդհանուր հաւատքով` 2023ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։ 

Սիւնհոդոսի բացման պատարագ
Սիւնհոդոսի բացման պատարագ

Արհիապատիւ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ներկաներուն բացատրեց այս սիւնհոդոսին կապակցութեամբ Սրբազան Քահանայապետին նպատակը, ի մէջ այլոց ըսելով. «Հոկտեմբերի 10էն սկսեալ ընթացք առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ գումարուած նոր սիւնհոդոս մը, որուն նպատակն է միութիւնը, մասնակցութիւնը եւ առաքելութիւնը»։ Միասին պիտի քալենք հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ նոր սիւնհոդոսի ուղեւորութեան մէջ, որ կը ներգրաւէ մեզ բոլորս» ըսաւ Ան քաջալերելով ներկաները իրենց կարգին մասնակցելու եկեղեցւոյ այս կարեւոր ուղեւորութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէրը քարոզին աւարտին հայցեց Սուրբ Հոգիին գալուստը արտասանելով հետեւեալ աղօթքը։

Ո՜վ Ս. Հոգի, դուն որ նոր լեզուներ կը պարգեւես, եւ մեր շրթունքներուն վրայ կեանքի խօսքեր կը դնես, պահէ մեզ, որպէսզի չդառնանք թանգարանի նման  եկեղեցի մը՝ գեղեցիկ սակայն լուռ, պայծառ անցեալով, սակայն սակաւ ապագայի տեսիլքով:

Եկուր մեր մէջ եւ թոյլ մի տար որ սինհոտոսի ընթացքին յուսահատութիւն խեղդէ մեզի, եւ մեր հաւաքը վերածուի ապարդիւն վիճաբանութիւններու շարքի մը: 

Եկուր ով սիրոյ Հոգին եւ բաց մեր սրտերը քեզ լսելու համար:

Եկուր ով սրբութեան Հոգի եւ նորոգէ Աստուծոյ ժողովուրդը:

Եկուր ով ստեղծագործ Ս. Հոգի եւ նորոգէ երկրի երեսը: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2021, 15:09