Որոնել

Ծիսական Գիտելիքներ Ծիսական Գիտելիքներ 

Եկեղեցական Գիտելիքներ 6-րդ Շաբաթ Յիսնակաց 26 Դեկտեմբեր 2021 – 1 Յունուար 2022

Շաբաթ 1 Յունուար 2022` Կաղանդ է, որ կը նշանակէ տարուան առաջին օրը։ Քրիստոնեաները կը տօնեն այդ օր Յիսուսի տնօրէնութեան, կամ անուանկոչութեան տօնը։
Ունկնդրէ լուրը

Յիսնակաց 6-րդ շաբաթը խոնարհութեան շաբաթն է որով Յիսուս կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել թէ Աստուած կը նախընտրէ խոնարհ սրտերը եւ անոնց կու տայ առատօրէն իր շնորհքները, իսկ ամբարտաւաններուն` կը զլանայ իր շնորհքը եւ անոնք երբեք կարող չեն հաճելի ըլլալու իրեն։ Փաստ փարիսեցիին եւ մաքսաւորին պատմութիւնը, ուր յստակօրէն կ՛երեւի թէ որուն կ՛երթայ Քրիստոսի նախընտրութիւնը։ Ան աւելի կը գնահատէ մեղքերով լի մաքսաւորին խոնարհ աղօթքը քան թէ օրէնքի պաշտպան ու բծախնդիր կերպով գործադրող, ամէնուն բարի օրինակ տուող փարիսեցիին ինքնաքով եւ ամբարտաւան աղօթքը։ Նոր վարդապետութիւն մըն է Քրիստոսինը, որ իբրեւ օրինակ կը դնէ մեր առջեւ ընկերութենէն արհամարհուած` բայց Տիրոջմէ սիրուած ու գնահատուած անձեր, իրենց պարզ ու խոնարհ ընթացքին համար։

Երկուշաբթի 27 Դեկտեմբերին` աշխարհի բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ – իսկ Հայերու մօտ` 25-ին – կը տօնուի Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնը. Ան առաջինը հանդիսացաւ որ Քրիստոսի համար իր կեանքը զոհեց եւ մեռաւ քարկոծուելով հրեաներու կողմէ, երբ կը քարոզէր Աւետարանը։

Երեքշաբթի 28 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու գլխաւոր առաքեալները, Պետրոս եւ Պօղոս։ Պետրոս կը կոչուէր Սիմոն եւ Յիսուս զինք անուանեց Պետրոս, որ կը նշանակէ ժայռ, որով իր հաւատքին վրայ հիմնեց իր Սուրբ Եկեղեցին։ Իսկ Պօղոս դարձի եկաւ երբ կը հալածէր քրիստոնեաները, Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Ան հանդիսացաւ այն առաքեալը որ Քրիստոսի պատգամը տարածեց ամբողջ աշխարհին վրայ։ Պետրոս եւ Պօղոս նկատուած են որպէս գլխաւորները Քրիստոսի առաքեալներուն։ Անոնք եկան Հռոմ եւ երկուքն ալ նահատակուեցան սոյն քաղաքին մէջ։ Պետրոսի գերեզմանը կը գտնուի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի աւագ խորանին ներքեւ, իսկ Ս. Պօղոս, որ գլախատուած էր Հռոմէն դուրս, թաղուած է Սուրբ Պողօսի Պազիլիքայի խորանին ներքեւ։

Հինգշաբթի 30 Դեկտեմբերին` տօնն է երկու առաքեալ եղբայրներուն` Յովհաննէս եւ Յակոբ, որոնք կոչուած են Եկեղեցւոյ կողմէ Որդիներ որոտման։ Արդարեւ իրենք էին որ խնդրեցին Յիսուսէն կայծակներ տեղացնել Սամարացիներու մէկ քաղաքին վրայ, որովհետեւ զիրենք չէին ընդունած։ Ըստ աւանդութեան, Յակոբ, զոր պէտք չէ շփոթել Յակոբոսի հետ, որ կը կոչուի նաեւ Տեառնեղբայր եւ որ Պետրոս առաքեալի կողմէ պետ կարգուեցաւ Երուսաղէմի առաջին քրիստոնեաներուն, հանդիսացաւ Եկեղեցւոյ առաջին նահատակներէն մին։ Իսկ Յովհաննէս ամենաերկար կեանքն ունեցաւ, մինչեւ 100 տարիքը հասաւ ըստ ոմանց, եւ ինքն է որ գրեց չորրորդ աւետարանը, ինչպէս նաեւ սիրոյ խրատներով լի երեք նամակները։ Իրեն կը վերագրուի նաեւ Յայտնութեան գիրքը որ վերջին հատորն է Սուրբ Գրքին։ Ուրբաթ 31 Դեկտեմբերը՝ 2021 Տարւոյն վերջին օրն է։ Հրաժեշտ առնենք 2021 Տարիէն , շնորհակալութիւն յայտնենք Աստուծոյ մեզի պարգեւած բարի, ուրախ ու նաեւ դժուար օրերուն համար, հաւատքով եւ յոյսով դիմաւորելու 2022 տարին, մաղթելով որ նոր տարին ըլլայ բարեբեր բոլորիս համար։

Շաբաթ 1 Յունուար 2022` Կաղանդ է, որ կը նշանակէ տարուան առաջին օրը։ Քրիստոնեաները կը տօնեն այդ օր Յիսուսի տնօրէնութեան, կամ անուանկոչութեան տօնը։ Ըստ օրինի, իր ծննդենէն 8 օր վերջ` ան թլփատուեցաւ եւ Յիսուս անունով կոչուեցաւ, ինչպէս որ որոշած էր Գաբրիէլ հրեշտակը նախապէս։ Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։

Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։

Շնորհաւոր Նոր Տարի բոլորիս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2022, 08:37