Որոնել

Մոգերու երկրպագութիւնը Մոգերու երկրպագութիւնը 

Եկեղեցական Գիտելիքներ 8-րդ Կիրակի Յիսնակաց – Յայտնութեան Շաբաթ (2-9 Յունուար 2022)

Հինգշաբթի 6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` կու գան Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրոդը` խունկ եւ երրորդը` զմուրս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմրսէին։
Ունկնդրէ լուրը

Այս շաբթուայ ընթացքին` վերջապէս կը փակենք Յիսնակաց շրջանը եւ կը մտնենք Յայտնութեան շրջանին մէջ։ Կիրակի 2 Յունուարը մեզի կը հրամցնէ վէճի մը դէպքը առաքեալներուն միջեւ, թէ ո՞վ է իրենց մէջէն ամէնէն մեծը. Քրիստոս Կ՛ընդվզի անոնց այս տեսակի ճղճիմ հաշիւներուն դէմ եւ կը պատասխանէ թէ մեծը այն է որ կ՛ըլլայ ամէնուն սպասաւորը, որ կը դասէ ինքզինք ամէնէն խոնարհ տեղը։ Մարդկային զգացումներուն եւ նկատումներուն միշտ բոլորովին հակառակ կ՛ընթանայ Յիսուս իր քարոզութեան մէջ։ Մեծը` փոքրն է, աղքատը` հարուստ, սգաւորը` երջանիկ, խոնարհը` բարձր։ Ինչու՞ տակաւին չեն կրցած իր առաքեալները հասկնալ այս իրողութիւնները։ Անոնց միտքը թանձրացած է. մարդկային նկատումները աւելի տեղ կը գրաւեն քան աստուածային պատուէրները։

Երկուշաբթի 3 Յունուարին տօնն է սուրբ Ինդոս Ներքինիին եւ Դոմնա կուսին,Գղերիկոս քահանային, եւ «երկուց բիւրուցն որ այրեցան յեկեղեցին Նիկոմիդացւոց» ։

Երեքշաբթի 4 Յունուարին՝ տօնն է Ս. Աբրահամի, Խորենի եւ անարծաթ բժիշկներու՝ Կոզմայի եւ Դամիանոսի։

Չորեքշաբթի 5 Յունուարին՝ արդէն Ճրագալոյցն է Յայտնութեան տօնին։ Այդ օրուան աւետարանը մեզի կը խօսի Պետրոս առաքեալի գլխաւորութեան մասին. Քրիստոս կ՛ըսէ իրեն. Դուն ես վէմ եւ այդ վէմին վրայ պիտի հաստատեմ իմ եկեղեցիս. Շնորհիւ իր հաւատոյ դաւանութեան, Պետրոս կը կարգուի գլուխը առաքեալներուն։

Հինգշաբթի 6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, այսինքն երբ Արեւելքէն եկած մոգերը, աստղի մը առաջնորդութեամբ` կու գան Յիսուս Մանուկը տեսնելու, անոր երկրպագութիւն մատուցանելու եւ իրենց նուէրները տալու, մին ոսկի, երկրոդը` խունկ եւ երրորդը` զմուրս, որով մեռեալներու մարմինը կը զմրսէին։ Աստուածայայտնութիւնը ըստ հայ ծէսի, մեր հինգ մեծ տօներէն մին է, որ կը կոչուի նաեւ Տաղաւար։

Ուրբաթ 7 Յունուար` (Յայտնութեան Բ. Օրը) ըստ հայկական սովորութեան` մեռելոց օր է եւ յիշատակութիւն կը կատարուի բոլոր ննջեցեալներուն։

Արեւելքի մէջ` մեր վարդապետները կը կատարեն նաեւ գերեզմանօրհնէք եւ այդ օրը բոլորովին կը նուիրուի համայն հանգուցեալ հոգիներուն։

Շաբաթ օրը` Յայտնութեան Գ. Օր՝ (Ութօրէքի մէջ գտնուած օր է, եւ կը կարդացուին Յովհաննէս Մկրտիչի մասին աւետարանները, որովհետեւ Յատնութեան տօնին օրը նաեւ կը տօնուի Յիսուսի Մկրտութիւնը։ Յովհաննէս Յիսուսի հեռաւոր զարմիկն է. Յովհաննէսի մայրը` Եղիսաբեթ, եւ Յիսուսի մայրը` Մարիամ ըստ աւետարանին` զարմուհիներ են. Մարիամ երբ իմացաւ թէ Եղիսաբեթ 6 ամսուայ յղի էր, անմիջապէս ճամբայ ելաւ եւ գնաց իրեն օգտակար դառնալու։ Երբ իրար հանդիպեցան, Եղիսաբեթի որովայնին մէջ` խայտաց իր մանուկը, եւ այն ատեն հասկցաւ որ Մարիամու արգանդին մէջ գտնուող մանուկը Մեսիան էր, փրկիչը աշխարհի։ Յովհաննէս երբ հասուն տարիքի հասաւ, թողուց ամէն ինչ եւ գնաց անապատ. հոն բաւական ճգնելէ ետք` սկսաւ քարոզել ապաշխարութիւն, պատրաստելու համար ժողովուրդը Տիրոջ գալստեան. Ապաշխարանքէն ետք, որպէսզի անոնք մաքրուէին իրենց մեղքերէն, Յովհաննէս սկսաւ ջուրով մկրտել զիրենք, Յորդանան գետին մէջ։ Յայտնութեան տօնին օրը` սովորութիւն կայ հայկական եկեղեցիներուն մէջ` կատարելու նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ ապա` մկրտութիւն Քրիստոսի, Սուրբ Խաչը դնելով ՝՝միւռոնով՝՝ օրհնուած ջուրին մէջ. Ժողովուրդի մէջէն ընտրուած փոքրիկ մը կը ներկայացնէ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը։

Կիրակի 9 Յունուարը՝ Յայտնութեան Դ. Օրն է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/01/2022, 20:23