Որոնել

Յիսուսին մկրտութիւնը Յիսուսին մկրտութիւնը 

Եկեղեցական Գիտելիքներ Առաջին Կիրակի Յայտնութեան (9 - 16 Յունուար 2022)

Ութօրէքը կ՛երկարի մինչեւ Հինգշաբթի, եւ այս շրջանին կը կարդացուին կամ Յիսուսի Մկրտութեան աւետարանները, կամ ալ` Մոգերու Յայտնութեան աւետարանը։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 9 Յունուարին, տակաւին կը գտնուինք Յայտնութեան Ութօրէքին մէջ եւ ամէն ինչ կը կատարուի իբրեւ թէ Քրիստոսի Յայտնութիւնն ու Մկրտութիւնը կը տօնենք։

Ութօրէքը կ՛երկարի մինչեւ Հինգշաբթի, եւ այս շրջանին կը կարդացուին կամ Յիսուսի Մկրտութեան աւետարանները, կամ ալ` Մոգերու Յայտնութեան աւետարանը։

Կիրակի օր` կը տեսնենք Յիսուս, անմեղը` որ կու գայ խնդրելու մկրտութիւն Յովհաննէս Մկրտիչէն։ երեք պատճառներ կան Քրիստոսի այս նaխաձեռնութեան. Նախ կու գայ ամբողջացնելու Յովհաննէսի մկրտութիւնը. Յովհաննէս կը մկրտէ ջուրով, իսկ Յիսուս` Սուրբ Հոգիով։ Ապա կ՛ուզէ օրինակ հանդիսանալ մարդկութեան թէ մկրտութիւնը անհրաժեշտ է մտնելու համարԱստուծոյ արքայութիւնը։ Ի վերջոյ` մկրտութեամբը կր յայտնէԱմենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերը, Հայրը, Որդին եւ Հոգին, որոնց ներգործութեամբ մենք կը դառնանք քրիստոնեայ եւ իրաւունք կ՛ունենանք ժառանգելու յաւիտենական կեանքը:

Շաբաթ 15 Յունուարին կը տօնենք Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի տօնը, որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ. Ան կոչուած է կարապետ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ ճանապարհը անոր գալստեան։ Յովհաննէս երեք տօն ունի տարուան ընթացքին. Մին յունուար 15-ին, կամ անոր մօտակայ թուական մը, երկրորդը` Զատկուայ յաջորդող շաբաթ օրը, Յինանց շրջանին, որ իր գլխատման յիշատակութիւնն է, իսկ երրորդը` Յինանց շրջանէն անմիջապէս ետք` կը յաջորդէ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօներուն։

Կիրակի 16 Յունուարը՝ Յայտնութեան Բ. Կիրակին է։ Սկիզբ կ՚առնէ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։ Միութեան համար աղօթքներու շաբաթՍովորութիւն է Եկեղեցւոյ մէջ` ամէն տարի յունուար 18- 25 աղօթքներ կատարել եկեղեցիներու միութեան համար։ Ընդհանրապէս բոլոր լատին ծէսի պատկանող համայնքները կը հրաւիրեն արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու քահանաներ, այս առթիւ` իրենց ծէսով սուրբ պատարագ մատուցանելու, ցոյց տալով այսպէսով Տիեզերական Եկեղեցւոյ հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը, միութեան մէջ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2022, 08:53