Որոնել

Սուրբ Հոգիին գալուստը Սուրբ Հոգիին գալուստը 

Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը... Ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք (Գործ Առաքելոց 1:8)

Արհիապ. Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեր Տէր` Յիսուս Քրիստոս, իր հրաշափառ յարութենէն ետք եւ դէպի Հայրը համբարձումի ժամանակ իր աշակերտներուն թելադրեց ըսելով՝

« Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։

Աշակերտները Յիսուսի հետ քալեցին եւ ապրեցան իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին: Անոնք լսեցին անոր քարոզները, տեսան հրաշքները եւ վկայ եղան անոր իշխանութեան՝ բնութեան եւ մահուան վրայ: Ի վերջոյ անոր հրաշափառ յարութեան ականատես եղան: Սակայն այս բոլորով մէկտեղ, Յիսուս համբարձումի ժամանակ պատգամեց անոնց ըսելով, որ սպասեն խոստացուած Ս. Հոգիին: Որովհետեւ առանց անոր ոչ մէկ բան կարելի է կատարել:

Յովհաննէս աւետարանիչ կը պատմէ մեզի, վերջին ընթրիքին ժամանակ իր աշակերտներուն ուղղած Յիսուսի պատգամի մասին: Քրիստոս

մարգարէանալով իր աշակերտներուն կը խօսի անոնց սպասուած հալածանքին, բանտարկութեան եւ նահատակութեան մասին: Եւ կ'աղօթէ Հօր Աստուծոյ, որ անոնք հաստատ մնան իրենց հաւատքին մէջ եւ ըլլան իր վկաները ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Եթէ ուզենք ամփոփել Յիսուսի այս պատգամը, կրնանք ըսել որ Տէրը տեսնելով աշակերտներու գալիք տառապանքները, ուզեց գօտեպնդել զանոնք իրենց հաւատքին մէջ, եւ որպէս այդ հարկ էր, որ անոնք իրար սիրեն եւ մէկ ըլլան:

Սէր եւ Միութիւն՝ քրիստոնէական հաւատքի երկու գլխաւոր հիմքերէն: Ասոնք սակայն աստուածային պարգեւներ են, որոնց իրագործման համար աշակերտները կարիքը ունէին Ս. Հոգիին:

Սակայն եւ ցաւօք սրտի  կը տեսնենք, որ անոնց առաջին օրերէն իսկ տարակարծութիւններ կը ծագին անոնց միջեւ: Ոմանք կ'ուզեն պահպանել Մովսիսական օրէնքը. իսկ ուրիշներ կը փափաքին որդեգրել Ս. Պօղոսի  շնորհքի քարոզութիւնը:

Եւ այսպէս տարակարծութիւնները շարունակուեցան աշակերտներուն եւ անոնց հետեւորդներուն միջեւ, բաժնելով Քրիստոսի մէկ մարմինը՝ Եկեղեցւոյ:

Ս. Կիպրիեանոս խօսելով այս բաժանումներուն մասին, զանոնք կը նմանեցնէ խաչելութեան ժամանակ Յիսուսի հանդերձներուն եւ բաճկոնին: «Երբ զինուորները խաչեցին Յիսուսը, առին անոր հանդերձները ու բաժնեցին չորսի, իւրաքանչիւր զինուորի՝ բաժին մը. նաեւ բաճկոնը: Բաճկոնը առանց կարի էր, ամբողջովին հիւսուած՝ վերէն վար» (Յովհ. 19:23): Թէեւ արտաքնապէս հանդերձները բաժնեցին, սակայն ներքին բաճկոնը միացած մնաց: Նմանապէս մենք՝ քրիստոնեաներս այսօր, թէեւ բաժնուած կը թուինք, սակայն մեզ միացնող ներքին ազդակը նոյն ինք մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսն է:

Այսօր եւս կայնած մեր «Երուսաղէմ»ին մէջ, կ'աղօթենք, որ Ս. Հոգին մեր մէջ վերահրահրէ քրիստոնէական սէրը, որպէսզի կարենանք անոր վկաները ըլլալ այս աշխարհին մէջ:

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2022, 09:39