Որոնել

Սուրբ Պետրոս տաճարին եւ Հրէաներու տաճարին լուսանկարը Սուրբ Պետրոս տաճարին եւ Հրէաներու տաճարին լուսանկարը  

Հռոմի մէջ հրէաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ տարեկան հանդիպումը։

Այս տարուան Հանդիպումին նիւթն է համաճարակի մարտահրաւէրները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

հռոմի մէջ հրէաներու եւ Քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութեան խթանման ի սպաս այս տարուան հանդիպումի նիւթն է համաճարակի մարտահրաւէրները։ Այս մասին նշեց Հռոմի թեմը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը։

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի թեմի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Հրէաներու եւ Քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութեան հանդիպումը հասաւ իր 33,րդ փուլին։Այս տարի կը գումարուի երկուշաբթի 17 յունուարին յետմիջօրէին ժամը 6.ին, Հրէաներու թանգարանէն ներս, որ գտնուի Հռոմ Հրէաներու աւագ տաճարին մէջ։

Հռոմի թեմի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Հանդպիպումի բացման խօսքը կը կատարէ Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոս, կարդինալ Անճէլօ Տէ Տօնադիսը, որուն կը յաջորդէ Հռոմի Հրեայ հասարակութեան Րաբունապետ Ռիքարտօ Տի Սէնյիի եւ Կարդինալ Թոթլենթինօ Տէ Մէնտոնքա։ Հռոմի սուրբ Եկեղեցւոյ գրադարանի պատասխանատուին խորհրդածութիւնները, որոնք կը վերաբերին համաճարակի տագնապէն ներս, Քրիստոնէական եւ Հրէական մարդկային եւ հոգեւոր հարստութիւններուն։

Նշենք, թէ հանդիպումին նախատեսուած չէ հանրային ներկայութիւն, այլ կարելի է միջոցառումին հետեւիլ Հռոմի թեմի դիմատետրին եւ Թէլէփաչէ հեռուստայկանին միջոցաւ։

Միջոցառումին արմատները։

Յայտնենք, որ հրէաներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութեան խթանման միջոցառումը ոգեշնչուած է Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի եւ Nostra Aetate փաստաթուղթի ցուցմունքներով։

Միջոցառումը հաստատուած է Իտալիոյ եպիսկոպոսաց դասին կողմէ, 1989ին, եւ կը յիշատակուի ամէն տարի 17 յունուարին, Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուան նախօրէին, ընդգծելու համար քրիստոնեաներու միութեան եւ ինքնութեան արմատը։

Միջոցառումին նպատակն է քաջալերել քրիստոնեաները յարգելու, երկխօսելու ու ճանչնալու հրէական աւանդութիւնը , բանալով անոնց առջեւ դաշինքի ժողովուրդներուն պարգեւներն ու առաջարկները՝ եղբայրական հանդիպումի մը ընթացքին որ կը հարստացնէ նաեւ հրեայ եղբայրներն ու քոյրերը՝ լաւ ճանչնալու կաթողիկէներն ու անոնց կեանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2022, 11:37