Որոնել

Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթ 

2022-ի Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը` «Մենք Անոր աստղը տեսանք...»

Միասնական աղօթքին մէջ մենք եւս կը բանանք մեր գանձերը, կը փոխանակենք մեր պարգեւները ու կը դառնանք նշան միութեան` զոր Աստուած կ՛ուզէ բոլոր արարչութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս յառաջիկայ 18էն 25 Յունուար 2022ին կը նշուի Քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթը, որուն այս տարուայ աղօթքները պատրաստուած են իբանանի մայրաքաղաք` Պէյրութի մէջ կեդրոն ունեցող Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի անդամներուն կողմէ, որոնք որպէս խորհրդածութիւններու նիւթ ընտրած են Աւետարանական հատուածը, որ կը խօսի Մոգերու մասին, որոնք Հերովդէսին կ՜ըսեն «Մենք անոր աստղը տեսանք արեւելք եւ եկած ենք անոր երկրպագութիւն ընելու» խօսքը, որ քաղուած է Մատթէոսի Աւետարանէն (Գլ. Բ, 2)։

«Այս դժուար ժամանակներու նման մենք երբեք չենք զգացած լոյսին կարիքը, որ կը յաղթէ խաւարին, և այդ լոյսը, ինչպէս կը հռչակեն քրիստոնեաները, կը դրսևորուի Յիսուս Քրիստոսով», գրած են աղօթքները պատրաստող յանձնախումբի անդամները։

Լիբանանին ապրած ճգնաժամը եւ լոյսին կարիքը

Այսօրուայ միջազգային առողջապահական ճգնաժամին դիմաց, տարածաշրջանի մը մէջ, ուր մարդկային իրաւունքները ոտնահարուած են, քաղաքական եւ տնտեսական անարդար շահերէն, եւ որ տակաւին կը տառապի 2020-ի 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ կայացած ահաւոր պայթումի հետեւանքներէն, ըլլայ մարդկային ըլլայ նիւթական գետնի վրայ, տեղական համամիութենական Խումբը, բազմապատկեց իր ջանքերը, որպէսզի կարողանայ աշխատանքի պտուղները ներկայացնել նաեւ առցանց։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր տեղական Խումբի անդամներուն եւ կ՛աղօթենք` որպէսզի Միջին Արեւելքին մէջ ու նաեւ համայն աշխարհին քրիստոնեաներու միջեւ առաւել միութիւնը սատարէ աւելի արժանավայել կեանքի մը ի նպաստ, աւելի արդար ու խաղաղ կեանքի մը, բոլոր մեր ժամանակներու մարդոց ու կիներուն ու նաեւ ապագային» գրած են միշտ վերոնշեալ համամիութենական յանձնախումբի անդամները։

Աստղը նշան միութեան

Գալով միութեան համար աղօթքի շաբթուան առթիւ ընտրուած նիւթին` «Աստղը նշանն էր` որ առաջնորդեց Մոգերը, որոնք տարբեր մշակոյթներու պատկան հեռուէն եկած մարդիկ էին։ Ան կը ներկայացնէ նաեւ համապատկեր մը` թէ ինչպէս քրիստոնեաները կը միանան իրար հաղորդութեան մէջ, մինչ կը մօտենան Քրիստոսին։ Քրիստոնեաները արդարեւ պէտք են ըլլալ աստղին նման նշան, որ բոլոր ժողովուրդները կ՜առաջնորդէ Քրիստոսին։ Անոնք պէտք է ըլլան միջոցը, որուն միջոցաւ Աստուած բոլոր ժողովուրդները կը մղէ միութեան։

Երբ Քրիստոնեաները Տիրոջ ներկայութեան առջեւ կը գտնուին եւ միասին կ՛աղօթեն, անոնք նման են Մոգերուն, որոնք ծունկի եկան եւ պաշտամունք մատուցեցին, իրենց գանձերը շնորհելով Մանուկին։

Միասնական աղօթքին մէջ մենք եւս կը բանանք մեր գանձերը, կը փոխանակենք մեր պարգեւները ու կը դառնանք նշան միութեան` զոր Աստուած կ՛ուզէ բոլոր արարչութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2022, 08:21