Որոնել

pray.jpg

Բ. կիրակի Պենտեկոստէէն ետք (Մատթէոս ԺԲ. 1-8) Հանգիստի օրէնքը գերազա՞նց է քան սիրոյ պատուիրանը

Չթողունք որ օրէնքը իշխէ մեր մտքին վրայ ու տէր տիրական դառնայ մեր խղճին ամէն բանի մէջ, որովհետեւ օրէնքէն անդին կայ սէրը, եղբայրսիրութիւնը, յարգանքը դիմացինին եւ բարի տրամադրութիւնը բոլորին հանդէպ։ Սէրը պէտք է իշխէ ամէնուն վրայ եւ իսկական սէրը օրէնքէն շատ աւելի բարձր է. Սէրը աստուածային է, որովհետեւ Աստուած սէր է. Արդ ինչպէս որ սէրը կ՛իշխէ օրէնքին վրայ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին տէրն է շաբաթ օրուան եւ այդ օրուան վերաբերեալ բոլոր օրէնքներուն։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Աստուծոյ տուած տասը պատուիրաններէն 3-դը կը հրամայէ` Աստուծոյ օրը սուրբ պահել։  Այսպէսով հին նահապետներն ու մարգարէները որոշեցին շաբաթ օրը որպէս հանգիստի ժամանակ եւ Տիրոջ նուիրուած օր: Նմանապէս քրիստոնեայ Եկեղեցին տնօրինեց ոչ թէ շաբաթը, այլ կիրակին, տրուած ըլլալով որ այդ օրն էր որ Յիսուս յարութիւն առած էր, այսինքն Միաշաբաթը, կամ մէկշաբթին, որ դարձաւ Քրիստոսի հետեւողներուն համար, գլխաւոր օրը շաբթուան:

Գալով այսօրուայ Աւետարանի դէպքին` ինչ որ կը զայրացնէ Յիսուսը Հրէաներու վարուելակերպին մէջ այն է որ այս պատուիրանին տրուած է գլխաւոր տեղը, իբրեւ թէ ան եղած ըլլար պատուիրաններու մեծագոյնը։ Ուր որ ալ երթայ Յիսուս, ինչ որ ալ ընէ, միշտ պատրաստ են իր հակառակորդները զինք քննադատելու, հակաճառելով թէ շաբաթ օրով` նոյնիսկ եթէ հիւանդ մը բուժէ, կամ մէկու մը օգտակար դառնայ, անոր ծառայութիւն մը մատուցանելով, կամ թէ` ինչպէս ցոյց կու տայ այսօրուայ դէպքը, հասկ փրցնէ, ուտելու համար, այս ամէնը յանցանք կը նկատուի, որովհետեւ շաբաթ օրուայ հանգստեան պատուիրանը ոտնակոխ եղած կ՛ըլլայ։

Յիսուս շատ լաւ հասկցած է այս մէկը եւ ասոր համար դպիրներն ու փարիսեցիները կ՛որակէ որպէս կեղծաւոր մարդիկ. Անոնք կը մեկնաբանեն Օրէնքը իրենց ուզածին պէս եւ նկատի չեն առներ օրէնսդրի նպատակը նոյն օրէնքի հաստատման մէջ։ Ինչ որ աւելի ծանր է, անմեղ մարդոց խղճմտանքին հետ կը խաղան, անոնց վրայ բեռցնելով անհիմն եւ անիրական յանցանքներ, զանոնք մեղադրելով որպէս օրինազանց ու յանցապարտ ընկերութեան առջեւ։

Շատ դիւրին է դատապարտել իր ընկերը, որեւէ գործի համար, ըլլայ ան իրապէս յանցաւոր կամ պարզապէս անմեղ. Եթէ ուրիշը դատելէ առաջ` նախ մենք մեր յանցանքները տեսնենք եւ սկսինք նախ մեր անձը դատապարտել, աւելի ուղիղ եւ շինիչ գործ մը ըրած պիտի ըլլայինք։ Քար չնետենք ուրիշին վրայ եթէ իսկապէս բառին բուն իմաստով` անմեղ չենք նախ մենք։ Յիսուս կ՛ըսէ մեղաւոր կնոջ վրան քար նետել ուզողներուն. Ձեզմէ այն որ անմեղ է, թող առաջին քարը ինք նետէ:

Չթողունք որ օրէնքը իշխէ մեր մտքին վրայ ու տէր տիրական դառնայ մեր խղճին ամէն բանի մէջ, որովհետեւ օրէնքէն անդին կայ սէրը, եղբայրսիրութիւնը, յարգանքը դիմացինին եւ բարի տրամադրութիւնը բոլորին հանդէպ։ Սէրը պէտք է իշխէ ամէնուն վրայ եւ իսկական սէրը օրէնքէն շատ աւելի բարձր է. Սէրը աստուածային է, որովհետեւ Աստուած սէր է. Արդ ինչպէս որ սէրը կ՛իշխէ օրէնքին վրայ, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին տէրն է շաբաթ օրուան եւ այդ օրուան վերաբերեալ բոլոր օրէնքներուն։

Քրիստոսի միջամտութեամբ` շաբաթ օրուայ հանգիստի օրէնքը կը գրաւէ իր իսկական տեղը, հաւանաբար Աստուծոյ կողմէ դրուած օրէնքներուն վերջին կարգը։ Այսուհետեւ քրիստոնեան չի կրնար կիրակի օրուայ ոչ թէ միայն հանգիստի այլ նաեւ պատարագի մասնակցելու օրէնքը յարգել, առանց նախ գործադրելու եղբայրսիրութեան օրէնքը. Արդարեւ Յիսուս կ՛ըսէ. Երբ զոհ մատուցանես եւ անդրադառնաս որ գժտուած ես ընկերոջդ հետ, նախ գնա եւ հաշտուէ հետը, ապա եկուր զոհդ կատարէ։ Ուստի անգամ մը եւս կը փաստուի թէ սրտի ողորմածութիւնը աւելի արժէք ունի քան որեւէ զոհաբերում. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2022, 06:53