Որոնել

259334237_4605260202846566_3151460772052031457_nAEM.jpg

Հայ եկեղեցւոյ պատասխանները ոչ ուղղափառ առարկութիւններու (19)

Կը ներկայացնենք Գերաշնորհ Նարեկ արք Ալեէմէզեանի «Հայ եկեղեցւոյ պատասխանները ոչ ուղղափառ առարկութիւններու» հատորէն քաղուած հարց ու պատասխանները։ Հեղինակը կը պատասխանէ կրօնական շրջանակներու մէջ դաւանաբանական եւ վարդապետական տարբերութեանց հայող հարցերուն։ Յարմար դատեցինք ձեզի հրամցնել հատորին պարունակութիւնը յապաւումներով։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

30.- ՍՈՒՐԲ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՅՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱ՞Ն Է

Առարկութիւն.- Տիրոջ ընթրիքի հացն ու գինին չեն կրնար Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ մարմինն ու արիւնը ըլլալ։ Անոնք միայն խորհրդանիշներ են։

Պատասխան.- Դժբախտաբար, այս տեսակէտը չի՛ ցոլացներ Աստուածաշունչին ուսուցումը։ Մարդոց կողմէ սահմանուած անհիմն տեսութիւն մըն է աս։ Սուրբ պատարագի նմանօրինակ ըմբռնումը հակա-սուրբգրային է։ Աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ Վերջին ընթրիքի միջոցին Յիսուս հաստատեց սուրբ հաղորդութեան խորհուրդը, երբ «Հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց եւ բաժնեց աշակերտներուն, ըսելով.- Առէք, կերէ՛ք, աս իմ մարմինս է։ Ապա առաւ բաժակը, գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ եւ տուաւ իր աշակերտ- ներուն, ըսելով.- Բոլորդ խմեցէք ասկէ. աս իմ արիւնս է, որով Աստուծոյ հետ նոր ուխտ կը կնքուի, եւ որ շատերու համար կը թափուի՝ իրենց մեղքերու թողութեան համար» (Աւետարան ըստ Մատթէոսի 26.26–28)։ Արդ, ինչպէ՞ս կարելի է մերժել լոյսի պէս պայծառ այս իրողութիւնը։ Տակաւին, Յիսուս ըսաւ.- «Ով որ մարմինէս կ‟ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ յաւիտենական կեանք կ‟ունենայ եւ ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը, քանի մարմինս ճշմարիտ կերակուր է եւ արիւնս՝ ճշմարիտ խմելիք» (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 6.54–55)։ Սակայն «Երբ աշակերտներէն շատերը լսեցին այս խօսքերը, ըսին.- Դժուար ընդունելի է ըսած խօսքդ, ո՞վ կրնայ մտիկ ընել» (Աւետարան ըստ Յովհաննէսի 6.60)։ Հետեւաբար չենք զարմանար եթէ այսօր եւս կան անձեր, որոնք դժուարութիւն ունին այս խորհուրդը ըմբռնելու, բայց կը դատապարտենք Յիսուսի խօսքերը խեղաթիւրողները։

Հայ եկեղեցին առաքելական շրջանէն մինչեւ այսօր մի՛շտ հաստատ պահած է սուրբ հաղորդութեան խորհուրդի քրիստոսահիմն հաւատքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2022, 08:02