Որոնել

1660121590106-1.jpg

Եկեղեցական գիտելիքներ. Աստուածածնայ Վերափոխման շաբաթ

Վերափոխման տօնի օրը, սուրբ պատարագէն ետք, հայ Եկեղեցին սովորութիւն ունի կատարելու խաղողօրհնէք։ Կ՛օրհնուին առաջին բերքի խաղողները որպէս երախայրիքը երկրի պարգեւած բոլոր պտուղներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 14 Օգոստոսին, տօնն է Աստուածածնայ Վերափոխման։

Վերափոխումը հայ եկեղեցւոյ 5 տաղաւարներէն մին է, այսինքն 5 մեծագոյն տօներէն մին։ Հայերը ընդհանրապէս կը տօնեն Վերափոխման տօնը 15 Օգոստոսի մօտալուտ կիրակին։ Այս տնօրինումը եղած է Հայերուս համար` մղուած գործնական տեսակէտէ. տրուած ըլլալով որ երկար դարերու ընթացքին հայ ազգը անկախութիւն չէ ունեցած, ուստի եւ չէ կրցած իր տօները կատարել որոշեալ օրերուն եւ իշխող տարրերու կողմէ պարտադրուած է իրեն բոլոր տօները կիրակի օրերուն փոխակերպելու. Ուստի ստիպողաբար է որ հայ եկեղեցին սովորութիւն ըրած է կատարել կարգ մը մեծ տօներ, ինչպէս Վերափոխումը, Խաչվերացը եւ ուրիշներ, որոշեալ թուականին մօտակայ կիրակին։

Անշուշտ Ս. աւետարանը որ կը կարդացուի տօնին օրը Աստուածածնայ նուիրուած աւետարաններէն մին է, այս պարագային Քրիստոսի ծննդեան աւետարանը, Ղուկասի երկրորդ գլխուն մէջ։

Աստուածածնայ վերափոխման դէպքը չէ պատմուած աւետարաններուն մէջ, այլ եկեղեցական աւանդութեան հետ կապուած է եւ կարելի է զայն գտնել հետագային յօրինուած պարականոն աւետարաններուն մէջ. Պարականոն բառը կը գործածենք այն աւետարաններուն համար որոնք եկեղեցական կանոնէն չեն ընդունուած որպէս վաւերական աւետարան։ Եւրոպական լեզուով զանոնք կը կոչենք Apocryphe։ Միայն վերջերս է, 1950 թուին, որ Պիոս ԺԲ. Պապը հաստատեց թէ Աստուածածնայ Վերափոխումը մաս կը կազմէ քրիստոնէական հաւատոյ դաւանանքին։ Սակայն հին դարերէ ի վեր արդէն ժողովուրդը ընդունած էր այս ճշմարտութիւնը որպէս վաւերական։

Ըստ հայկական եկեղեցւոյ, երբ Մարիամ կը մահանայ, Բարթողոմէոս առաքեալը ներկայ չէր եղած թաղմանը. Երբ կը վերադառնայ Երուսաղէմ, կ՛ուզէ գէթ տեսնել երեսը Յիսուսի մօր. Կը բանան դագաղը եւ կը տեսնեն որ մարմինը չկայ։ Ահա այս սուրբ աւանդութիւնը բերած է Բարթողոմէոս երբ Հայաստան եկած է քարոզութեան։

Վերափոխման յաջորդող օրը, երկուշաբթի, օր մեռելոց է, ինչպէս ամէն տաղաւարի յաջորդ օրը։ Իսկ Վերափոխումէն ետք՝ հայ եկեղեցին ինը օր կը տօնէ Սուրբ Կոյս Մարիամը. Նախապէս երեք օր էր տօնը. Սուրբ Ներսէս Շնորհալին բարձրացուց զայն երեք անգամ երեքի, այսինքն ինը օրուան. Տրուած ըլլալով որ նախապէս սահմանուած չէին ընթերցումներ եւ աւետարաններ մնացեալ վեց օրերուն համար, նոյն երեք օրուայ ընթերցումները կը կրկնուին յաջորդ վեց օրերուն։

Այս երեք աւետարաններն են նախ՝ Քրիստոսի Ծննդեան աւետարանը, ինչպէս տեսանք, ապա՝ Հրեշտակի աւետման աւետարանը եւ երրորդ՝ Եղիսաբեթի այցելութեան աւետարանը։ Այս վերջին աւետարանին մէջ է որ Մարիամ կը հռչակէ իր նշանաւոր Մեծացուսցէն, ուր կը յայտնէ թէ Տէրը մեծամեծ շնորհքներ պարգեւած է իրեն։

Յիշենք այդ շնորհքներէն ոմանք. Անարատ յղութիւնը, կուսութիւնը, աստուածամայրութիւնը եւ ի վերջոյ՝ վերափոխումը, որով ան հոգիով եւ մարմնով երկինք վերափոխուեցաւ իր մահուընէ ետք։

Վերափոխման տօնի օրը, սուրբ պատարագէն ետք, հայ Եկեղեցին սովորութիւն ունի կատարելու խաղողօրհնէք։ Կ՛օրհնուին առաջին բերքի խաղողները որպէս երախայրիքը երկրի պարգեւած բոլոր պտուղներուն։

Երկուշաբթի օրը՝ 15 Օգոստոսին, Վերափոխման տօնին յաջորդող օրը, հայ տօնացոյցի համաձայն օր մեռելոց է։ Հայերը այս առթիւ գերեզման կ՝երթան այցելելու ննջեցեալները խունկ ու աղօթք բարձրացնելու անոնց հոգիներու հանգիստին համար։

 

Կիրակի 21 Օգոստոսը Վերափոխման Ը. օրն է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2022, 08:00