Որոնել

20210815_vangelo-di-domenica_Centro-Aletti_Chiesa-della-Madonna-della-Croce-del-Sud-Brisba.jpg

«Վերափոխումը Մօր ու Զաւկին սիրոյ հանդիպումն է երկնքի մէջ». Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ

«Աստուածածնի վերափոխումին տօնը մեզի իւրաքանչիւրիս համար «յոյսի նշան» է, քանի, որ Մարիամին նայելով մենք կը հասկանանք, թէ ինչ պիտի պատահի մեր հետ ու թէ մահն այս աշխարհի մէջ ունի նոր սկիզբ մը` վերածնունդ երկնային երանութեան մէջ» ըսաւ ապա Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը հրաւիրելով հաւատացեալները ուրախութեան ու հրճուանքի` զգալով թէ «մենք սիրուած ենք Աստուծմէ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 14 օգոստոսին Հայոց Եկեղեցին կը տօնախմբէ Սուրբ Կոյս Աստուածամօր մարմնով ու հոգիով երկինք վերափոխման տօնը։

Տօնին առթիւ սովորութիւն է, որ լիբանահայութիւնը ուխտագնացութիւն կատարէ դէպի Զմմառու վանք` Վերափոխման տիրամօր տաճար, եւ այս տարի եւս, հակառակ Լիբանանը յուզող բազմաթիւ ճգնաժամերուն, Տիրամօր հետ այս ժամադրութիւնը կրկնուեցաւ։

Կիրակի 14 օգոստոսին առաւօտեան 10,30-ին Զմմառու Երանելի Ինգնատիոս Մալոյեան Ամփիթատրոնին մէջ տեղի կունեցաւ Հայրապետական Սուրբ Պատարագ եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, զոր նախագահեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը ի ներկայութեան Զմմառու միաբանութեան ընտանիքին, նորընծաներուն, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին։

Սուրբ Զոհի ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը քարոզը կեդրոնացուց օրուան խորհուրդին վրայ` Սուրբ Կոյս Մարիամին երկինք վերափոխման` Հոգիով ու մարմնով, «որպէս գեղեցիկ նշան և անսահման սէր Միածին Որդիին կողմէ, զոր Ան ծնաւ, դաստիարակեց և իր քնքշութեամբ ու բարութեամբ առաջնորդեց, դիմանալով բոլոր դժուարութիւններուն, ու դիմագրաւելով զրկանքներ ու զոհողութիւն՝ ապահովելու համար Անոր անվտանգ կեանք» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը, հաստատելով որ «այս օրը մեր Տէրը և Աստուած Փրկիչը` Յիսուս կամեցաւ պատուել իր Մայրը, զայն իր մօտ կոչելով` մարմնով և հոգով, այնպէս ինչպէս իր հետն էր Նազարէթի մէջ»։

Նշելով ապա թէ սուրբ պատարագը մատուցուած է բոլորին դիտաւորութեան, որպէսզի Աստուած ողորմի բոլորին ու պարգեւէ շնորհքը ըլլալու երկնաւոր Մարիամին զաւակները, Կաթողիկէ Հայոց հայրապետը հրաւիրեց հաւատացեալները խոկալու այդ յուզիչ տեսարանին վրայ, երբ մայր ու որդի իրարու կը հանդիպին երկնային ուրախութեան պահի մը ընթացքին, որ կը «ժայթքի երկու սուրբ սրտերէ` մօր սիրտը, որ սիրեց, պահպանեց ու ծառայեց իր միակ որդիին ու միւս կողմէն որդւոյն սիրտը, որ սիրեց եւ ինքզինք զոհաբերեց, փրկելու համար մարդկութիւնը եւ անոր կեանք պարգեւելու»։

«Աստուածածնի վերափոխումին տօնը մեզի իւրաքանչիւրիս համար «յոյսի նշան» է, քանի, որ Մարիամին նայելով մենք կը հասկանանք, թէ ինչ պիտի պատահի մեր հետ ու թէ մահն այս աշխարհիս մէջ ունի նոր սկիզբ մը` վերածնունդ երկնային երանութեան մէջ» ըսաւ ապա Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը հրաւիրելով հաւատացեալները ուրախութեան ու հրճուանքի` զգալով թէ «մենք սիրուած ենք Աստուծմէ»։

«Մենք պէտք է ուրախութիւն և յոյս ունենանք, քանի որ քրիստոնեան կամ կ՜ապրի ճանչնալով ուրախութիւնը Աստծոյ ճանաչողութեամբ եւ կամ իսկական քրիստոնեայ չէ» հաստատեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ ու քարոզը աւարտեց հրաւիրելով անսալ Տիրամօր ձայնին ապա անոր դիմել աղօթքով.

«Ողջոյն քեզ Մարիամ ո՛վ թագուհի, ողորմութեան մայր, քեզի, մենք, որ աքսորուած ենք այս հովիտին մէջ արցունքներու հովիտ, կ՜աղաղակենք, որպէսզի լսես մեզի եւ օգնես` որ վերադառնանք փրկութեան ուղիին վրայ ու փառաւորենք քու միածին Որդին, մեր փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը առ յաւէտ։ Ամէն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2022, 14:02