Որոնել

Սուրամլու առեւտրական կեդրոնը Սուրամլու առեւտրական կեդրոնը 

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի ցաւակցական նամակը Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին առիթով

Յանուն Հայ Կաթողիկէ համայնքի եւ Սիւնհոդասական Հայրերու մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհերու հարազատներուն, վշտակից ենք անոնց կորուստին, կ՝աղօթենք հոգւոյ փրկութեան համար եւ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն։

Վատիկան Նիուզ - հայկական բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

16 Օգոստոս 2022ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը ցաւակցական նամակ մը յղեց Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետ մեծարգոյ տիար Նիկոլ Փաշինեանին , 14 Օգոստոսին, Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ պատահած պայթումին առիթով, որուն հետեւանքով զոհուեցան հայորդիներ, եղան անհետ կորածներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։

Ցաւակցական նամակին մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը գրած է.

«Մեծ ցաւով կը հետեւինք չսպասուած պատուհասին, որ տեղի ունեցաւ՝ կիրակի 14 օգոստոսին Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ։ Յանուն Հայ Կաթողիկէ համայնքի եւ Սիւնհոդոսական Հայրերու մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք զոհերու հարազատներուն, վշտակից ենք անոնց կորուստին, կ՝աղօթենք հոգւոյ փրկութեան համար եւ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն։

Մեր ցաւակցութիւնը եւ անվերապահ աջակցելու պատրաստակամութիւնը կը յայտնենք Ձեզ եւ անսպառ ուժ կը մաղթենք պատկան մարմիններուն իրենց դժուարին գործին մէջ , այս փորձութիւնը յաղթահարելու համար։

Կը վստահեցնենք Ձեզի եւ մեր ժողովուրդին մեր ամենօրեայ աղօթքը, թող ամենաբարին Աստուած պահէ եւ պահպանէ Մայր Հայրենիքը ամէն փորձանքներէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2022, 10:32