Որոնել

Յիսուս շրջապատուած իր աշակերտներով Յիսուս շրջապատուած իր աշակերտներով 

Եկեղեցական գիտելիքներ Ժ. Շաբաթ Զկնի Խաչի (13 – 20 Նոյեմբեր 2022)

Հինգշաբթի 17 Նոյեմբերին` կը տօնենք Երկոտասան Առաքեալները. Անոնց անուններն են. Պետրոս, Անդրէաս, Փիլիպպոս, Բարթողիմէոս, Սիմոն, Յակոբոս, Յովհաննէս, Յակոբ, Թադէոս, Մատթէոս, Թովմաս եւ Մատաթիա, որ Յուդայի տեղը առաւ։ Ասոնց վրայ անշուշտ աւելցնելու է Պօղոս Առաքեալը։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի օր` Ժ. Կիրակին Զկնի Խաչի, կը կարդացուի այն դրուագը ուր Յիսուս իր աշակերտներուն մէջ կը կայնեցնէ փոքր մանուկ մը ու կ՚ազդարարէ իրենց ըսելով թէ` եթէ անոր նման չըլլաք, չէք կրնար ժառանգել Աստուծոյ արքայութիւնը։ Հետաքրքրական դէպք մը, որ մտածել կու տայ մեզի իսկական արժէքներուն մասին մեր կեանքին մէջ։ Տիրոջ համար կարեւոր չէ մեծ ըլլալը այլ` հոգւոյ եւ սրտի մեծութիւնն է որ առաջնահերթ է։

Այս տասներորդ շաբաթը մեր ծէսին մէջ` կը կոչուի Աւելորդաց շաբաթ, որովհետեւ ամէն տարի չի պատահիր այլ վեց կամ եօթը տարին անգամ մը։ Այս շաբաթը կախում ունի Սուրբ Խաչի տօնին կանուխ տօնակատարումէն, որով մինչեւ Յիսնակաց շրջանի  մտնելը պարապ շաբաթ մը կը մնայ։ Այս պատճառաւ ալ` մեր Սուրբ Հայրերը ներմուծած են բոլոր սուրբերու, հրեշտակներու, մարգարէներու եւ առաքեալներու տօները, նոյն շաբթուան մէջ. Այսպէսով գէթ երբեմն երբեմն մենք Հայերս ալ կը տօնենք Ամենայն Սրբոց տօնը։

Երկուշաբթի 14 Նոյեմբերին, կը տօնուին համայն Հրեշտակները. Ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ մէջ ընդունուած է որ, ըստ Հին Կտակարանի դրած կարգաւորութեան, Հրեշտակները կը բաժնուին ինը դասակարգի.

- Նախ կու գան Հրեշտակապետները, զորս տօնեցինք երկու շաբաթ առաջ. Յիշենք անոնց անունները. Միքայէլ, Գաբրիէլ եւ Ռափայէլ։

- Ապա կու գան պարզ հրեշտակները, զոր Եկեղեցին կը կոչէ պահապան հրեշտակները, որոնց պաշտօնն է պաշտպանել իւրաքանչիւր անձ. Լատին ծէսը յատուկ տօն մը ունի նուիրուած պահապան հրեշտակներուն։

- Երրորդ եւ չորրորդ դասակարգերն են` Սերովբէները եւ Քերովբէները, որոնց պաշտօնն է տեւապէս փառք յայտնել Աստուծոյ։

­ Ի վերջոյ կու գան մնացեալ հինգ դասերը, որոնք են. Գահակալները, Տէրութիւնները, Իշխանութիւնները, Զօրութիւնները եւ Առաքինութինները։

Երեքշաբթի 15 Նոյեմբերին` կը տօնենք համօրէն Մարգարէները. Հին Կտակարանը կ՚ընդունի 24 Մարգարէներ, 12 մեծ եւ 12 կրտսեր.

­Մեծերն են. Մովսէս, Յեսու, Սամուէլ, Դաւիթ, Եղիա, Նաթան, Եղիսէ, Եսայի, Երեմիա, Եզեկիէլ, Պարուք եւ Դանիէլ։

­ Փոքրերն են. Ամովս, Ովսէ, Միքէ, Սոփոնիա, Նաում, Ամբակում, Անգէ, Զաքարիա, Մալաքիա, Աբդիաս, Յովէլ, Յովնան։

Հինգշաբթի 17 Նոյեմբերին` կը տօնենք Երկոտասան Առաքեալները. Անոնց անուններն են. Պետրոս, Անդրէաս, Փիլիպպոս, Բարթողիմէոս, Սիմոն, Յակոբոս, Յովհաննէս, Յակոբ, Թադէոս, Մատթէոս, Թովմաս եւ Մատաթիա, որ Յուդայի տեղը առաւ։ Ասոնց վրայ անշուշտ աւելցնելու է Պօղոս Առաքեալը։

Շաբաթ 19 Նոյեմբերին` տօնն է Բոլոր Սուրբերուն, եւ յայսմաւուրքը կ՚աւելցնէ` հիներուն եւ նորերուն, ծանօթներուն եւ անծանօթներուն։ Անծանօթ սուրբերու հոյլը կը կազմեն բոլոր անոնք որոնք առաքինի վարքով ապրած են եւ արդէն կը վայելեն յաւիտենական երջանկութիւնը միւս բոլոր սուրբերուն հետ միատեղ։

Այս շաբթուայ պահոց օրերուն` կը կարդացուի Պօղոս Առաքեալի Փիլիպպեցիներուն ուղղած նամակը, կիրակի օրուան յաջորդելով, ինչպէս նաեւ Ղուկասի աւետարանի իններորդ եւ տասներորդ գլուխները յաջորդաբար։

Կիրակի 20 Նոյեմբերը՝ Յիսնակաց Ա. Կիրակին է. Բարեկենդան եւ ապա պահք Յիսնակամուտի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2022, 07:49