Որոնել

Երանելի Հայր Ճուզեէփփէ Ամպրոզոլի Երանելի Հայր Ճուզեէփփէ Ամպրոզոլի 

Երանելի հռչակուեցաւ բժիշկ միսիոնար Հայր Ճուզէփփէ Ամպրոզոլին

Հայր Ճուզէփփէն բժիշկ դառնալով իր ամբողջ կեանքը ընուիրեց ամոքելու համար մարմնին եւ հոգիին վէրքերը եւ դա կատարեց Ափրիկէ երթալով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուկանտայի մէջ երանելի հռչակուեցաւ միսիոնար բժիշկ Հայր Ճուզէփփէ Ամպրոզոլին։ Երանացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Քալոնկօ քաղաքին մէջ հոն, որ հայր Ճուզեփէ իր մահկանացուն կնքած էր 27 մարտ 1987ին, ձգելով հիւանդանոց մը նուիրուած աղքատներուն։

Հայր Ճուզէփփէ Ամպրոզոլին ծնած էր Իտալիոյ Քոմօ քաղաքին մէջ, ուր գոհաբանական սուրբ Պատարագ մատուցեց կարդինալ Օսքար Քանթոնի, Հայր Ճուզէփփէին երանացման արարողութեան առիթով, նախագահութեամբ
Ուկանտայի մէջ պապական նուիրակ, գերապայծառ Լուիճի Պիանքոն։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ, Ուկանտայի մէջ պապակաը նուիրակը Լուսարձակի տակ առաւ Հայր Ամպորզոլիի վկայութեան արժէքը, նշելով որ Հայր Ճուզէփփէն բժիշկ դառնալով իր ամբողջ կեանքը ընուիրեց ամոքելու համար մարմնին եւ հոգիին վէրքերը եւ դա կատարեց Ափրիկէ երթալով։

Պապական նուիրակ ապա անդրադառնալով Քրիստոս թագաւոր օրուան ծիսական տօնակատարութեան նշեց, որ Քրիստոս իր թագաւորութեամբ իր կեանքը տուաւ՝ սիրոյ համար առանց փնտռելով զօրութիւնը։

Քրիստոսի թագաւորութիւնը տարբեր է աշխարհի թագաւորութենէն, որովհետեւ Տէրը չթագաւորեց աճեցնելու համար իր զօրութիւնը, Տիրոջ Թագաւորութիւնը սէր է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2022, 10:27