Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին ծովայիններուն, ձկնորսներուն ուղղած պատկերասփռուած պատգամը։

Քորոնա ժահրի համաճարակի պատճառաւ աշխարհը կ՝ապրի դժուար պահեր սակայն իմացէք, որ դուք բոլորդ իմ մտածումներուս ու աղօթքներուս մէջն էք։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, յունիս 17-ին, պատկերասփռուած պատգամով մը ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց ու հայրական պատգամը փոխանցեց ծովայիններուն, ձկնորսներուն ու ծովու ժողովուրդներու հովուական ծառայութեամբ զբաղող մատրանապետներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւն ըսաւ.

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, աշխարհին համար դժուար պահեր են,  Քորոնա ժահրի պատճառած տառապանքներուն հետեւանքով։  

Ձեր ծովային  եւ ձկնորսութեան աշխատանքները աւելի կարեւոր դարձան, մարդկային ընտանիքին կերակուր եւ անհրաժեշտ կարիքները ապահովուելու համար։ Ասոր համար ձեզի շատ երախտապարտ ենք։ Երախտապարտ ենք նաեւ, որովհետեւ ձեր դասակարգը աւելիով վտանգի ենթարկուեցաւ։ 

Վերջին ամիսներուն, ձեր կեանքն ու աշխատանքը շատ փոփոխութիւններու ենթարկուեցան ու դիմագրաւեցիք բազմաթիւ մարտահրաւէրներ։ Երկար ժամանակ  նաւերու մէջ մնացինք,  առանց որ ոտք դնէք ցամաքի վրայ։
Ձեր ընտանիքներէն, բարեկամներէն, հայրենիքէն հեռու մնալը, վարակուելու վախը,  կրելիք շատ ծանր բեռ դարձաւ,  այժմ քան երբեք։

Կ՝ուզեմ ձեզի ըսել ու իմանաք, որ մինակ չէք եւ ոչ ալ մոռցուած։ Ծովու մէջ ձեր աշխատանքը, յաճախ ձեզ հեռու կը պահէ, սակայն իմացէք, որ դուք ներկայ էք իմ մտածումներուս եւ աղօթքներուս մէջ, ինչպէս որ ներկայ էք ծովու աստղեր կամաւոր մատրանապետներու մտածումներուն ու աղօթքներուն մէջ։

Նոյնինքն Աւետարանը մեզի  կը յիշեցնէ երբ՝ կը խօսի Յիսուսը առաջին առաքեալներուն հետ մասին, որ բոլորը ձեզի նման  ձկնորսներ էին։

Այսօր կը փափաքիմ ձեզի փոխանցել պատգամ մը ու յոյսի աղօթք մը, որեւէ փորձանքի դէմ սփոփանքի աղօթք։ Միաժամանակ կը քաջալերեմ բոլոր անոնք, որոնք ձեր հետ կ՝աշխատին, զբաղելով ծովու ժողովուրդներուն հովուական ծառայութեամբ։

Թող Տէրը օրհնէ ձեզ բոլորդ,  ձեր աշխատանքն ու ձեր ընտանիքները եւ Սուրբ կոյս Մարիամը՝ Ծովու Աստղը միշտ ձեզի պահապան կանգնի։ Ես նաեւ կ՝օրհնեմ ձեզ եւ կ՝աղօթեմ ձեզի համար։ Եւ դուք հաճեցէք չմոռնաք աղօթելու ինծի համար։ Շնորհակալութիւն։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2020, 09:28