Որոնել

1592381477664.jpg

«Մովսէսին աղօթքը» Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Մովսէս մեզ կը մղէ աղօթելու Յիսուսին նոյնինքն գորովով, բարեխօսելու աշխարհին համար ու յիշելու թէ ան հակառակ բոլոր դիւրաբեկութիւններուն մշտապէս կը պատկանի Աստուծոյ։

Եւ Մովսէսն աղաչեց Տիրոջ, իր Աստուծոյն ըսելով.  Ով Տէր, ինչո՞ւ քո բարկութիւնդ բորբոքուի քու ժողովրդիդ վրայ, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցիր մեծ զօրութիւնով եւ զօրաւոր ձեռքով… դարձիր  քու սաստիկ բարկութենէդ, եւ ետ առ այս չարիքը քու ժողովրդիդ վրայէն։ 

Յիշէ քու ծառաներդ՝  Աբրահամին,  Իսահակին  եւ  Իսրայէլին …. Եւ Տէրը ետ առաւ այն չարիքը, որ սպռանացած էր իր ժողովրդին։ (Ելից  32,11-14)։

 

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 17 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առողջապահական անվտանգութեան եւ համաճարակի տարածումին կանխարգիլման ծիրէն ներս որդեգրուած  կանոններու հիման վրայ, նախորդ շաբաթներուն նման՝ չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր  ունկնդրութիւնը գլխաւորեց ուղիղ եթերի սփռումով՝ առաքելական պալատի մատենադարանէն։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր աղօթքի նիւթի մասին խորհրդածութիւններու ուղեւորութեան մէջ անդրադարձանք՝  թէ ինչպէս Աստուած երբեք չէ սիրած զբաղիլ «դիւրին» աղօթողներու հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով ունկնդրութեան խորհրդածութեան եւ ընդգծելով որ՝ «Մովսէսն եւս իր կարգին «թոյլ» չի գտնուեցաւ»։

Երբ Տէրը զայն կոչեց՝ Մովսէս ձախող մարդ մըն էր։ Ելից Գիրքը զայն  կը նկարագրէ որպէս փախստական։ Երիտասարդ տարիքին ան գութ ունեցած էր իր ժողովուրդին նկատմամբ ու պաշտպանած էր ճնշուածները։ Սակայն շուտով անդրադարձած էր թէ իր ձեռքերէն արդարութիւն չէր բխէր այլ մի գուցէ բռնութիւն։

Եւ ահա կը խորտակուին անոր փառքի երազները, Մովսէս որ սահմանուած էր մեծ արժանիքներու այժմ դարձած է հովիւ մը՝ որ կ՛արածէ ուրիշի մը ոչխարները։

Մադիանի անապատի լռութեան մէջ է, որ Աստուած Մովսէսը կը կոչէ բռնկող մորենիի ընդմէջէն. «Ես Քու Հօր Աստուածն եմ, Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը. Եւ Մովսէսն իր երեսը ծածկեց. Որովհետեւ կը վախնար Աստուծոյ նայելու» գրուած է Ելից գիրքին մէջ» (3, 6)։

Մինչ Աստուած անոր կը խօսի եւ կը հրաւիրէ հոգ տանելու Իսրայէլի ժողովուրդին, Մովսէսը կը խօսի իր վրդովումներու մասին ու կը հակառակի այդ կոչումին, ինքզինք զգալով անարժան այդպիսի առաքելութեան մը… Մովսէս արդարեւ կը յայտնուի բոլորիս նման մարդ մը, ու մենք տպաւորուած ենք ոչ թէ անոր ուժով այլ անոր տկարութեամբ։

Աստուած Մովսէսին կու տայ պաշտօնը իր Ժողովուրդին փոխանցելու Օրէնքը, ըլլալու աստուածային պաշտամունքին հիմնադիրը, միջնորդ խորհուրդներուն, սակայն ասով հանդերձ Մովսէս չի դադրիր իր ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերելու զօրակցութեան կապեր, յատկապէս փորձութեան եւ մեղքի պարագաներուն։ «Մովսէս միշտ կապուած մնաց ժողովուրդին եւ այս մէկը Հովիւներուն մեծութիւնն է յիշել ժողովուրդը՝ մօտիկ ըլլալ անոր, յիշողութիւն ունենալ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը:

Մովսէս Աստուծոյ հետ մեծ բարեկամութիւն ունի մինչեւ այն աստիճան որ կարող  է Անոր հետ խօսիլ դէմ առ դէմ (Ելից 33, 11), սակայն ան պիտի մնայ նաեւ բարեկամ մարդոց՝ մինչեւ այն աստիճան որ անոնց փորձութիւններուն եւ մեղքերուն համար ողորմութիւն հայցէ։

Ուստի Մովսէսը հեղինակաւոր եւ բռնատիրական  առաջնորդ մը չէ. Ան նկարագրուած է որպէս « երկրի վրայ գտնուող ցանկացած մարդէ  աւելի խոնարհ և հեզ» եւ հակառակ իր առանձնաշնորհեալի իրավիճակին, Մովսէս չի դադրիր պատկանելու հոգիով աղքատներու խումբին, որոնք կ՛ապրին Աստուծոյ վրայ վստահութիւնը դարձնելով իրենց ճանապարհորդութեան անհրաժեշտ իրողութիւնը։ 

Այսպէսով Մովսէսի աղօթքի սեփական ձեւը կը դառնայ «բարեխօսութիւնը» (Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական, 2574)։ Անոր Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքը եւ հայրական զգացումը հանդէպ իր ժողովուրդին կը դառնան մէկ բան։

Սուրբ գրութիւնը զայն կը ներկայացնէ ընդհանրապէս ձեռքերը դէպի վեր բարձրացած, դէպի Աստուած, կարծես թէ կամուրջ մը ըլլար Երկնքի եւ Երկրի միջեւ։

Նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն, նոյնիսկ այն օրը երբ ժողովուրդը կը մերժէ Աստուած եւ Մովսէսի առաջնորդի դերը, սկսելով պաշտել Ոսկիէ Հորթը, Մովսէս չի լքեր իր ժողովուրդը։ Աստուծոյ կ՛ըսէ թէ այս մարդիկը մեծ մեղք մը գործեցին, եւ իրենց համար ոսկի աստուած մը շինեցին։ Բայց հիմա եթէ  դուն ներէս անոնց մեղքը՝ ներեցիր…ապա թէ ոչ կ՛աղաչեմ ջնջէ զիս քու գրած գիրքէդ (Ելից 32, 31-32):

Ասիկա աղօթքն է որ իսկական հաւատացեալները կը մշակեն իրենց հոգեւոր կեանքին մէջ։ Նոյնիսկ երբ փորձարկեն մարդոց դերութիւնները ու անոնց Աստուծմէ հեռանալը, այդ աղօթքի մարդիկը զանոնք չեն դատապարտեր, չեն մերժեր։  Բարեխօսութեան վերաբերմունքը արդարեւ Սուրբերուն կը պատկանի եւ Յիսուսի նման անոնք կամուրջներ են Աստուծոյ եւ  ժողովուրդին միջեւ։ Մովսէս եւս այս իմաստով եղաւ Յիսուսին ամենամեծ մարգարէն, Յիսուս՝ մեր փաստաբանը ու մեր բարեխօսը։

Մովսէս մեզ կը մղէ աղօթելու Յիսուսին նոյն գորովով, բարեխօսելու աշխարհին համար ու յիշելու թէ ան հակառակ բոլոր դիւրաբեկութիւններուն մշտապէս կը պատկանի Աստուծոյ։

Եւ աշխարհը կ՛ապրի ու կը ծաղկի շնորհիւ արդարի օրհնութեան, գթութեան այն աղօթքին զոր սուրբը անընդհատ կը բարձրացնէ մարդոց համար, պատմութեան ամէն ժամանակի եւ ամէն վայրի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2020, 09:47