Որոնել

1591776560486.jpg

«Մեր դիւրաբեկութեան մէջ է որ Աստուած մեզ կ՛օրհնէ». Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը:

Ամէնքս ժամադրութիւն մը ունինք Աստուծոյ հետ խաւարին մէջ։ Մեր կեանքի գիշերուան մէջ, մեր կեանքի այն բազմաթիւ գիշերներուն մէջ, խաւար պահեր, մեղքերու պահեր, ուղեկորոյս պահեր...։ Այդ նոյն գիշերուան մէջ է որ Աստուած պիտի փոխէ մեր սիրտը ու պիտի պարգեւէ նաեւ իր օրհնութիւնը

Եւ Յակոբը մինակ մնաց, եւ մի մարդ գօտէմարտում էր նորա հետ մինչեւ արշալոյսի ծագելը… Եւ նա ասեց. Թող տուր ինձ, որովհետեւ արշալոյսը ծագեց. Եւ Յակոբն ասեց. Չեմ թողիլ քեզ՝ մինչեւ որ ինձ չօրհնես։ Եւ նա ասեց նորան. Ի՞նչ է անունդ. Նա էլ ասեց. Յակոբ է։ Եւ նա ասեց. Այլեւս քո անունը Յակոբ չասուի, այլ Իսրայէլ. Որովհետեւ Աստուծոյ հետ եւ մարդկանց հետ մարտնչեցիր, եւ յաղթեցիր։ Եւ Յակոբը հարցրեց եւ ասեց. Աղաչեմ՝ անունդ ասիր։ Եւ նա ասեց. Ինչո՞ւ ես իմ անունը հարցնում. Եւ նա օրհնեց նորան այնտեղ։ (Ծննդոց 32, 25-30)

Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 10 Յունիս 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  համաճարկի բերումով առաքելական պալատի մատենադարանէն  ուղիղ եթերի սփռումով գլխաւորած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առթիւ, շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը՝ հիմնուած Ծննդոց գիրքին վրայ, խօսեցաւ Յակոբի աղօթքի մասին։

«Ծննդոց գիրքը հնադարեան մարդոց ու կիներու իրադարձութիւններուն ընդմէջէն մեզի կը պատմէ պատմութիւններ՝ որոնց մէջ կարող ենք տեսնել նաեւ մեր կեանքը» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ «Պատրիարքներու շարքին  կը գտնենք մարդ մը՝ որուն ամենալաւ տաղանդն էր խորամանկութիւնը, Յակոբը։ Աստուածաշունչի դրուագը մեզի կը խօսի Յակոբի ու իր եղբօր Եսաւի միջեւ դժուար յարաբերութեան մասին։ Անոնց միջեւ կար մրցակցութիւն։ Յակոբը կրտսեր զաւակն էր սակայն խորամանկութեամբ կը կարողանայ իր Հօրմէ խլել օրհնութիւնը ու երեցութիւնը եւ այս մէկը անոր երկար շարքի խորամանկութիւններուն առաջինը կը հանդիսանայ։

Յակոբը կը ստիպուի հեռանալ ու փախչիլ եղբօրմէ, եւ անոր կեանքը յաջողութիւններով կը պսակուի։ Մեծ հարստութիւն կը դիզէ դառնալով նաեւ մեծ հօտի մը տէրը։ Կը կարողանայ իրեն որպէս կին առնել Լաբանի ամենագեղեցիկ աղջիկը։ Սրամտութեամբ Յակոբը կը կարողանայ ձեռք բերել ամէն ինչ որ կը փափաքի։

Օր մը սակայն կը զգայ իր հօրենական տան կարօտը, ուր տակաւին կ՛ապրէր իր եղբայրը Եսաւը։ Յակոբը երկար ճամբորդութիւն կը կատարէ հասնելով Յաբօկի առուակին ափը։

Աստուածաշունչը կը պատմէ թէ Յակոբը իր ամէն ունեցածը անցուց միւս ափը ու ինք մնաց առանձին, հակառակ ափին վրայ, ուր մտորումներու մէջ էր թէ ի՛նչ կը սպասէր իրեն յաջորդ օրը, թէ ինչպիսի վարուելակերպ պիտի ունենար իր եղբայրը Եսաւը։ Երբ գիշերը կը հասնի յանկարծակի կը յայտնուի օտարական մը, որ կը սկսի մարտնչիլ Յակոբի հետ։ Եկեղեցւոյ քրիստոնէականը կը բացատրէ թէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր աւանդութիւնը այս պատմուածքին մէջ կը նշմարէ աղօթքին յատկանիշը՝ որպէս հաւատքի մարտ մը ու հետեւողականութեան յաղթանակ։

Յակոբը կը մարտնչի բոլոր գիշերը ու վերջաւորութեան պարտութեան կը մատնուի։ Այդ խորհրդաւոր անձնաւորութիւնը Յակոբ Պատրիարքին անունը կը հարցնէ ապա անոր կ՛ըսէ. «այսօրուընէ պիտի կոչուիս Իսրայէլ՝ որովհետեւ Աստուծոյ հետ եւ մարդկանց հետ մարտնչեցիր, եւ յաղթեցիր»։ Երբ սակայն Յակոբը խորհրդաւոր անձին կը հարցնէ անունը ան չի պատասխաներ հարցումին բայց կ՛օրհնէ Յակոբը ու կ՛անյայտանայ եւ Յակոբ այնտեղ կը հասկնայ թէ հանդիպած էր Աստուծոյ։

Աստուծոյ հետ մարտնչիլը աղօթքի փոխաբերական իմաստ է։ Այդ գիշեր Յակոբը դուրս կու գայ փոխուած։ Ան այլեւս այն ռազմավար եւ հաշիւ ընող մարդը չէ։ Մէկ անգամ ընդ միշտ Աստուած զայն կը դարձնէ իրականութեան։ Ինքը չէ այլեւս իրադարձութիւններուն տէրը։ Վախի մէջ է։ Յակոբը ուրիշ բան չունի նուիրելու Աստուծոյ եթէ ոչ իր դիւրաբեկութիւնը իր անկարողութիւնը։ Եւ այդ դիւրաբեկութեան եւ տկարութեան մէջ է որ Յակոբն կ՛ընդունի  Աստուծոյ  օրհնութիւնը, դիւրաբեկ սակայն նոր սրտով։

Ան առաջ ինքնահաւան էր, կը վստահէր իր խորամանկութեան վրայ։ Ան մարդ մըն էր , որ անթերի էր շնորհքին, հրակայուն էր ողորմութեան: Բայց Աստուած փրկեց այն ինչ որ կորսուած էր։

Ամէնքս ժամադրութիւն մը ունինք Աստուծոյ հետ խաւարին մէջ։ Մեր կեանքի գիշերուան մէջ, մեր կեանքի այն բազմաթիւ գիշերներուն մէջ, խաւար պահեր, մեղքերու պահեր, ուղեկորոյս պահեր...այնտեղ ժամադրութիւն մը կայ Աստուծոյ հետ, միշտ։ Ան մեզ պիտի զարմացնէ մեր չի սպասած պահուն, ուր պիտի գտնուինք իսկապէս առանձին։ Այդ նոյն գիշերուան մէջ մարտնչելով անյայտ անձին հեր, պիտի հասկնանք թէ մենք միայն աղքատ մարդիկ ենք։  Բայց եւ այնպէս ճիշդ այդ պահուն է որ Աստուած մեզի պիտի տայ նոր անուն մը, որ կը պարունակէ մեր կեանքին իմաստը, պիտի փոխէ մեր սիրտը ու պիտի պարգեւէ նաեւ իր օրհնութիւնը որ սահմանուած է բոլոր անոնց որոնք թոյլ կու տան փոխակերպուիլ Անորմէ։ Այս մէկը գեղեցիկ հրաւէր մըն է՝ թոյլ տալ որ Աստուած մեզ փոխէ։ Ան գիտէ ինչպէս ընել այս մէկը, որովհետեւ կը ճանչնայ մեզմէ իւրաքանչիւրը։ Տէր դուն կը ճանչնաս զիս։ Փոխէ զիս»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2020, 09:47