Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւէր ուղղեց երիտասարդներուն՝ մօտիկ ըլլալու տարեցներուն։

Սրբազան Քահանայապետը, յատուկ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն, մօտիկ ըլլալու իրենց մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն, որոնք՝ ըսաւ Ան, «արմատներ» են եւ աւելցուց ՝թէ «առանց արմատներու ծառ մը չի կարող պտուղ պարգեւել»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 Յուլիս 2020-ին տօնն է Սուրբ Յովակիմ ու Սրբուհի Աննային Յիսուսին մեծ հայրիկն ու մեծ մայրիկը, որուն առթիւ Սրբազան Քահանայապետը, կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն, մօտիկ ըլլալու իրենց մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն, որոնք՝ ըսաւ Սրբազան Պապը, «արմատներ» են եւ աւելցուց ՝թէ «առանց արմատներու ծառ մը չի կարող պտուղ պարգեւել»։

«Կ՛ուզեմ հրաւէր ուղղել երիտասարդներուն՝ տարեցներուն նկատմամբ քնքշութեան արարք մը կատարելու, յատկապէս անոնց նկատմամբ, որոնք միայնակ են, ծերանոցներու մէջ, եւ անոնց՝ որոնք ամիսներէ ի վեր իրենց հարազատները չէն տեսած։ Սիրելի երիտասարդներ, այս տարեցներէն իւրաքանչիւրը ձեր պապիկն է։ Միակ մի թողուք զանոնք։ Դիմեցէք սիրոյ երեւակայութեան,  հեռախօսային կապ հաստատեցէք, տեսակապ, պատգամներ ուղարկեցէք, մտիկ ըրէք անոնց եւ ուր կարելի է, յարգելով առողջապահական օրէնքները, գացէք զանոնք այցելելու։ Անոնց ողջագուրում մը ուղարկեցէք։ Անոնք ձեր արմատներն են։ Ծառ մը խզուած արմատներէն չի կրնար աճիլ, չի ծաղկիր եւ պտուղ չի տար։ Ասոր համար կարեւոր է միութիւնը եւ ձեր արմատներու հետ կապը։ «Այն ինչ որ ծառին վրայ ծաղկած է կը բխի գետնի տակ եղածէն» կ՛ըսէ իմ երկիրս բանաստեղծ մը։ Ասոր համար կը հրաւիրեմ ձեզ ծափահարութեամբ ողջունել մեր տատիկն ու պապիկները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մինչ հրապարակի հաւատացեալները ծափողջոյնով ընկալեցին այս հրաւէրը։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Սրբազան Պապը հուսկ ակնարկեց Տոնպասս տարածաշրջանի մէջ (Ուկրանիա) վերջերս հաստատուած նոր հրադադարին, շնորհակալութիւն յայտնելով «այդ բարի կամքի արարքին  համար, որ կը ձգտի այդ մարտիրոս տարածաշրջանին մէջ վերահաստատել այնքան պահանջուած խաղաղութիւնը։ Կ՛աղօթեմ՝ որպէսզի այս համաձայնութիւնը վերջապէս ի գործ դրուի, իսկական զինաթափումի գործընթացի  ու ականազերծումի միջոցաւ։ Միայն այսպէս կարելի է վերակառուցել վստահութիւնը եւ նախադրեալները դնել հաշտութեան մը՝ որ այդքան կարեւոր է որքան սպասուած բնակչութենէն», յարեց Նորին Սրբութիւն հուսկ ողջունեց հրապարակ ժամանած  հաւատացեալներու զանազան խումբերը, ու հրաժեշտ առաւ անոնցմէ  մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2020, 12:19