Որոնել

Արժանթինցի աղքատ մը Արժանթինցի աղքատ մը 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը քորոնաժահրի թիրախ Արժանթինի «Curas villeros» ներուն. «Կ՛աղօթեմ ձեզի համար եւ ձեզի կ՛ընկերանամ»։

Լսատեսողական պատգամով մը Նորին Սրբութիւնը մօտիկութիւն յայտնեց ժողովրդապետներուն՝ որոնք առաքելութիւն կը մատուցեն Պուէնըս Այրէսի աղքատ եւ ժողովրդական շրջաններուն մէջ, որոնք այսօր թիրախ են Քովիտ-19 համաճարակին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մօտիկութիւն, աղօթք եւ աջակցութիւն» այս զգացումներով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ լսատեսողական պատգամով մը խօսքը ուղղեց “Curas villeros” ներուն այսինքն Պուէնըս Այրէսի «Villas miserias - դժբախտութեան բնակարաններ», աղքատ եւ ժողովրդական թաղամասերու ժողովրդապետներուն որոնք թիրախ են քորոնաժահրի համաճարակին։ Անոնցմէ երեքը արդարեւ վարակուած են Քովիտ19 ժահրէն եւ ճիշդ անոնց է որ Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ուղղեց իր խօսքը  «Ձեզի կ՛ուզեմ ըսել թէ մօտիկ եմ ձեզի, թէ կ՛աղօթեմ ձեզի համար եւ ձեզի կ՛ընկերանամ այս պահուն։ Գիտեմ թէ կը պայքարիք, աղօթքով եւ բժիշկներու օգնութեամբ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը՝ 9 յուլիս 2020-ին անոնց ուղղած պատգամին մէջ։

Քահանայապետը հուսկ յատուկէն յիշեց Հայր Պազիլիսիօ Պրիթէզը զայն որակելով «Վիլա Փալիթոյի ռահվիրայ», քաղաքի ամենէ աղքատ թաղամասերէն մին, զայն յանձնելով Տիրոջ հովանիին։ Քահանայապետը հուսկ խնդրեց շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ  այդ քահանաներուն վկայութեան համար ու խնդրեց նաեւ անոնց ապաքինումին համար աղօթքներ։

"Curas Villeros" ժողովրդապետներու խումբը ծնունդ առած է 60ական թուականներուն եւ վերածնունդ մը ապրած է 90ական թուականներուն, այդ ժամանակուայ Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի՝ այսօր Ֆրանչիսկոս Պապ։

Խումբը կազմուած է 22 քահանաներէ որոնք կը գործեն 8 տարբեր թաղամասերու մէջ։ Անոնց միջեւ ամենէ հռչակաւորը Հայր Խօսէ Մարիա Տի Փաոլան է ՝ «Հայր Փեփէն», որուն մասին խօսած էր նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը, 2 Մարտ 2017-ին Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի մայր տաճարին մէջ ժողովրդապետներուն հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացին՝ զայն ներկայացնելով որպէս առաքելութեան տիպար։   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/07/2020, 09:04