Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապի արհեստական շնչառական սարք նուրիեց Քամփանհա Հիւանանոցին Ֆրանչիսկոս Պապի արհեստական շնչառական սարք նուրիեց Քամփանհա Հիւանանոցին 

Ֆրանչիսկոս Պապ արհեստական շնչառական այլ 4 սարք նուիրեց քորոնա ժահրով վարակուած բնիկ ժողովուրդներուն։

արհեստական շնչառական սարքերը յատուկէն պիտի օգտագործուին քորոնա ժահրով վարակուած Մարապա քաղաքի բնիկ ժողովուրդներուն համար

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Համաճարակի ճգնաժամի դժուար օրերուն, ֆրանչիսկոս Պապ կը շարունակէ զօրակցիլ աղքատ  երկիրներու մէջ քորոնա ժահրի թիրախ անձերու խնամք տանելու առաքելութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Արդարեւ ֆրանչիսկոս Պապ այլ արհեստական շնչառական 4 սարք նուիրեց Պրազիլի Փարա նահանգի մէջ գտնուող Քամբանհա հիւանդանոցին, տեղւոյն առաքելական նուիրակի միջոցաւ։ Այդ սարքերը յատուկէն պիտի օգտագործուին ժահրով վարակուած Մարապա քաղաքի բնիկ ժողովուրդներուն համար։ Այս մասին Վատիկան Նիւզի փոխանցեց Մարապա թեմի եպիսկոպոս Գերապայծառ Վիթալ Քորպելլինին։

Գերապայծառ Քորպելլինի իր թեմին պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակած մէկ տեսերիզով մը նկարահանուած Քամբանհա հիւանդանոցին մօտ,  շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին ապա յայտարարեց, թէ արուեստական շնչառական սարքերը պիտի օգտագործուին կարիքաւոր անձերուն համար։

«Ֆրանչիսկոս Պապ միշտ իր սիրտին մէջ  կրած բնիկ ժողովուրդները,  որովհետեւ անոնց  իրաւունքները ստէպ ոտնակոխուած են։ Պետութիւնը  շատ հոգ չտանիր այդ անձերուն։ Յոյժ կարիքը կայ սրտանց հոգ տանելու բնիկ ժողովուրդներուն փրկելով անոնց կեանքը։ Այս պատճառաւ է,  որ որոշեցինք թէ ֆրանչիկոս Պապին  արհեստական շնչառական սարքերը պիտի տրամադրենք նախ եւ առաջ կարիքաւոր անձերուն։ յայտնած է Մարապա թեմի եպիսկոպոսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2020, 14:14