Որոնել

Պրազիլի հիւանդանոցները ստացան Քահանայապետին ուղարկած շնչառութեան գործիքները։ Պրազիլի հիւանդանոցները ստացան Քահանայապետին ուղարկած շնչառութեան գործիքները։ 

Պրազիլի հիւանդանոցները ստացան Քահանայապետին ուղարկած շնչառութեան գործիքները։

Պրազիլի Փորթօ Ալլեկրէի Սաու Լուքաս հիւանդանոցը ստացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ուղարկած քորոնաժահրի վարակումներու խնամքին համար բժշկական սարքերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 17 օգոստոսին հաղորդուած էր լուրը թէ Ֆրանչիսկոս Պապին անունով Պրազիլ կ՛ուղարկուին “Draeger” տիպի 18 շնչառութեան սարքեր եւ “Fuji” տիպի  6 «էքոկրաֆի» գործիքներ։ Նուէր մը որ այս օրերուն հասաւ իր նպատակակէտին եւ յանձնուեցաւ Փորթօ Ալլեկրէ Սաու Լուքաս հիւանդանոցին։

Նշենք թէ Պրազիլը այն երկիրներէն է որոնք աւելիով կը տառապին քորոնաժահրի տարածումէն ու ան եղած է Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ ուշադրութեան առարկայ։

Սարքերու յանձնումին մարդասիրական առաքելութեան կազմակերպիչները եղան՝ Քահանայապետական Ողորմաբաշխութեան գրասենեակը եւ «Hope Onlus» ընկերակցութիւնը։ Քահանայապետի բժշկական սարքերը սահմանուած են Պրազիլի տարբեր հիւանդանոցներուն։

Փորթօ Ալլեկրէ թեմին առաջնորդ Գերապայծառ Ժէյմ Սփենկլըր օրհնելով քաղաքի հիւանդանոցին տրամադրուած բժշկական սարքերը ընդգծեց կարեւորութիւնը« մարդոց ու կիներու զօրակցութեան՝ որոնք մտահոգ են նուազ բախտաւոր անձերու կեանքով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2020, 10:13