Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 19 օգոստոսի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։ Պսակաձեւ ժահրի դէմ բոլորին համար պատուաստանիւթ, մասնաւորապէս աղքատներու համար

Պէտք է բուժել մեծ վիրուս մը, ընկերային անարդարութեան, հնարաւորութիւններուն անհաւասարութեան ու տկարներուն պաշտպանութեան ժահրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 19 օգոստոս 2020-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի առաքելական պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, շարունակելով անցեալ շաբաթ սկսած խորհրդածութիւններու «աշխարհը բուժել»  վերտառութեամբ նոր շարքը՝ հայող համաճարակին ու այս անգամ յատուկէն անդրադառնալով աղքատներու նախընտրանքին։

Ունկնդրէ լուրը

«Համաճարակը ի յայտ դրաւ աղքատներուն  դժուար կացութիւնը ու աշխարհին վրայ տիրող  մեծ անհաւասարութիւնը։ Եւ Ժահրը մին՝չ տարբերութիւն չ՝ըներ,անձերու միջեւ, խտրականութեան , անհաւասարութեան ու քայքայիչ ուղեւորութիւն  մը գտաւ՝ զանոնք աճեցնելով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով  «Համաճարակի պատասխանը ուրեմն երկողմանի է։ Մէկ կողմէ անհրաժեշտ է դարման գտնել փոքրիկ սակայն ահռելի վիրուսին, որ ծունկի կը բերէ համայն աշխարհը ։ Միւս կողմէ պէտք է բուժել մեծ վիրուս մը, ընկերային անարդարութեան,  հնարաւորութիւններուն  անհաւասարութեան,  ու տկարներուն պաշտպանութեան ժահրը։ Այս երկողմանի ամոքումի պատասխանին մէջ կայ ընտրանք մը, աւետարանին համաձայն, որ երբեք պէտք չէ անպակաս ըլլայ։ Աղքատներու նախընտրանքը։

Քրիստոս, որ Նոյնինքն Աստուած է , ինքզինք մերկացուց, մարդուն նմանելու համար ու չ՝ընտրեց առանձնաշնորհեալ կեանք մը, այլ ծառայի պայմանը։ Յիսուս ծնաւ խոնարհ ընտանիքի ներքեւ, աշխատելով որպէս արհեստաւոր։  Քարոզչութեան սկիզբը, Ան աւետեց, որ Աստուծոյ արքայութեան մէջ աղքատները երանելի են։ Յիսուս հիւանդներուն, աղքատներուն, մեկուսացեալներուն մէջ գտնուեցաւ, անոնց ցոյց տալով Աստուծոյ ողորմած սէրը։
Ասոր համար, Յիսուսի հետեւորդները կը ճանչցուին իրենց՝ աղքատներու, փոքրիկներուն, բանտարկեալներու, մեկուսացեալներուն, մոռցուածներու, անտէրներուն, կերակուրէ ու հագուստէ զրկուածներուն ցուցաբերած մօտիկութենէն։ Սա չափանիշ բանալին է հարազատ Քրիստոնէականութեան։

Ոմանք սխալ կը մտածեն, թէ այդ աղքատներու նկատմամբ նախընտրեալ սէրը, քիչերու պարտականութիւնն է, սակայն իրականութեան մէջ համայն եկեղեցւոյ առաքելութիւն է ։

Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ ու հասարակութիւն կանչուած է Աստուծոյ գործիքները դառնալու, աղքատներուն ազատութեան եւ զարգացման համար։

Հաւատքը, յոյսը, եւ սէրը, անշուշտ մեծ կը մղեն դէպի այդ ՝առաւել կարիքաւորներու նախընտրութեան ։Արդարեւ ասիկա կ՝ենթադրէ միասնաբար քալել եւ թոյլ տալ որ աղքատները մեզ աւետարանեն, որոնք լաւ կը ճանչնան տառապող Քրիստոսը, թոյլ տալ վարակուելու անոնց փրկութեան փորձառութենէն, իմաստութեան, ստեղծագործական փորձառութենէն։

Աղքատներու հետ կիսել կը նշանակէ միասնաբար հարստանալ։ Եւ կան հիւանդ ընկերութիւններ, որոնք արգելք կը հանդիսանան երազելու անոնց ապագայի համար, պէտք է որ  միասնաբար աշխատիլ այդ ընկերութիւնները բուժելու ու փոխելու համար։ Այս մէկում առաջնորդ է Քրիստոսի սէրը, որ մեզ սիրեց մինչեւ վերջին աստիճան ու կը հասնի մինչեւ սահմանները , գոյութենական սահմանները։  Արուարձաններուն փոխադրութիւնը դէպի կեդրոն, կը նշանակէ մեր կեանքի կեդրոնը զետեղել Քրիստոսի մէջ, որ աղքատ դարձաւ մեզի համար, մեզ հարստացնելու համար, իր աղքատութեան միջոցաւ։

Բոլորս մտահոգ ենք համաճարակի ընկերային հետեւանքներուն համար։ Շատեր կ՝ուզեն բնականոն կեանքի վերադառնալ ու վերսկսիլ տնտեսական գործունէութիւնները։
Վստահ, այս բնականոնութիւնը պէտք չէ որ ներառէ ընկերային անարդարութիւնները եւ շրջակայ միջավայրի վատթարացումը։
Այսօր՝ առիթ ունինք տարբեր բան մը կառուցելու։ Օրինակի համար կրնանք զարգացնել աղքատներու համար համապարփակ զարգացումը ։ Տնտեսականութիւն մը որ  չդիմեր այնպիսի միջոցներու, որոնք իրականութեան մէջ կը թունաւորեն ընկերութիւնը, ինչպէս եկամուտներ որոնք տարանջատուած են արժանավայել աշխատեղիներու ստեղծումէն։

Այսպէս շահեր տարանջատուած են իսկական տնտեսականութիւնէն, որ պէտք է նպաստաւոր ըլլան հասարակ ժողովուրդին, եւ երբեմն անոնք անտարբեր են հասարակաց տան վնասներուն հանդէպ։

Աղքատներու նախընտրանքի տարբերակը, այս ընկերա բարոյական պահանջը, որ յառաջ կու գայ Աստուծոյ սէրէն, թափ կու տայ մտածելու եւ պատրաստելու տնտեսականութիւն մը, ուր  անձերը, մասնաւորաբար աղքատները, կեդրոն կը դառնան։ Եւ մեզ կը քաջալերէ ծրագրելու ժահրի բուժումը՝ նախընտրելով առաւել կարիք ունեցողները։

Ինչքան տխուր պիտի ըլլար, եթէ քովիտ 19 ին պատուաստանիւթին մէջ առաջնահերթութիւն տրուէր հարուստներուն։ Եւ մեծ գայթակղութիւն պիտի պատճառէր  եթէ ամբողջ տնտետական խնամակալութիւնը կեդրոնացած ըլլար  ընկերութիւններու վերականգումին վրայ, որոնք չեն նպաստեր բացառուածներուն ներառութեան, վերջիններուն զարգացման, հասարակաց բարիքին եւ արարչագործութեան խնամքին։

Եթէ ժահրը անգամ մը եւս բազմապատկուի, աղքատներուն  ու խոցելիներուն հանդէպ անարդար  աշխարհի մը մէջ, պարտինք աշխարհը փոխել։

Յիսուսի օրինակով,  բժիշկը՝ աստուածային համապարփակ սիրոյ , այսինքն  ֆիզիքական, ընկերային ու հոգեւոր ամոքումի բժիշկը, պարտինք գործի անցնիլ, բուժելու համար՝ անտեսանելի փոքրիկ ժահրերէն յառաջացած համաճարակները, բուժելու համար նաեւ ընկերային անարդարութիւններէն յառաջացած տեսանելի եւ մեծ համաճարակները։

Մեկնելով այս սէրէն, յոյսով խարսխուած, հաւատքով հաստատուած, առողջ աշխարը մը կարելի է ։» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2020, 10:30