Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Բարիքներու համընդհանուր նպատակակէտը և յոյսի առաքինութիւնը». Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Մենք կ՛ապրինք ճգնաժամ մը։ Համաճարակը մեզ դրաւ տագնապի մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը,եւ աւելցուց. «Յիշեցէք, թէ կարելի չէ ճգնաժամէն դուրս գալ նոյն վիճակով, կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ դուրս կու գանք։ Այս է մեր այլընտրանքը։ Տագնապէն ետք արդե՞օք պիտի շարունակենք այս ընկերային անարդարութեան տնտեսական համակարգը եւ պիտի շարունակենք արհամարհել կենսոլորտի, արարչութեան եւ հասարակաց տան խնամքը» հարց տուաւ Ան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,  բարի լոյս,  համաճարակի ու անոր ընկերային հետեւանքներուն դիմաց վտանգը կայ որ շատեր կորսնցնեն յոյսը»:  Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 26 օգոստոսի չորեքշաբթի օրուայ ուղիղ եթերով սփռուած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, շարունակելով «Աշխարհը Բուժել» վերնագրով համաճարակէն ետք աշխարհի մասին իր խորհրդածութիւններու շարքը։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս անորոշութեան եւ անձկութեան ժամանակներուն բոլորը կը հրաւիրեմ ընկալելու Քրիստոսէն եկած յոյսին պարգեւը։ Ան է որ մեզ կ՛օգնէ նաւարկելու հիւանդութեան, մահուան եւ անարդարութեան ալեկոծ ջուրերուն մէջ, որոնք վերջին խօսքը չունին մեր վերջնական նպատակակէտին վրայ» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը նշելով որ «Համաճարակը ի յայտ դրաւ եւ սրացուց ընկերային հարցերը ու մասնաւորապէս անհաւասարութիւնը»։

«Ոմանք կարող են տունէն աշխատիլ, շատերուն համար սակայն այս մէկը անկարելի է։  Որոշ երախաներ, հակառակ դժուարութիւններուն, կարող են շարունակել դպրոցական կրթութիւն ստանալ, մինչ շատ մը ուրիշներուն համար այդ մէկը ընդհատուեցաւ կտրուկ կերպով։ Որոշ հզօր պետութիւններ կարող են դրամ թողարկել, դիմագրաւելու համար արտակարգ իրավիճակը, մինչ ուրիշներու համար այս մէկը կը նշանակէ ապագայի գրաւադրումը» նկատել տուաւ Քահանայապետը հաստատելով՝ որ «այս անհաւասարութեան ախտանշանները ցոյց կու տան ընկերային հիւանդութիւն մը. Այդ ժահրը կու գայ հիւանդ տնտեսութենէն։ Արդիւնքն է տնտեսական անարդար աճի, որ կ՛անտեսէ մարդկային հիմնարար արժէքները»:

Այսօրուայ աշխարհին մէջ շատ քիչ մեծահարուստներ ունին աւելին՝ քան մնացած մարդկութիւնը։

Անարդարութիւն մըն է՝ որ բարձր կ՛աղաղակէ դէպի երկինք։ Ու միեւնոյն ժամանակ տնտեսական տիպար մըն է, որ անտարբեր կը մնայ ի տես հասարակաց  տան դէմ գործուած վնասներուն։

Մենք մօտ ենք գերազանցելու մեր սքանչելի մոլորակի շատ մը սահմանները, ծանր եւ անվերադարձ հետեւանքներով. կենսաբազմազանութեան կորուստէն և կլիմայի փոփոխութիւններէն սկսեալ մինչև ծովի մակարդակի բարձրացումը և արևադարձային անտառներու ոչնչացումը:

Ընկերային անհաւասարութիւնը և շրջակայ միջավայրի քայքայումը միասնաբար կ՛ընթանան եւ ունին միեւնոյն  արմատը (քաղ. Enc. Laudato si ', 101). Մեղքը՝ տիրապետելու և տիրելու եղբայրներուն ու քոյրերուն, բնութեանը և նոյնինքն Աստուծոյ վրայ: Այս մէկը սակայն ստեղծագործութեան ծրագիրին չի համապատասխաներ։

«Աստուած սկիզբէն երկիրն ու անոր կենսապարգեւներու միասնական մատակարարումը յանձնեց մարդկութեան,  որպէսզի խնամք տանի անոր։ Աստուած խնդրեց որ  մենք իր անունով իշխենք երկրի վրայ, մշակելով ու խնամելով զայն որպէս այգի, բոլորին այգին (Ծննդոց 2, 15)» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը յանձնարարելով այս մէկը չի նկատել որպէս «սպիտակ թուղթ» մը, որ մեզի իրաւունք կու տայ չարաշահելու զայն։

Իւրաքանչիւր հասարակութիւն կարող է իր ապրուստի կարիքներուն համեմատ՝ քաղել երկրին բարիքներէն, սակայն պարտականութիւնն ունի նաեւ զայն պաշտպանելու։ Մեր պարտականութիւնն է որ հողին պտուղները հասնին բոլորին եւ ոչ միայն մի քանիներուն։

Ասիկա հիմնական տարր մըն է մեր եւ աշխարհի բարիքներուն միջեւ յարաբերութեան։

Գոյքը եւ դրամը միջոցներ են, որոնք կարող են  ծառայել առաքելութեան։ Մենք սակայն զանոնք դիւրաւ կը տրամադրենք  անհատական ու խմբային նպատակներու եւ երբ այս մէկը պատահի կը խեղաթիւրուին մարդկային հիմնական արժէքները։

Բարիքի մը տէր ըլլալը կը նշանակէ ըլլալ Նախախնամութեան մատակարարը, որ մեզի վստահեցաւ զայն, որպէսզի բեղմնաւորենք ուրիշներուն համար։

Մենք կը մոռնանք որ ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն, թէ ընկերային էակներ ենք, ստեղծագործ եւ զօրակից, սիրելու մեծ կարողութեամբ։

Երբ տիրապետելու և տիրելու մոլուցքը միլիոնաւոր մարդիկ կը  բացառէ է առաջնային բարիքներէ, երբ տնտեսական և արուեստագիտական անհաւասարութիւնն այնպիսին է, որ կարող է պոկել ընկերային  խաւը. և երբ անսահմանափակ նիւթական առաջընթացի կախուածութիւնը կը սպառնայ մեր հասարակաց   տանը, մենք չենք կարող մնալ պարզ դիտորդներ։ Ո՛չ։ Մեր հայեացքը  կեդրոնացած Յիսուսին վրայ եւ վստահութեամբ թէ Անոր սէրը կը գործէ իր աշակերտներու հասարակութեան միջոցաւ մենք պէտք է գործենք բոլորս միասին յոյսով ծնունդ տալու տարբեր եւ աւելի լաւ բանի մը։

Քրիստոնէական յոյսը արմատացած Աստուծոյ մէջ մեր խարիսխն է։ Ան թիկունք կը կանգնի բաժնեկցելու մեր կամքին, ամրապնդելով մեր առաքելութիւնը ՝ որպէս աշակերտները Քրիստոսին, որ ամէն ինչ բաժնեկցեցաւ մեր հետ։

Այս մէկը հասկցած էին քրիստոնեայ առաջին հասարակութիւնները՝ որոնք, մեզի նման ապրեցան դժուար ժամանակներ, եւ գիտակից, որ կը կազմեն մէկ սիրտ ու մէկ հոգի, իրենց բոլոր բարիքները կը դնէին միասին, վկայելով Քրիստոսի իրենց վրայ առատ շնորհքը։

«Մենք կ՛ապրինք ճգնաժամ մը։ Համաճարակը մեզ դրաւ տագնապի մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ աւելցուց. «Յիշեցէք,  թէ կարելի չէ ճգնաժամէն դուրս գալ նոյն վիճակով, կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ դուրս կու գանք։ Այս է մեր այլընտրանքը։ Տագնապէն ետք արդե՞օք պիտի շարունակենք այս ընկերային անարդարութեան տնտեսական համակարգը եւ պիտի շարունակենք արհամարհել կենսոլորտի, արարչութեան եւ հասարակաց տան խնամքը» հարց տուաւ Ան ու մաղթանք յայտնեց որ «21-րդ դարու քրիստոնեայ հասարակութիւնները կարողանան վերատեսել այդ իրողութիւնը վկայութիւն տալով Տիրոջ Յարութեան»։

Եթէ խնամք տանինք բարիքներուն զոր Արարիչը մեզի կը պարգեւէ, եթէ համախմբենք մեր ունեցուածքը այնպէս ընելով, որ ոչ մէկուն պակսի այս մէկը, այդ ժամանակ իրապէս պիտի կարենանք յոյս ներշնչել, վերածնելու համար աւելի առողջ եւ հաւասար աշխարհ մը։

Աւարտելու համար խորհրդածութիւնս  մտածենք մանուկներուն։ Կարդացէք վիճակագրութիւնները։ Քանի մանուկներ այսօր կը մեռնին անօթութենէն, հարստութեան անբաւարար բաշխումի հետեւանքով։ Քանի մանուկներ իրաւունք չունին կրթութեան, այդ նոյն պատճառով։ Թող որ այս կարիքաւոր  անօթի եւ կրթութենէ զուրկ մանուկներուն  պատկերը, մեզ օգնէ ու հասկցնէ թէ այս տագնապէն ետք մենք պէտք է դուրս գանք աւելի լաւ։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2020, 09:51