Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Կարեկցութիւնը անտարբերութեան համաճարակի դէմ լաւագոյն պատուաստանիւթն է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Կարեկցութիւն ունեցողը կը պայքարի մնացորդացի եւ մսխումի դէմ։ Պէտք է իրար օգնենք այս ուղղութեամբ ու պահանջենք քաղաքական ընտրանքներ որոնք համատեղ դնեն առաջընթացն ու արդարութիւնը ու բոլորի համար զարգացումն ու կայունութիւնը, որպէսզի ոչ ոք զրկուի իր ապրած հողէն, շնչած լաւ օդէն, ըմպելի ջուրէն ու կերակուրէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 12 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց «Laudato si’ – Գովեալ ըլլաս» հասարակութեան անդամներուն։

Ունկնդրէ լուրը

«Դուք որպէս ձեր ամէն մէկ ձեռնարկի շարժիչ կեդրոն ընտրեցիք Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականի առաջարկած «համապարփակ բնապահպանութիւն»ը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղած խօսքին սկիզբը, բացատրելով թէ համապարփակ է որովհետեւ ամէնքս եւ ամէն ինչ ստեղծագործութեան մէջ իրարու հետ յարաբերութեան մէջ է,  իրարմէ կախուած է։

Համաճարակը եւս ի յայտ դրաւ այս մէկը, մարդուն առողջութիւնը չի կրնար անկախ ըլլալ միջավայրէն, որուն մէջ կ՛ապրի։ Ապա ակնյայտ է որ կլիմայական փոփոխութիւնները միայն բնութեան հաւասարակշռութիւնը չեն խախտեր այլ կը յառաջացնեն աղքատութիւն եւ սով, կը հարուածեն աւելի խոցելիները ու երբեմն կը ստիպեն որ անոնք լքեն իրենց հողերը։

«Ստեղծագործութեան անտեսումը և ընկերային անարդարութիւնները իրարու վրայ կ՛ազդեն փոխադարձ կերպով» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով հասարակութեան նպատակին՝ այն է հոգ տանիլ ամենավերջիններուն եւ արարչութեան, հետեւելով Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակին։

«Շնորհակալ եմ ձեզի եւ կը նորոգեմ կոչս յանձնառու ըլլալու մեր հասարակաց տան պաշտպանութեան համար։ Բոլորիս հայող պարտականութիւն մըն է սա ու յատկապէս պատասխանատուութիւնն է պետութիւններու եւ արտադրական գործունէութիւններուն պատասխանատուներուն»։

Պահանջը կայ իսկական կամքի մը՝ արմատէն դիմագրաւելու համար կլիմայական խախտումներուն հարցի պատճառները։ Հարկաւոր է նայիլ հեռուն եւ ոչ միայն անմիջականին, ապա թէ ոչ պատմութիւնը մեզի պիտի չի ներէ։ Պէտք է այսօր աշխատինք բոլորին վաղուան համար, որովհետեւ երիտասարդներն ու աղքատները հաշիւ պիտի պահանջեն մեզէ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ճառին երկրորդ մասը կեդրոնացուց համապարփակ բնապահպանութեան երկու բանալի բառերու վրայ. խոկում եւ կարեկցութիւն։

Խօսելով խոկումի մասին Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց այսօրուայ կեանքի իրականութեան որ յատկանշուած է «սպառումի» մտայնութեամբ, արմատներու մոռացութեամբ, բնութեան չարաշահումով։  Պէտք է վերադառնանք խորհրդածութեան, վերագտնենք լրութիւնը, ազատինք բջիջային հեռախօսի կաշկանդումներէն, մեր շուրջիններուն նայելու համար ուղիղ իրենց աչքերուն մէջ ու այնպէս ընենք նաեւ արարչութեան հետ։

Խոկալ կը նշանակէ ժամանակ գտնել լրութիւն պահելու համար, աղօթելու համար, որպէսզի մեր հոգիներուն մէջ վերագտնենք ներդաշնակութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը, գլուխի, սրտին եւ ձեռքերու միջեւ, մտքի, զգացումի եւ գործունէութեան միջեւ։

«Այն որ կը խոկայ կը վերագտնէ Աստուծոյ քնքուշ հայեացքը ու կը հասկնայ թէ արժէքաւոր է։ Որովհետեւ ամէն մէկը կարեւոր է Աստուծոյ աչքերուն։ Ան որ գիտէ խոկալ գիտէ շօշափելի կերպով գործի անցնիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով երկրորդ բառին՝ կարեկցութիւնը։

Ան խոկումի պտուղն է, որովհետեւ կարելի է հասկնալ թէ մէկը խոկումի մարդ է երբ ան կարեկից է ուրիշներուն ու անոնց մէջ կը տեսնէ եղբայրներ եւ քոյրեր, նման  Աստուծոյ  հայեացքին,   որ մեր բոլոր դերութիւններուն հանդերձ մեր մէջ կը տեսնէ զաւակներ, եղբայրներ եւ քոյրեր միակ ընտանիքին որ կ՛ապրին միեւնոյն տան մէջ։ Անոր կարեկցութիւնը կը հակառակի մեր անտարբերութեան։

«Կարեկցութիւնը անտարբերութեան համաճարակի դէմ լաւագոյն պատուաստանիւթն է». ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով՝ որ ան որ կարեկից է կը հաստատէ թէ «դուն կարեւոր ես ինծի համար»։ Նման բարի սամարացիին որ գթութենէն մղուած հոգ կը տանի աւազակներու թիրախ մարդուն։

Աշխարհը պէտք ունի այս ստեղծագործ  եւ գործնական  սիրոյն յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ գթութիւնը ընտրանք մըն է. Ընտրել թշնամիներ չունենալ եւ իւրաքանչիւրի մէջ տեսնել իր մերձաւորը։

Կարեկցութիւն ունեցողը կը պայքարի մնացորդացի եւ մսխումի դէմ։ Պէտք է իրար օգնենք այս ուղղութեամբ ու պահանջենք քաղաքական ընտրանքներ  որոնք համատեղ դնեն  առաջընթացն ու արդարութիւնը ու  բոլորի համար զարգացումն ու կայունութիւնը, որպէսզի ոչ ոք զրկուի իր ապրած հողէն, շնչած լաւ օդէն, ըմպելի ջուրէն ու կերակուրէն։

Քահանայապետը խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն  յայտներով ներկաներուն իրենց յանձնառումին համար ապա անոն շնորհեց իր օրհնութիւնները խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/09/2020, 12:03