Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին բնապահպանութեան մասին զրոյցները պարունակող գիրքը Ֆրանչիսկոս Պապին բնապահպանութեան մասին զրոյցները պարունակող գիրքը 

“TerraFutura” Ֆրանչիսկոս Պապը համապարփակ բնապահպանութեան մասին կը խօսի «դանդաղ սնունդ» շարժումի նախաձեռնողին հետ։

Գիրքը հրատապ հրաւէր է կրիկին կապ հաստատելու մոլորակի  ու անոր բնակչութեան հետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապպին  ուսմունքներու համաձայն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

8 սեպտեմբեր 2020ին, տեղի ունեցաւ ,Իտալացի հեղինակ, Քարլօ Փեթրինիի «"Terrafutura" Ապագայ երկիր, զրոյց Ֆրանչիսկոս Պապին հետ համապարփակ բնապահպանութեան մասին», գիրքին ներկայացումը։

Ունկնդրէ լուրը

Գիրքին հեղինակը հիմնադիրն է «դանդաղ սնունդ» համաշխարհային շարժումին, հիմնուած 1980 թուականին, ունենալով որպէս նպատակ պաշտպանել տարածաշրջանային խոհարարական աւանդութիւնները, արագ սնունդի պայմաններէն, որ կը նկատուի արագօրէն ընդլայնուող սպառողական մտայնութիւն մը

Սոյն գիրքով, Քարլօ Փեթրինիի փափաքն է  քաջալերել եւ ընդառաջել լ ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 2015 թուականին «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին մէջ ուղղած  հրաւէրը. է  հոգ տանիլ հասարակաց տան , յատուկէն փոխելով ընկերային  եւ բնապահպանական լայն անարդարութեան յանգեցուցած կործանարար տիպարը։

Հիմնուելով համապարփակ բնապահպանութեան հայեցակարգի վրայ, գիրքը հիմնուած է Փեթրինիի և Քահանայապետի, երեք «անկեղծ և մտերիմ » անձնական զրոյցներու վրայ,  հայող  մոլորակի բարիքները «մշակելու և պահպանելու»յարգելով մոլորակի համայն բնակիչներուն կեանքն ու ապրուստի միջոցները՝ փոխադարձ համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ։

Քննարկուող երեք զրոյցները տեղի ունեցած են  նշանակելից եւ յատուկ ժամանակամիջոցներուն մէջ. առաջինը ՝2018ին, Իտալիոյ կեդրոնական շրջանին մէջ տեղի ունեցող ուժեղ երկրաշարժը,  երկրորդը 2019ին Ամազոնի նուիրուած եպիսկոպոսներու սինոդը, երրորդը 2020ին, Քովիտ 19 համաճարակի համաշխարհային առողջապահական տագնապը

Հատորին մէջ քննարկուած են  հինգ տարբեր նիւթեր. կենսաբազմազանութիւն, տնտեսութիւն, գաղթականութիւն, կրթութիւն եւ հասարակութիւն, բոլորը դիտուած շօշափելի եւ հոգեւոր տեսանկիւնէ ։
 
Ի վերջոյ գիրքը հրատապ հրաւէր մըն է կրիկին կապ հաստատելու մոլորակի ու անոր բնակչութեան հետ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին  ուսմունքներու համաձայն։


Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2020, 11:45