«Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական 

Ֆրանչիսկոս Պապին 7 սեպտեմբերի թուիթը՝ «Աշխարհը Խորհուրդ է»

Այս օրերուն եւ մինչեւ 4 հոկտեմբեր 2020, մէկ ամսուայ տեւողութեամբ, քրիստոնեայ ընտանիքը կը յիշատակէ Արարչագործութեան ժամանակը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աշխարհը շատ աւելին է քան լուծելիք հարց մը, ան ուրախալի խորհուրդ մըն է, որուն մասին կը խորհինք ուրախութեամբ եւ գովաբանութեամբ» #TempoDelCreato #LaudatoSì։ Ասիկա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 7 սեպտեմբեր 2020-ի հրապարակած թուիթն է որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան բնապահպանութեան նուիրուած «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականէն (Գովեալ Ըլլաս 12)։

Ունկնդրէ լուրը

Այս օրերուն արդարեւ եւ մինչեւ 4 հոկտեմբեր 2020, մէկ ամսուայ տեւողութեամբ,  քրիստոնեայ ընտանիքը կը յիշատակէ Արարչագործութեան ժամանակը, որ սկիզբ առաւ անցեալ մէկ սեպտեմբերն՝ Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օրուան առթիւ ու պիտի աւարտի 4 հոկտեմբերին, Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի տօնին օրը։

«Այս ժամանակաշրջանի ընթացքին, համայն աշխարհի  քրիստոնեաները կը վերանորոգեն իրենց հաւատքը Արարիչ Աստուծոյ մէջ եւ յատուկ կերպով կը միանան աղօթքի եւ հասարակաց տան պահպանման գործունէութեան» գրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը 2020-ի  Արարչագործութեան խնամքի Աղօթքի համաշխարհային օրուան պատգամին մէջ, ակնարկելով նաեւ  համամիութենական ընտանիքի կողմէ 2020-ի Արարչագործութեան ժամանակը նշելու համար ընտրուած նիւթին. «Երկրին Յոբելեան»ը, որ կը զուգադիպի «Երկրին Օրուան» տարեդարձի յիսուն ամեակին։

«Աշխարհը ուրեմն լուծելիք հարց մը չէ՝ այլ խորհուրդ ու միայն եթէ կարող ըլլանք կանգ առնել, դիտել եւ անսալ, կամ աւելին, խոկալ, կարող կ՛ըլլանք ճանչնալ հակասութիւնները որոնց դիմաց կը գտնուինք» կը գրէ միշտ  ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը 24 Մայիս 2015-ին հրապարակուած «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին մէջ, ուր ապա կ՛ընդգծէ թէ հարկաւոր է քայլի փոփոխութիւն,  անհրաժեշտ է դարձ մը՝ դարձ, որ իրականանալու համար կարիքը ունի այսօրուայ մարդէ տարբեր մարդու մը, խուսափելու  համար այն ամէն գինով յառաջ ընթանալու համոզումէն, մտածելով՝ թէ կարելի է «առողջ մնալ  հիւանդ աշխարհի մը մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2020, 13:30