Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Մարիամ՝ մայրական քնքշութեամբ ու ցաւով հոգ կը տանի այս վիրաւոր աշխարհին». Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։

Մարիամ իր սրտին մէջ կը կրէ ոչ միայն Յիսուսին կեանքը զոր ան «պահպանեց» մեծ հոգածութեամբ, այլ այժմ կը հասկնայ նաեւ ամէն բաներու իմաստը եւ ասոր համար կրնանք անորմէ խնդրել՝ որ մեզի օգնէ որպէսզի աւելի իմաստուն աչքերով նայինք այս աշխարհին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարիամ՝ մայրը որ հոգ տարաւ Յիսուսին, այժմ մայրական քնքշութեամբ ու ցաւով հոգ կը տանի նաեւ այս վիրաւոր աշխարհին»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 8 սեպտեմբեր 2020-ին թուիթը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր ծննդեան տօնին օրը։

Վերոնշեալ խօսքերը քաղուած են Սրբազան Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականէն, ուր ան Սուրբ Կոյսը կը ներկայացնէ, որպէս համայն արարչութեան Թագուհին։

Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէ. «Այնպէս ինչպէս ան խոցուած սրտով լացաւ Յիսուսին մահը, այժմ կը կարեկցի աղքատ խաչեալներու տառապանքին եւ մարդկային ուժով ոչնչացուած այս աշխարհի արարածներուն։ Ան կ՛ապրի Յիսուսին հետ, ամբողջութեամբ այլափոխուած, ու բոլոր արարածները կ՛երգեն անոր գեղեցկութիւնը։ Ան կինն է «զգեստաւորուած արեւով, ոտքին տակը լուսինը եւ գլխուն վրայ տասներկու աստղերով թագ մը»….Ան իր սրտին մէջ կը կրէ ոչ միայն Յիսուսին կեանքը զոր ան «պահպանեց» մեծ հոգածութեամբ, այլ այժմ կը հասկնայ նաեւ ամէն բաներու իմաստը եւ ասոր համար կրնանք անորմէ խնդրել՝ որ մեզի օգնէ, որպէսզի աւելի իմաստուն աչքերով նայինք այս աշխարհին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2020, 13:30