Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն։ Աշխարհը բուժել «Հասարակաց տան խնամքը եւ հայեցողական վերաբերմունքը»։

Մենք կը կարծենք ըլլալ ամէն ինչի կեդրոնը ու յաւակնութիւնն ունինք զբաղեցնելու Աստուծոյ տեղը եւ այդպէսով կը քանդենք Անոր ծրագրին ներդաշնակութիւնը։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 16 սեպտեմբեր 2020-ին Վատիկանի Սան Տամազօ գաւիթին մէջ նախագահած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Պապը շարունակելով  «Աշխարհը բուժել» յետ համաճարակի աշխարհին հայող խորհրդածութիւններու շարքը՝ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց «Հասարակաց տան խնամքը եւ հայեցողական վերաբերմունքը» նիւթին վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց ըսաւ.

Համաճարակէն դուրս գալու համար հարկաւոր է խնամել մենք զմեզ եւ իրար՝  փոխադարձաբար։ Պէտք է նաեւ թիկունք կանգնիլ անոնց որոնք խնամք կը տանին աւելի խոցելիներուն, հիւանդներուն եւ տարեցներուն։

Այս մարդիկը հիմնական դեր մը կը կատարեն այսօրուայ ընկերութեան մէջ նոյնիսկ երբ յաճախ չեն ընդունիր արժանի ճանաչումը եւ վարձատրութիւնը։

Խնամքը մեր մարդկային էութեան համար ոսկիէ կանոն է եւ իր հետ կը բերէ առողջութիւն եւ յոյս (Գովեալ ըլլաս 70)։

Պէտք է որ այս խնամքը ուղղենք նաեւ մեր հասարակաց տան, հողին եւ իւրաքանչիւր արարածի։ Կեանքի բոլոր նմուշները իրար  միջեւ փոխկապուածութիւն ունին ու մեր առողջութիւնը կախուած է այն բնութեան համակարգերէն, զոր Աստուած ստեղծեց և մեզի յանձնեց անոնց խնամք տանելու համար։ Զանոնք չարաշահելը ծանր մեղք է, որ վնաս կը հասցնէ եւ կը հիւանդացնէ։ Եւ այս մեր հասարակաց տան սխալ ըմբռնումի լաւագոյն հակաթոյնը  հայեցողականութիւնն է։

Մենք պէտք ունինք լռութիւն պահելու, ունկնդրելու եւ հայեցողական կեանք ապրելու, վերատեսելու համար Աստուածային լոյսին արժէքն ու ճառագայթը, զոր կը ցոլայ ստեղծագործութեան մէջ։

Մեր հասարակաց տունը ու համայն արարչագործութիւնը լոկ կենսամիջոց մը չեն։ Արարածները ունին իրենց արժէքը ու անոնցմէ ամէն մին իր ձեւով կը ցոլացնէ Աստուծոյ անվերջ բարութեան ճառագայթը։

Հայեցողականութեան պակասը մեզ կը մղէ մարդուն նկատմամբ անհաւասարակշիռ տեսութեան, որ աւելիով կը մեծցնէ մեր մարդ էակի դերը մեզ դիրքաւորելով  որպէս միւս բոլոր արարածներու բացարձակ տիրակալեր:

Ստեղծագործութեան հայող սուրբ գիրգի աղաւաղուած մեկնաբանութիւնը նպաստեց այս սխալ տեսակէտի տարածման, որ կը մղէ շահագործելու աշխարհը, զայն խեղդելու աստիճան։

Կը կարծենք ըլլալ ամէն ինչի կեդրոնը ու յաւակնութիւնն ունինք զբաղեցնելու Աստուծոյ տեղը եւ այդպէսով կը քանդենք Անոր ծրագրին ներդաշնակութիւնը։

Կը դառնանք գիշատիչներ, մոռնալով մեր կեանքի պահապանի կոչումը։  Անշուշտ կարող ու պարտական ենք աշխատիլ հողը, զարգանալու եւ մեր ապրուստը հոգալու համար։ Բայց աշխատանքը շահագործումի հոմանիշ չէ, ու ան մշտապէս առաջնորդուած է խնամքէն։ Հերկել և պաշտպանել, աշխատիլ և հոգ տանիլ… Այս է մեր առաքելութիւնը:

Չենք կրնար շարունակել մեր նիւթական գետնի վրայ աճումի ընթացքը առանց հոգ տանելու հասարակաց տան, որ մեզ կը հիւրընկալէ։ Մեր աւելի աղքատ եղբայրները ու մայր հողը կը տառապին մեր հրահրած վնասէն եւ անարդարութիւններէն, ու մեզմէ կը խնդրեն ընթացքի փոփոխութիւն։ Մեզմէ կը պահանջէն դարձ մը, ճանապարհի փոփոխութիւն՝ հոգ տանելով հողին եւ արարչութեան։

Կարեւոր է ուրեմն վերագտնել ստեղծագործութեան հայեցողականութեան ոլորտը, որովհետեւ հայեցողականութեամբ մենք ուրիշներու եւ բնութեան մէջ կը վերագտնենք անոնց օգտակարութենէն աւելի մեծ բան մը։ Կը վերագտնենք Աստուծմէ անոնց շնորհած ներքին արժէքը։

Հայեցողականութիւնը մեզ կ՛առաջնորդէ խնամքի վերաբերմունքի, մենք մեզ ճանչնալով մաս արարչագործութեան ու անոր գեղեցկութեան, կանչուած զայն պահպանելու եւ պաշտպանելու։

Պէտք չէ մոռնանք թէ ան որ չի գիտեր հայեցողականութեամբ  նայիլ բնութեան եւ արարչութեան չի գիտեր հայեցողական հայեացք ունենալ մարդոց նկատմամբ։  Եւ այն որ կ՛ապրի չարաշահելով բնութիւնը ի վերջոյ պիտի չարաշահէ նաեւ մարդիկը ու անոնց հետ վերաբերի որպէս ստրուկներ։ Ասիկա տիեզերական օրէնք մըն է։

Այն որ գիտէ հայեցողական ըլլալ աւելի դիւրաւ գործի կը լուծուի փոխելու համար ամէն ինչ, որ ապականում կ՛արտադրէ ու վնաս կը հասցնէ առողջութեան։ Ան  յանձնառու է կրթելու եւ խթանելու արտադրութեան եւ սպառումի նոր սովորութիւններ, սատարելով տնտեսական  աճումի նոր տիպարի մը, որ երաշխաւորէ հասարակաց տան նկատմամբ յարգանքը։

Հայեցողականը կը միտի դառնալ բնութեան պահապան, փորձելով համատեղել հազարամեակներու մշակոյթներու նախնիքներու գիտելիքները նոր արուեստագիտական գիտելիքներու հետ, որպէսզի մեր ապրելակերպը ըլլայ կայուն:

Շատ անգամ մեր արարչագործութեան հետ յարաբերութիւնը կը նմանի թշնամական յարաբերութեան, քանդել արարչագործութիւնը իմ շահիս համար։ Չի մոռնանք սակայն որ ասոր գինը շատ սուղ կը վճարուի եւ չի մոռնանք սպանական ասացուածքը. «Աստուած միշտ կը ներէ, մենք անգամներ կը ներենք բնութիւնը երբեք չի ներեր»։

 Այսօր թերթին մէջ կը կարդայի Ամունդսէն ծովի մերձակայ գտնուող Անտարկտիդայի այդ երկու հսկայական սառցադաշտերու  մասին, որոնք փուլ պիտի գան։  Ահռելի պիտի ըլլայ ու մեծ դժականութիւններ պիտի յառաջացնէ այս մէկը։ Ասոր պատճառը ջերմաստիճանի բարձրացումն ու  բնութեան հոգ տանելու պակասն է։ Եթէ մենք «եղբայրական» յարաբերութիւն ունենայինք արարչագործութեան հետ կը դառնայինք հասարակաց տան պահապանները ու պահապանները կեանքին եւ յոյսին։

Պահպանները ժառանգութեան՝ զոր Աստուած մեզի յանձնեց, որպէսզի զայն վայելեն ապագայ սերունդները։

Այս առընչութեամբ յատուկէն կը մտաբերեմ բնիկ ժողովուրդները որոնց նկատմամբ ունինք մեծ պարտք մը։ Կը մտաբերեմ նաեւ շարժումները, ընկերակցութիւնները, ժողովրդական խումբերը, որոնք յանձնառու են իրենց հողամասի պահպանութեամբ, անոր բնական եւ մշակութային արժէքներով։

Այս իրականութիւնները միշտ չեն գնահատուած ու յաճախ խոչընդոտուած են, բայց իրականութեան մէջ անոնք կը սատարեն խաղաղ մէկ յեղափոխութեան, խնամքի յեղափոխութիւնը։

Պէտք չէ սակայն մի քանիներուն վստահիլ այն ինչ որ պարտականութիւնն է ամէն մէկ էակի։ Մեզմէ իւրաքանչիւրս կարող է ու պէտք է դառնայ հասարակաց տան պահապանը, որ կարող է փառաբանել Աստուած ու անոր արարածները, կարող անոնց նայելու հայեցողական հայեացքով ու կարող զանոնք պաշտպանելու։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2020, 10:13