Որոնել

Ռատիոյի միջազգային օր Ռատիոյի միջազգային օր 

«Ռատիօն Խօսքը կը տանի ամենահեռաւոր վայրերուն» Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը Ռատիոյի միջազգային օրուան առթիւ։

Միջազգային ռատիոյի օրուայ համար ընտրուած է 13 Փետրուարը՝ 1946-ին ՄԱԿ-ի ռատիոյի մեկնարկի օրը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

29 Սեպտեմբեր 2011-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կատարողական կոմիտէն առաջարկած է ՄԱԿ-ին ընդունիլ «ռատիոյի միջազգային օր»-ը։ Միջազգային ռատիոյի օրուայ համար ընտրուած է 13 Փետրուարը՝ 1946-ին ՄԱԿ-ի ռատիոյի մեկնարկի օրը։

Ռատիոյի գիւտարարն է Կուլիելմօ Մարքոնին

Յայտնենք թէ Ռատիոազդանշանները առաջին անգամ հաղորդուած են 1895-ին՝ 1,5 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Հաղորդումը իրականացուցած է իտալացի գիւտարար Կուլիելմօ Մարքոնին։ Այդ նոյն թուականի 7 Մայիսին ռուս գիւտարար Ալեքսանդր Պոպովը Սէն Փեթրոպուրկի մէջ ցուցադրած է իր հնարած ռատիօընդունիչը։ 1901-ին՝ Մարքոնին Ատլանտեան ովկիանոսի վրայով հաղորդագրութիւն ուղարկեց Անգլիա եւ Քանատա։ 1920-ին ամերիկեան ռատիոկայան մը առաջինը սկսաւ կանոնաւոր ռատիոհաղորդումները, իսկ 1950-ականներուն գործածութեան մէջ յայտնուեցան առաջին դիւրակիր ռատիօընդունիչները։

Ռատիովատիկանը

Մարքոնին եղած է նաեւ Վատիկանի Ռատիոյին ծրագրողն ու կառուցողը, Քահանայապետական Ձայնասփիւռը որ ճիշտ երէկ՝ 12 փետրուար 2021-ին յիշատակեց իր հիմնադրութեան 90 ամեակը։

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Ռատիոյի միջազգային օրուան աթիռով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գրառում մը կատարեց իր թուիթըրեան կայքին վրայ ուր կը նշուի. «Ռատիօն ունի այս գեղեցկութիւնը. Խօսքը կը տանի նոյնիսկ ամենահեռաւոր վայրերուն #WorldRadioDay»»։ Խօսքեր որոնք առնուած են Նորին Սրբութեան 11 Փետրուարին Ռավտիովատիկանի հիմնադրութիւն առթիւ Վատիկանի Ձայնասփիւռի աշխատակազմին ուղղած անոր յատուկ պատգամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2021, 13:30