Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 մայիսի հրապարակային ունկնդրութիւնը։ «Գեղեցիկ է դէմ առ դէմ հանդիպումը»։

Կեանքի դժուար պահերուն լաւ է յիշել, որ մինակ չենք, կայ մէկ մը, որ մեր կողքին է որ կը հսկէ ու կը պաշտպանէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 12 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Վատիկանի Սուրբ Տամասոյի փակին վրայ հաւատացեալներուն ներկայութեամբ։ Ունկդրութեան սկիզբը Սրբազան հայրը  իր ուրախութիւնը յայտնեց դէմ առ դէմ հանդիպումին համար նկատել տալով, որ գեղեցիկ չէ խօսիլ ոչնչութեան եւ տեսախցիկի դիմաց։

Ունկնդրէ լուրը

Դէմ առ դէմ հանդիպումին համար ֆրանչիսկոս Պապին ուրախութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, որ  երկար ամիսներ ետք, Գերապայծառ Սափիենցայի քաջութեան շնորհիւ այժմ ունկնդրութեան ներկայ են, Իտալիայէն, Միացեալ Նահանգներէն ու Քոլոմպիայէն ժամանած հաւատացեալներ, խնդրելով, որ իր պատգամը փոխանցեն բոլորին վստահեցնելով իր աղօթը ու հայցելով, որ աղօթեն իրեն համար։

Շարունակելով խօսիլ աղօթքի կարեւորութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ քրիստոնէական աղօթքը դիւրին չէ։ Աղօթքը վստահաբար խաղաղութիւն կը պարգեւէ՝ սակայն ներքին պայքարի միջոցաւ, որ խիստ պայքար մըն է եւ կեանքի մէջ երկար ժամանակ կը տեւէ ։ Աղօթելը դիւրին չէ։ Ամէն անգամ, որ կ՝ուզենք աղօթել, յանկարծ մեր միտքը կու գայ շատ մը այլ գործունէութիւններ, որոնք այդ պահուն կարծես շատ կարեւոր եւ շտապ կը թուին Ամէն անգամ, որ աղօթքը յետաձգենք, կ՝անդրադառնանք, որ այդ բաները որ պիտի կատարէինք էական չէին ու ժամանակ կորսնցուցինք։ թշնամին այսպէս է որ մեզ կը խաբէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ

Շատ անգամ դժուար է հաւատալ աղօթքի ձեւերուն ու ժամանակներուն։ Կարգ մը սուրբեր երկար ժամանակ աղօթեցին, առանց ըմբռնելու անոր օգուտը։ Լռութիւնը, աղօթքը, կեդրոնացումը կարեւոր վարժութիւններ են»

Աղօթքի դժուարութիւնները

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց ան որ կ՝ուզէ աղօթել պէտք է յիշէ, որ հաւատքը դիւրին չէ, երբեմն կ՝ընթանայ խաւարի մէջ առանց հայեցակէտերուն։Կաթողիկէ վարդապետութիւնը կը ներկայացնէ աղօթքի թշնամիներուն ցանկը Ոմանք կը տարակուսին որ աղօթքը իսկապէս չհասնիլ Ամենակալին, հարց տալով Ինչո՞ւ Աստուած լռութեան մէջ է։ Այլ մարդիկ կը կարծեն, որ աղօթքը հոգեբանական եղելութիւն է, բան մը որ օգտակար է, սակայմ ոչ իրական եւ ոչ ալ անհրաժեշտ։

Աղօթքի ամենէն վատ թշնամիները մեր մէջն են որ կը գտնուին։ Կաթողիկէ վարդապետութիւնը այպէս կը կոչէ զանոնք. յուսահատութիւն մեր չորութեան դիմաց, տխրութիւն՝ ամէն բան տիրոջ տալու՝ որովհետեւ շատ բաներ ունինք, հիասթափութիւն մեր կամքի համապատասխան չտրամադրելու համար, մեր հպարտութեան վիրաւորում, որ կը շարունակէ մնալ մեր մեղաւորներու անարժանութեան վրայ։

Կեանքի դժուարութիւններուն յաղթահայելու համար կանգնիլ Յիսուսի դրօշին տակ։

Այդ դժուարութիւններուն յաղթահարելու համար պատմութեան հոգիին վարդապետներ նուիրեցին իմաստութեան բառ մը կամ առաջարկ մը։Ասոնց շարքին օրինակի համար, Սուրբ Իգնատիոս Լոյյոային հոգեւոր կրթութիւնները, որ իմաստութեան գիրք մըն է, որ կ՝ուսուցանէ կարգ կանոն դնել կեանքի մէջ ու կը հասկցնէ որ քրիստոնէական կոչումը , որոշում մըն է կանգնելու Յիսուս Քրիստոսի դրօշին տակ եւ ոչ թէ սատանային, փորձելով բարին. կատարել նոյնիսկ դժուար պահերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ կեանքի դժուար պահերուն լաւ է յիշել, որ մինակ չենք, կայ մէկ մը, որ մեր կողքին է որ կը հսկէ ու կը պաշտպանէ։ Նաեւ Սուրբ Անտոն անապատականը , եգիպտոսի մէջ քրիստոնեայ վանականութեան հիմնադիրը, դիմագրաւեց դժուար կացութիւններ, որոնց նթացքին աղօթքը դարձաւ դժուար պայքար։

Անոր կենսագրականը պատրաստող Սուրբ Աթանասիոն. Է որ կը պատմէ դժուար կացութիւն մը, զոր պատահեցաւ անապատական սուրբին՝ 35 տարեկանին։ Սուրբ Անտոնը շատ չարչարուեցաւ այդ դէպքէն , սակայն պայքարեցաւ բոլոր դժուարութիւններուն դէմ։ Երբ վերջապէս վերադարձաւ հանդարտութիւնը, Տիրոջ դիմեց գրեթէ նախատինքով ըսելով ո՞ւր էիր, ինչո՞ւ չեկար վերջ դնելու իմ տառապանքներուս։ Եւ Յիսուս պատասխանեց, Անտոն հոն էի։ սակայն կը սպասէի տեսնելով քու պայքարդ։ (Vita di Antonio, 10).

Յիսուսի միշտ մեր հետն է

Յիսուս միշտ մեր հետն է, եթէ կուրութեան ժամանակ, կարող չենք տեսնել անոր ներկայութիւնը, ապագային պիտի կարենանք։ Մեզի ալ պիտի պատահի ըսել միեւնոյն նախադասութիւն,ն որ ըսաւ Յակոբ Պատրիարքը, «վստահ Տէրը հոս էր եւ ես չէի գիտեր»։ (Ծննդ 28,16). Մեր կեանքի աւարտին, նայելով անցեալին, մենք եւս պիտի ըսենք, կը կարծէի, որ մինակ էի, ընդհակառակը մինակ չէի, Յիսուս իմ հետս էր։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2021, 09:45

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >