Ֆրանչիսկոս Պապին 23 յունիսի հրապարակային ունկնդրութիւնը։ Սուրբ Պօղոս առաքեալին Կողոսացիներուն ուղղած նամակը։

Սուրբ Պօղոս Առաքեալին նշած ուղին ազատարար ուղի է , աւետարանումի ուղի է, որ կ՝իրականացուի եղբայրութեան եւ համեստութեան միջոցաւ։

 

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 23 յունիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բազմաթիւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ Վատիկանի Սան Տամազօ շրջափակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը եւ այդ առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Սուրբ Պօղոս առաքեալին Կողոսացիներուն ուղղած նամակի վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Հրապարակային ունկնդրութեան սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ նախորդ հրապարակային ունկնդրութիւններուն աղօթքի մասին երկար խորհրդածութենէն ետք այսօր սկիզբ կու տայ կրօնուսոյցի նոր բաժինի մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ Սուրբ Պօղոս առաքեալին Կողոսացիներուն ուղղած նամակին։ Նամակ մը որ շատ կարեւոր է , ոչ միայն առաքեալը լաւ ճանչնալու համար, այլեւ անդրադառնալու կարգ մը նիւթերուն, որոնց մասին առաքեալը լայնապէս կ՝անդրադառնայ, ցոյց տալով աւետարանի գեղեցկութիւնը։
Այս նամակին մէջ Սուրբ Պօղոս կը փոխանցէ կենսագրական գիտելիքները որոնք կը թոյլատրեն ճանչնալ իր դարձը եւ Յիսուս Քրիստոսը ծառայելու իր կեանքի որոշումը։ Ան կը խօսի նաեւ հաւատքի հայող կարեւոր նիւթերու մասին, ազատութեան, շնորհքի եւ իբրեւ քրիստոնեայ ապրելակերպի մասին, նիւթեր որոնք այժմէական են, որովհետեւ կը հային մեր օրերուն եկեղեցւոյ կեանքի կարգ մը կէտերուն։

Սուրբ Պօղոսին նամակին մէջ կը խօսուի առաքեալին աւետարանացումի արարքին մասին, ան իր միսիոնարական ճամբորդութիւններու ընթացքին երկու անգամ այցելեց Կողոսիա, ուր կը հանդիպի քրիստոնեայ հասարակութեան հետ։
Սուրբ Պօղոս կը յայտնէ թէ, հիւանդութեան մը պատճառաւ, ստիպուեցաւ կանգ առնել այդ մարզէն ներս։ (Գաղ.4,13) Սուրբ Ղուկաս գործ առաքելոցին մէջ կը գտնէ հոգեւորական պատճառ մը։ Ան կը գրէ «Շրջեցան Փռիւգիոյ եւ Գաղատիոյ կողմերը, որովհետեւ Սուրբ Հոգին ընդդիմացած էր անոնց Ասիոյ մէջ Խօսքը քարոզել։» (Գործ Առաք. 16,6)
Երկու փաստեր որոնք հակասութեան մէջ չեն. Ցոյց կու տան որ աւետարանացումի ուղին միշտ կախեալ չէ մեր կամքէն եւ մեր ծրագիրներէն, այլ կը պահանջէ տրամադրութիւն պատրաստ գտնուելու եւ հետեւելու այլ ուղիներ, որոնք նախատեսուած չէին։ Ինչ որ կը ստուգենք թէ աւետարանումի գործին մէջ սուրբ Պօղոս կարողացաւ կազմել տարբեր փոքրիկ հասարակութիւններ տարածուած Կողոսիոյ մէջ։
Ինչ որ մեզի կարեւոր է ու պէտք է այն է որ անհրաժեշտ է անդրադառնալ Պօղոսի հովուական ծառայութեան մտահոգութիւնը, առաքեալը փոքրիկ եկեղեցիներ հիմնելէ ետք կը հանդիպի հասարակութեան մեծ դժուարութեան։

Այդ շրջանէն ներս հասած էին կարգ մը քրիստոնեաներ որոնք ծագումով հրեայ էին եւ խելացութեամբ սկսան գաղափարներ տարածել որոնք հակառակ էին առաքեալին ուսուցումին, նոյնիսկ թերագնահատելով սուրբ Պօղոսի առաքելութիւնը։

Ինչպէս կը տեսնենք հին եղելութիւն ու սովորութիւն է, կարգ մը առիթներուն ներկայանալ իբրեւ ճշմարտութիւնը ունեցողներ, ու թերագնահատել ուրիշներուն աշխատանքը։ Այդ Սուրբ Պօղոսի հակառակորդները, յայտարարած էին, որ նաեւ հեթանոսները պէտք են թլփատութեան ենթարկուիլ եւ ապրիլ Մովսէսի օրէնքին համաձայն։

Հետեւաբար Կողոսացիները ստիպուած էին հրաժարիլ իրենց մշակութային ինքնութենէն, ենթարկուելու համար օրէնքներու, եւ հրէական սովորութիւններուն։ Հակառակորդները կը շեշտէին որ Սուրբ Պօղոսը իսկական առաքեալ չէր եւ չ՝ունէր ոչ մէկ իշխանութիւն աւետարանելու համար

Կողոսացիները կը գտնուէին մեծ ճգնաժամի մէջ։ Ի՞նչ պիտի ընէին։ Պիտի լսէի՞ն եւ հետեւէին Սուրբ Պօղոսի քարոզներուն կամ ալ իրաւունք պիտի տան նոր քարոզիչներուն, որ առաքեալը կը մեղադրէին։

Դիւրին է երեւակայել անոնց վիճակը, որ կը խռովէր իրենց սիրտերը։ Անոնց համար Յիսուս ճանչնալը ու փրկութեան գործին հաւատալը՝ մահով ու յարութեամբ, սկիզբ էր նոր կեանքի։

Անոնք սկսած էին նոր ուղի մը որ կը թոյլատրէր վերջապէս ազատ ըլլաք, հակառակ որ իրեցն պատմութիւնները հիւսուածէ էին շատ մը ստրկութեան կամքի ձեւերով, վերջինը Հռոմի կայսրութիւնը։ Նոր քարոզիչներու քննադատութիւններու դիմաց, մոլորուած էին եւ զգային եւ անկայուն, ինչպէս վարուիլ եւ որուն իրաւունք տալ։

Այս իրավիճակը հեռու չէ տարբեր քրիստոնեաներուն, որոնք այսօր կ՝ապրին։ Նոյնիսկ այսօր անպակաս են քարոզիչներ որոնք նոր հաղորդամիջոցներու միջոցաւ կը ներկայանան՝ ոչ միայն աւետելու համար Աստուծոյ աւետարանը, որ մարդը կը սիրէ Խաչեալ եւ Յարուցեալ Յիսուսի մէջ, այլ յամառօրէն պնդելու իբրեւ ճշմարտութեան պահապաններ ցոյց տալու լաւագոյն ձեւը քրիստոնեայ ըլլալու համար։
Անոնք համոզումով կը հաստատեն թէ իսկական քրիստոնէութիւնը իրենց կապուած քրիստոնէութիւն է որ յաճախ նոյնացուած են անցեալի կարգ մը ձեւերուն հետ ու ժամանակակից տագնապներու լուծումը , անցեալին վերադառնալն է ՝չկորսնցնելու համար հաւատքի մաքրութիւնը։

Այսօր եւս, նման անցեալին, կայ փորձութիւն՝ ներփակուելու կարգ մը վստահութիւններուն ներքեւ, ժառանգուած անցեալի աւանդութիւններէն։

Սուրբ Պօղոսին Կողոսացիներուն ուղղած նամակին հետեւիլը մեզ կը հանգստացնէ հասկնալու թէ որ ուղիին անհրաժեշտ է հետեւիլ։

Առաքեալին նշած ուղին ազատարար ուղին է եւ միշտ նոր է Խաչեալ Յիսուսի եւ յարուցեալին, աւետարանումի ուղին է, որ կ՝իրականացուի եղբայրութեան եւ համեստութեան միջոցաւ, վստահութեան եւ հնազանդութեան ուղին է , այն վստահութեամբ , որ Սուրբ Հոգին է որ կը գործէ եկեղեցւոյ բոլոր ժամանակներուն մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2021, 09:56

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >