Սուրբ Պօղոսը իսկական առաքեալ. 30 Յունիսի Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Տիրոջ ճանապարհները խորհրդաւոր են։ Ու մենք այս մէկը կը տեսնենք ամէն օր։ Երբեք չի մոռնանք թէ ինչպէս Աստուած մտաւ մեր կեանքին մէջ, միշտ յստակ կերպով յիշելու ենք այդ շնորհքի հանդիպման պահը երբ Աստուած փոխեց մեր կեանքը»,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

«Պօղոս, առաքեալ, ոչ մարդոց կողմէ եւ ոչ ալ մարդու մը միջամտութեամբ, այլ շնորհքովը Յիսուս Քրիստոսի եւ Հօր Աստուծոյ[…]։Դուք անպայման լսած էք իմ երբեմնի ընթացքիս մասին հրէութեան մէջ, այն բուռն հալածանքին մասին զոր կը մղէի Աստուծոյ Եկեղեցւոյն դէմ եւ վնաս կը պատճառէի անոր,  […]։ Բայց Աստուած, ընտրեց զիս մօրս արգանդէն իսկ, կանչեց զիս իր շնորհքներով, որպէսզի ինձմով յայտնէ իր Որդին, եւ ես աւետեմ զայն հեթանոսներուն»։ Պօղոս առաքեալի գաղատացիներու նամակէն քաղուած սոյն հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին չորեքշաբթիի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր Ան գլխաւորեց Վատիկանի Սան Տամազօ անուան գաւիթէն ներս, բազմաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Այս ունկնդրութիւնը կը հանդիսանայ Քահանայապետին վերջին ունկնդրութիւնը Յուլիս ամսուայ ընթացքին նախատեսուած աւանդական դադարէն առաջ։

Պօղոս առաքեալի գաղտէացիներուն ուղղած նամակը

«Պօղոս առաքեալին համար Գաղատացիներու ուղղած նամակին մէջ անհրաժեշտ է վերահաստատել Աւետարանին նորութիւնը զոր Գաղատացիները ընդունեցան շնորհիւ իր քարոզութեան, որպէսզի անոնք կառուցեն իսկական ինքնութիւնը, որուն վրայ հիմնել իրենց կեանքը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Այդ քրիստոնեաները կ՛ապրէին հաւատքը ապրելու կերպի մասին շփոթութեան մէջ եւ Սուրբ Պօղոս նամակին սկիզբը  անոնց կը յիշեցնէ անցեալի ժամանակները ինչպէս նաեւ հեռաւորութեան անյարմարութիւնները ու անփոփոխ սէրը զոր ինք ունի անոնցմէ իւրաքանչիւրի  նկատմամբ։

Աւետարանը ունի տարբեր հեռանկար

Պօղոսը արդարեւ խոր կերպով կը ճանչնայ  Քրիստոսին խորհուրդը։ Ան կանգ չառներ հարցերու մակերեսին, ինչպէս յաճախ մենք փորձուած ենք ընելու անմիջական լուծումներ գտնելու համար, կարծելով որ համայն աշխարհը կարող ենք համաձայնեցնել փոխզիջումի մը միջոցաւ։

Սուրբ Պօղոսը գիտէ թէ Աւետարանը ունի տարբեր հեռանկար ու թէ ինք ընտրած է աւելիով դժուար ճանապարհը։ Ան կը գրէ «Արդ ես հիմա, արդեօք մարդո՞ց հաճութիւնը պիտի փնտռեմ թէ Աստուծոյ։ Արդեօք ես պիտի ջանամ մարդո՞ց հաճելի ըլլալ։ Եթէ ես ուզէի տակաւին մարդոց հաճելի ըլլալ, պիտի չըլլայի Քրիստոսի ծառան» (Գաղատացիք 1, 10)։

Սուրբ Պօղոսը կանչուած հռչակելու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը

Սուրբ Պօղոս պարտականութիւնը կը զգայ նախ գաղատացիներուն յիշեցնելու թէ ինք իսկական առաքեալ է ոչ թէ անձնական արժանիքներուն համար այլ Աստուծոյ իրեն վերապահած կոչումի բերումով։

Այսպէսով ան կ՛ընդգծէ թէ բուռն կերպով հալածած էր Եկեղեցին ու ի յայտ կը դնէ իրեն նկատմամբ Աստուծոյ ողորմութիւնը, որ զինք մղեց ամբողջական ու արմատական փոփոխութեան որ քրիստոնեաները հալածող անձէ կոչուեցաւ դառնալու առաքեալ՝ հռչակելու համար Յիսուս Քրիստոսին Աւետարանը։

Սուրբ Պօղոս կը յանդգնի նոյնիսկ ըսելու թէ ինք հրէութեան մէջ կը գերազանցէր բոլորը ու իսկական փարիսեցի մըն էր ու թէ կը պաշտպանէր հայրերուն աւանդութիւնը եւ էր նաեւ «օրէնքի համոզուած  կողմնակից»։

Առաքելը կը գրէ «…բայց անձնապէս, ես անծանօթ էի Հրէաստանի Եկեղեցիներուն ի Քրիստոս։  Անոնք միայն լսեր էին, թէ երբեմնի հալածիչը հիմա կ՛աւետէ այն հաւատքը, զոր անցեալին կ՛ուզէր քանդել,  եւ իմ պատճառովս զԱստուած կը փառաւորէին»։ Պօղոսը այդպիսով ի յայտ կը դնէ իր կոչումին իրականութիւնը, Ան կանչուած էր հռչակելու Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը։

Ասոր մտածելով Սուրբ Պօղոս լեցուած է զարմանքով եւ երախտագիտութեամբ։ Կարծես թէ կ՛ուզէր խոստովանիլ թէ ինք կարող էր ըլլալ ամէն բան սակայն ոչ առաքեալ մը։

Տիրոջ խորհրդաւոր ճանապարհները

«Տիրոջ ճանապարհները խորհրդաւոր են։ Ու մենք այս մէկը կը տեսնենք ամէն օր։ Երբեք չի մոռնանք թէ ինչպէս Աստուած մտաւ մեր կեանքին մէջ, միշտ յստակ կերպով յիշելու ենք այդ շնորհքի հանդիպման պահը երբ Աստուած փոխեց մեր կեանքը», ըսաւ Սրբազան Պապը հարց տալով. «Քանի անգամ Տիրոջ հրաշալի գործերուն դիմաց մենք հարց կու տանք թէ ի՞նչպէս կարելի է, որ Աստուած տկար եւ դիւրաբեկ անձ մը կը գործածէ իրականացնելու համար իր կամքը»։

Ան ապա հաստատեց. «Կոչումին կը հետեւի միշտ առաքելութիւնը մը եւ ասոր համար մեզմէ կը խնդրուի պատրաստուիլ լրջութեամբ գիտակցելով որ Աստուած է որ մեզ կ՛ուղարկէ ու մեզի թիկունք կը կանգնէ իր շնորհքով։ Եւ թոյլ տանք առաջնորդուիլ այդ գիտակցութենէն։ Շնորհքին առաջնութիւնը կը ծածկէ բոլոր մեղքերը, կը փոխէ սիրտը, կը փոխէ կեանքը եւ մեզի ցոյց կու տայ նոր ուղիներ։ Չմոռնանք այս մէկը ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/06/2021, 09:59

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >