Որոնել

Ճեմելլի հիւանդանոցին մուտքը Ճեմելլի հիւանդանոցին մուտքը 

Քահանայապետին յետվիրաբուժական ընթացքը կ՛ընթանայ լաւագոյն կերպով։ 7 Յուլիսի տեղեկագիր։

Քահանայապետը զգացուած է այս օրերուն իրեն հասած բազմաթիւ պատգամներուն եւ գուրգուրանքին համար ու երախտապարտ է մօտիկութեան եւ աղօթքին համար» հաստատեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Անցեալ կիրակի օր Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յետ գործողութեան ընթացքը կ՛ ընթանայ կանոնաւոր կերպով։

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունիի հրապարակած տեղեկագրին մէջ կը նշուի թէ «Նորին Սրբութեան յետ-վիրաբուժական ընթացքը կը շարունակուի ըլլալ կանոնաւոր եւ գոհացուցիչ։ Սրբազան Պապը շարունակեց կանոնաւոր կերպով ուտել եւ դադրեցուց ներարկումի դարմանումը» յայտնեց Մաթթէօ Պրունին։

Հիւսուածքաբանական քնութիւնները հաստատեցին նախնական արդիւնքները։

«Քահանայապետը զգացուած է այս օրերուն իրեն հասած բազմաթիւ պատգամներուն եւ գուրգուրանքին համար ու երախտապարտ է մօտիկութեան եւ աղօթքին համար» հաստատեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/07/2021, 12:00