Որոնել

«Բաւարար չէ Աստուած փնտռելը` հարց տալու ենք թէ ի՞նչու կը փնտռենք զինք». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աստուծոյ գործերը կատարելը Յիսուսը ընտրելն է մեր կեանքին մէջ ու անոր հետ սիրոյ պատմութիւն ապրիլն է
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ օգոստոս 2021 ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած աւանդական Մարեմեան աղօթքի ընթացքին որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրեց օրուան Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն քաղուած հատուածը (6,24-35), ուր առաքեալը կը պատմէ այն բազմութեան մասին որ գնաց Յիսուսն ու աշակերտները փնտռելու Կափառնաում։

Բաւարար չէ Աստուած փնտռելը

«Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ` որ բաւարար չէ Աստուած փնտռելը, պէտք է նաեւ հարց տանք թէ ո՞րն է այդ փնտռտուքի պատճառը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով աւետարանական հատուածը ու մէջբերելով Յիսուսին խօսքերը. «Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի դուք կը փնտռէք զիս ոչ որովհետեւ նշաններ տեսաք. Այլ որովհետեւ հաց կերաք եւ յագեցաք»։

«Ամբոխը արդարեւ ականատես եղած էր հացերու բազմացումի հրաշքին սակայն չէր հասկցած անոր իսկական նշանակութիւնը։ Ուստի մենք պէտք է մեզի հարց տանք ի՞նչու կը փնտռենք Յիսուսը» ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Պապը հաստատելով, որ Աստուած փնտռել անձնական քմահաճոյքներու համար, մեր անօթութիւնը յագեցնելու համար ապա զինք մոռնալը կը նշանակէ հաւատքի որպէս կորիզ ունենալ ոչ թէ Աստուած այլ մեր պէտքերը։

Յիսուսին սէրը իսկական անշահախնդիր սէր է

«Արդար է Աստուծոյ սրտին ներկայացնել մեր կարիքները բայց Տէրը որ կը գործէ մեր սպասումներէն անդին, կ՜ուզէ նախ եւ առաջ մեզի հետ ապրիլ սիրոյ փոխյարաբերութիւն մը։ Իսկական անշահախնդիր սէրն է այդ, ձրի սէրը. Չի սիրուիր անոր փոխարէն բան մը ակնկալելու համար», յարեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ուղղելով երկրորդ հարցում մը, որ բազմութեան Յիսուսին ուղղած հարցումն է. «ի՞նչ պէտք ընենք Աստուծոյ գործերը կատարելու համար»։

Յիսուս կը պատասխանէ։ Այս է Աստուծոյ գործը` հաւատացէք Անոր որ Ինք ղրկեց»։

«Աստուծոյ գործերը կատարելը Յիսուսը ընտրելն է մեր կեանքին մէջ ու անոր հետ սիրոյ պատմութիւն ապրիլն է» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ Յիսուսն է որ պիտի բիւրեղացնէ մեր հաւատքը, որովհետեւ մենք առանձին չենք կարող ընել այդ մէկը։

Յիսուսը ընտրել ու անոր հետ ապրիլ սիրոյ յարաբերութիւն

«Տէրը կը փափաքի մեր հետ ունենալ սիրոյ կապ մը որ աւելի անդին կ՛երթայ շահի տրամաբանութենէն ու հաշիւներէն։ Այս մէկը վաւեր է նաեւ մեր մարդկային ու ընդերային յարաբերութիւններուն մէջ եւ ընկերութիւնը մը որ կեդրոն կ՛ընտրէ շահերը փոխանակ մարդը, ընկերութիւն մըն է` որ կեանք չի յառաջացներ» նշեց Նորին Սրբութիւնը, հաստատելով` որ «Աւետարանին հրաւէրը հետեւեալն է. Փոխանակ մտահոգուելու միայն մեզ կերակրող նիւթական հացով, ընկալենք Յիսուսը որպէս կեանքի հաց, եւ սկսեալ մեր անոր հետ ունեցած բարեկամութենէն սորվինք նաեւ զիրար սիրել։ Ձրիութեամբ եւ առանց հաշիւներու»։

Սրբազան Պապը խորհրդածութիւնը աւարտեց հրաւիրելով աղօթել Սուրբ Կոյս Մարիամին, «Անոր որ Աստուծոյ հետ ապրեցաւ սիրոյ գեղեցիկ պատմութիւն մը, որպէսզի մեզի պարգեւէ շնորհքը բացուելու իր Զաւկին հետ հանդիպումին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2021, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >