Որոնել

«Յիսուս կեանքի հաց է` հրաւիրենք զինք մեր սեղաններուն վրայ». Ֆրանչիսկոս Պապին մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

«Ապրելու համար կարիքը կայ հացին։ Անօթին սուղ ու ընտրեալ ուտելիք չի փնտռեր, կը խնդրէ հաց։ Ան որ առանց աշխատանքի է բարձր աշխատավարձ չի խնդրեր, այլ աշխատանքի դիմաց հաց կը պահանջէ։ Եւ ահա Յիսուս կը յայտնուի որպէս հաց, այսինքն էականը, ամենօրեայ կեանքին համար անհրաժեշտը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 օգոստոս 2021ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը սովորութեան համաձայն առաքելական պալատի գրասենեակի պատուհանէն գլխաւորեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած բազմաթիւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Պապը ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը ներշնչուելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն որ քաղուած էր Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն, ուր Յիսուս կը հաստատէ թէ ինքն է կեանքի հացը։

Յիսուս կեանքի հաց

«Ապրելու համար կարիքը կայ հացին։ Անօթին սուղ ու ընտրեալ ուտելիք չի փնտռեր, կը խնդրէ հաց։ Ան որ առանց աշխատանքի է բարձր աշխատավարձ չի խնդրեր, այլ աշխատանքի դիմաց հաց կը պահանջէ։ Եւ ահա Յիսուս կը յայտնուի որպէս հաց, այսինքն էականը, ամենօրեայ կեանքին համար անհրաժեշտը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով Յիսուսին վերոնշեալ խօսքերը ու հաստատելով` որ անիկայ այլ հացերուն նման հաց մը չէ, այլ կեանքի հացն է։

Միայն Յիսուսը կարող է մեզի կեանք տալ առ յաւէտ

«Այլ խօսքերով մենք առանց Անոր, ապրելէ աւելի կը ջանանք վերապրիլ, որովհետեւ միայն Ան է որ մեր հոգին կը սնուցէ, միայն Ան է որ մեզի կը ներէ այն չարէն որ մենք առանձին չենք կրնար յաղթահարել, միայն Ան է որ մեզ կը զգացնէ սիրուած նոյնիսկ եթէ բոլորը մեզ յուսախաբ կը լքեն, միայն Ան է որ մեզի ուժ կու տայ սիրելու ու ներերու դժուարութիւններուն մէջ, միայն Ան սրտին կը պարգեւէ անդորրութիւն, միայն Ան կեանք կու տայ առ յաւէտ երբ երկրային մեր կեանքը վերջ կը գնտէ» ընդգծեց ապա Քահանայապետը, դիտել տալով որ «Ես եմ կեանքի հացը» Յիսուսին խօսքը իր մէջ կը ներփակէ անոր համայն էութիւնն ու առաքելութիւնը եւ այս մէկը  կը յայտնուի աւարտին` վերջին ընթրիքի պահուն։

Յիսուս գիտէ որ Հայրը իրմէ կը խնդրէ ոչ միայն կերակրել մարդիկը այլ ինքզինք պարգեւել, ինքզինք, իր սեփական կեանքը, իր մարմինն ու սիրտը բեկանել, որպէսզի մենք կարողանանք կեանք ունենալ։

Պաշտել Կեանքի հացը

«Տիրոջ այս խօսքերը մեր մէջ կը զարթնացնեն Սուրբ Հաղորդութեան պարգեւին զարմանքը։ Ոչ մէկը այս աշխարհին մէջ, որքան ալ որ այլ անձ մը սիրէ, կարող է անոր համար սնունդ դառնալ։ Աստուած սակայն ըրաւ այս մէկը ու այդ կ՛ընէ մեզի համար։ Վերանորոգենք մեր այս սքանչացումը, զայն կատարենք պաշտելով Կեանքի հացը, որովհետեւ պաշտամունքը կեանքը կը լիացնէ հիացումով» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Յիսուս կ՛ուզէ մեր հետ մտերմութիւն հաստատել

Ան ապա մեկնաբանելով Աւետարանին մէջ նկարագրուած ժողովուրդին քննադատական կեցուածքը հանդէպ Յիսուսին Խօսքերուն յայտնեց թէ մենք ալ շատ անգամ կը գայթակղինք, որովհետեւ մեզի աւելի յարմարաւէտ կը թուայ ունենալ Աստուած մը որ երկնքի մէջ է ու մեր գործերով չի խառնուիր։ Բայց Աստուած մարդեղացաւ շօշափելի կերպով մուտք գործելու համար այս աշխարհին մէջ եւ Անոր կը հետաքրքրէ մեր կեանքի ամէն ինչը։ Անոր կարող ենք պատմել մեր սիրոյ, աշխատանքի, առօրեայի մասին ամէն բան։ Յիսուս կը փափաքի մեր հետ ունենալ այս մտերմութիւնը ու չուզեր որ մենք զայն անտեսենք կամ մէկդի դնենք եւ կամ կեանքի կոչենք միայն երբ կարիքը ունինք Անոր։

Յիսուսը հրաւիրենք մեր սեղանին վրայ

Ես եմ կեանքի հացը։ Օրուան մէջ առ նուազն մէկ անգամ իրար հետ կը կիսենք կերակուրը։ Գեղեցիկ պիտի ըլլար հացը բեկանելէն առաջ հրաւիրել Յիսուսը` որ կեանքի հացն է ու պարզութեամբ Անորմէ խնդրել որ օրհնէ մեր գործերը։

«Հրաւիրենք զայն մեր տունը, աղօթենք տնային ոճով։ Յիսուս մեր հետ պիտի գտնուի սեղանին վրայ ու մենք պիտի կշտանանք աւելի մեծ սիրով մը» նշեց հուսկ Սրբազան Պապը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ օրէ օր աճելու Յիսուսին հետ բարեկամութեան մէջ, Յիսուս որ կեանքի հաց է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2021, 12:09

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >