Որոնել

«Երկինք տանող ճանապարհը խոնարհութիւնն է». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքն ու խորհրդածութիւնը Ս. Կոյս Մարիամի Վերափոխման տօնին առթիւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 օգոստոսին Եկեղեցին կը տօնէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ վերափոխման տօնը։ Այս առթիւ` կիրակի 15 օգոստոսի կէսօրին Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց նաեւ օրուան խորհրդածութիւնը, շեշտը դնելով օրուան ծիսական տօնի իմաստին վրայ ու մասնաւորապէս Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած Տիրամօր խօսքերուն «Իմ անձս Տէրը կը փառաւորէ, եւ Հոգիս կը ցնծայ իմ փրկիչ Աստուծովս. որովհետեւ իր աղախինին նուաստութեան նայեցաւ։ (Ղուկաս 1,47-48).

Մարիամին գաղտնիքը խոնարհութիւնն է

«Մարիամին գաղտնիքը խոնարհութիւնն է» ըսաւ Սրբազան Պապը. «Խոնարհութիւնն է, որ Աստուծոյ հայեացքը ներքաշեց իր վրայ։ Մարդկային աչքը կը փնտռէ մեծութիւնը ու թոյլ կու տայ շլանալ շողացող բաներով։ Մինչ Աստուած կը նայի սրտին, ոչ թէ արտաքին երեւոյթին, ու ան մարդեղացաւ խոնարհութեամբ» աւելցուց Քահանայապետը, հաստատելով` որ «այսօր նայելով Մարիամին կարող ենք ըսել որ Երկինք տանող ճանապարհը խոնարհութիւնն է»։

Ան որ խոնարհ է պիտի բարձրանայ

Յիսուս արդարեւ կը սորվեցնէ «Ան որ խոնարհ է պիտի բարձրանայ» շարունակեց Սրբազան Պապը ապա հրաւիրեց հարց տալ «ի՞նչ վիճակի մէջ է մեր հեզութիւնը» ու եթէ Մարիամի նման գիտենք ունկնդրել, գիտենք լռութիւն պահել, գիտենք ետքայլ կատարել։

Մարիամ իր փոքրութեամբ առաջինը եղաւ որ Երկինքը գրաւեց։ Անոր յաջողութեան գաղտնիքը ինքզինք փոքր ճանչնալու մէջ է։ Մարիամ շնորհքներով լի է իր հեզութեան բերումով ու մեզի համար եւս հեզութիւնը պէտք է մեկնակէտ ըլլայ, սկիզբը մեր հաւատքին։

Ըլլալ հոգիով աղքատ

«Հիմնական է ըլլալ հոգիով աղքատ, այսինքն Աստուծոյ կարօտեալ։ Ան որ ինքնահաւան է Աստուծոյ տեղ չի տար, միայն ան որ հեզ է թոյլ կու տայ որ Տէրը իր միջոցաւ մեծամեծ բաներ իրագործէ» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ ինչպէս հեզ ու խոնարհ Սուրբ Կոյսը երկինքը գրաւեց հոգւով ու մարմնով մինչ իր կեանքէն մեծ մասը անցուց սովորականութեան մէջ։ Միապաղաղ օրեր, լռութեան մէջ։ Սակայն Աստուծոյ հայեացքը միշտ սեւեռած մնաց անոր վրայ, հիացած անոր խոնարհութեամբ, անոր տրամադրութեամբ ու անոր սրտին գեղեցկութեամբ, զերծ մեղքէն։

Տիրամօր օրինակը յոյսի մեծ պատգամ է մեզի համար, որ կ՛ապրինք իրար նման օրեր ու յաճախ դժուար։ Մարիամ մեզի կը յիշեցնէ, որ Աստուած կը կոչէ նաեւ մեզ այս փառքի ճակատագիրը ապրելու։ Ասիկա պատրանք մը չէ այլ իսկական իրականութիւն, նման Սուրբ Կոյսին որ Երկինք վերափոխուեցաւ։

Օր մը Երկինքի մէջ պիտի գտնուինք Տիրամօր հետ

Տօնախմբենք զայն զաւակներու սիրով, ոգեւորուած այն յոյսով թէ օր մը իր հետ Երկինքի մէջ պիտի գտնուինք։

Ու այժմ աղօթենք Անոր որպէսզի մեզի ընկերանայ այն ճանապարհորդութեան ընթացքին, որ կը տանի երկրէն դէպի երկինք։ Ու թող մեզի յիշեցնէ ուղեւորութեան գաղտնիքը որ ներփակուած է հեզութիւն բառին մէջ ու յիշեցնէ նաեւ որ փոքրութիւնն ու ծառայութիւնը գաղտնիքներն են հասնելու համար նպատակին, հասնելու համար Երկինք։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/08/2021, 12:08

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >