Որոնել

«Մովսիսական օրէնքը եւ Աստուծոյ Խոստումը»։ Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Բոլոր անոնք որոնք Յիսուս Քրիստոսի կը հաւատան կանչուած են ապրելու Սուրբ Հոգիին մէջ որ մեզ կ՛ազատէ օրէնքէն ու միեւնոյն ատեն իր աւարտին կը հասցնէ զայն սիրոյ պատուիրանի համաձայն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Ինչո՞ւ համար է ուրեմն Օրէնքը։ Օրէնքը աւելցուեցաւ յանցանքներուն պատճառով, մինչեւ որ գայ զաւակը որուն սահմանուած է խոստումը...։ Ուրեմն օրէնքը կը հակառակի՞ Աստուծոյ խոստումին։ Քա՛ւ լիցի։ Արդարեւ, եթէ տրուած ըլլար մեզի օրէնք մը որ կրնայ կեանք հաղորդել, այն ատեն արդարութիւնը անպայման պիտի բխէր օրէնքէն։ Գիրքը սակայն կը ներփակէ ամէնքը մեղքի մէջ, որպէսզի խոստումը` հաւատքովն Յիսուս Քրիստոսի, տրուէր անոնց, որ կը հաւատան»։(Գաղատացիք 3,19.21-22)։

Սուրբ Պօղոսին գաղատացիներուն ուղղուած նամակէն քաղուած այս խօսքերը առանցքը կազմեցին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի 11 օգոստոս 2021ին Պօղոս Զ դահլիճին մէջ գլխաւորած աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան։

Քրիստոնէական կեանքին նորութիւնները

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր «Ինչո՞ւ օրէնքը»։ Ահա այս է հարցականը զոր հետեւելով Սուրբ Պօղոսին կ՛ուզենք քննարկել այսօր, հասկնալու համար Սուրբ Հոգիէն ոգեւորուած քրիստոնէական կեանքին նորութիւնները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տակով խորհրդածութեան։

Առաքեալը կը գրէ. «Եթէ թոյլ տաք առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն դուք օրէնքին հպատակ էք», մինչ Պօղոսը վարկաբեկողները կը հաստատէին` թէ գաղատացիները, փրկուելու համար պարտական էին օրէնքին հետեւիլ։ Անոնց համար Մովսիսական օրէնքը զօդուած էր այն Ուխտին զոր Աստուած հաստատած էր հրեայ ժողովուրդին հետ։ Իսրայէլի հետ կնքելով այդ Ուխտը Աստուած անոր կը նուիրէ Թորանը, որպէսզի հասկնայ իր կամքը եւ ապրի արդարութեամբ։

Ուխտը եւ օրէնքը իրար զօդուած իրականութիւններ

Ուխտը եւ օրէնքը իրարմէ անբաժանելի երկու իրականութիւններ են։ Բազմաթիւ անգամներ,  մասնաւորապէս մարգարէներու գիրքերուն մէջ, կը հաստատուի` թէ օրէնքի հրահանգները չի կատարելը Ուխտի իսկական դաւաճանութիւն է, որ կը յառաջացնէ Աստուծոյ բարկութիւնը։

Այս իրականութեան լոյսին տակ դիւրին է հասկնալ թէ որքան հեշտ եղաւ այդ միսիոնարներուն համար, որոնք ներթափանցած էին Գաղատացիներու կեանքէն ներս, պնդել` որ Ուխտին յարումը կը նշանակէր նաեւ Մովսիսական օրէնքին յարգանքը։

Սուրբ Պօղոսին հոգևոր բանականութիւնը

Այնուամենայնիւ, ճիշտ այս կէտին մէջ է, որ մենք կարող ենք յայտնաբերել Սուրբ Պօղոսին հոգևոր բանականութիւնը և անոր արտայայտած մեծ պատկերացումները` որուն թիկունք կը կանգնի իր աւետարանական առաքելութեան համար ստացած շնորհքը:

Առաքեալը արդարեւ գաղատացիներուն կը բացատրէ, թէ Ուխտը եւ Օրէնքը իրար չեն կապուած անլուծելի կերպով։ Եւ այս մէկը, որովհետեւ Աստուծոյ Աբրահամին հետ հաստատած Ուխտը հիմնուած էր խոստումի իրականացումի հաւատքին վրայ եւ ոչ թէ օրէնքի յարգանքին վրայ, որ տակաւին չէր գրուած։ Սուրբ Պօղոս արդարեւ կը գրէ «Ահա՛ւասիկ ինչ կ՛ուզեմ ըսել. կտակը որ հաստատուած է սկիզբէն Աստուծմէ, չի կրնար բեկանուիլ Օրէնքէն` որ չորս հարիւր երեսուն տարի ետքը եկած է, այսպէս ի դերեւ հանելով խոստումը։ Եթէ ժառանգութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն խոստումին զօրութեամբ չէ. բայց Աստուած խոստումով տուաւ իր պարգեւը Աբրահամին։

Օրէնքը Ուխտին հիմքը չէ

Այս տրամաբանութեամբ Պօղոս ձեռք բերաւ իր նպատակը, այսինքն` թէ օրէնքը Ուխտին հիմքը չէ` որովհետեւ ան ետքը եկած է։

Պօղոսի այս փաստարկը պէտք չէ մտածել տայ, որ Ան հակառակ էր Մովսէսի Օրէնքին։ Ան իր նամակներուն մէջ յաճախ պաշտպանած է անոր աստուածային ծագումը ու հաստատած է թէ ան ունի շատ կարեւոր դեր մը փրկագործութեան պատմութեան մէջ։

Պէտք է նայիլ խոստումին ու անոր իրականացումին Քրիստոսին մէջ

Օրէնքը սակայն կեանք չի պարգեւեր, ան խոստումին լիացումը չէ` որովհետեւ անկարող է զայն իրականացնելու։ Ան որ կեանքը կը փնտռէ կարիքը ունի նայելու խոստումին ու անոր իրականացումին Քրիստոսին մէջ։

Արդարեւ քրիստոնէական կեանքի հիմնական նորութիւնը այս է. Բոլոր անոնք` որոնք Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատք ունին, կանչուած են ապրելու Սուրբ Հոգիին մէջ, որ մեզ կ՛ազատէ օրէնքէն ու միեւնոյն ատեն իր աւարտին կը հասցնէ զայն սիրոյ պատուիրանի համաձայն։

Տէրը մեզ օգնէ, որպէսզի քալենք պատուիրաններու ճանապարհին վրայ, սակայն ի միտ ունենալով Քրիստոսի նկատմամբ սէրը ու նայելով Անոր հետ հանդիպումին, գիտակից ըլլալով որ Յիսուսին հետ հանդիպումը շատ աւելի կարեւոր է քան բլոր պատուիրանները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2021, 09:46

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >