Որոնել

«Այն ոչ կ՛ուզէ մեծը ըլլալ թող ծառայէ». Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Սուրբ Կոյս Մարիամը, Տիրոջ հլու աղախինը մեզ օգնէ հասկնալու համար որ ծառայելը մեզ չի նուաստացներ այլ կ՛աճեցնէ, ու թէ աւելի մեծ ուրախութիւն կայ պարգեւելու քան ստանալու մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այն որ կ՛ուզէ առաջինը ըլլալ թող վերջինը ըլլայ եւ ամէնուն ծառայէ» իր աշակերտներուն ուղղած Յիսուսին այս խօսքը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 19 սեպտեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան։

«Այս նախադասութեամբ Տէրը կը տապալէ չափանիշները…մարդու մը արժէքը կախեալ չէ իր զբաղեցուցած դերէն, յաջողութիւններէն, կամ աշխատանքէն ու դրամատան մէջ ունեցած գումարներէն, ո՛չ. Աստուծոյ աչքերուն մեծութիւնն ու յաջողութիւն ունին տարբեր չափանիշ. Անոնք կը չափուին ծառայութեան հիման վրայ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը աւելցնելով որ ան կը չափուի «ոչ թէ մեր ունեցածին վրայ այլ մեր պարգեւածին վրայ։ Եթէ կ՛ուզես առաջինը ըլլալ. Ծառայէ»։

Ծառայել կը նշանակէ գործել Յիսուսն նման

«Այսօր ծառայել բառը մռայլած կը յայտնուի, բայց ան Աւետարանին մէջ ունի յստակ եւ գործնական իմաստ» շարունակեց Սրբազան Պապը։«Ծառայել կը նշանակէ գործել Յիսուսն նման. Եկած եմ ծառայելու եւ ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու»։

«Ուստի եթէ կ՛ուզենք Յիսուսին հետեւիլ պէտք է հետեւինք անոր ճանապարհին որ է ծառայութեան ճանապարհը» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ որքան աւելիով ծառայենք այնքան աւելիով կը զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը, յատկապէս երբ ծառայենք անոնց` որոնք ոչ մէկ բան կարող են վերադարձնել մեզի` աղքատներուն` ողջագուրելով անոնց դժուարութիւնները, կարիքները ու բացայայտելով` թէ մենք եւս մեր կարգին սիրուած եւ ողջագուրուած ենք Աստուծմէ։

Ծառայել անոնց որոնք ոչ մէկ բան ունին փոխարինելու համար ծառայութիւնը

Քահանայապետը նշեց ապա թէ Յիսուս բացատրելու համար ծառայութեան առաջնութիւնը մանուկ մը կ՛առնէ ու զայն կը դնէ աշակերտներուն մէջտեղ հաստատելով` որ «Ան որ այդ մանուկը կ՛ընդունի կ՛ընդունի նաեւ Զինք»։ Մանուկը Աւետարանին մէջ կը խորհրդանշէ ոչ թէ անմեղութիւնը այլ փոքրութիւնը։ 

«Ահա թէ որու պէտք է ծառայել, անոնց որոնք կարիքը ունինք ընկալելու եւ ոչ մէկ բան ունին նուիրելու» շեշտեց Սրբազան Պապը, նշելով` որ Յիսուս կը գտնուի փոքրիկին ու աղքատին մէջ, հուսկ հրաւիրեց հարց տալ եթէ կը հետեւինք Յիսուսին կամ կը փնտռենք անձնական գոհունակութիւնը։ Եթէ ժամանակ կը յատկացնենք «փոքրիկներուն» կամ կը մտահոգուինք անձերով ու բարեկամներով որոնցմէ այլ բաներ կ՛ակնկալենք։

Սուրբ Կոյս Մարիամը, Տիրոջ հլու աղախինը մեզ օգնէ հասկնալու համար որ ծառայելը մեզ չի նուաստացներ այլ կ՛աճեցնէ, ու թէ աւելի մեծ ուրախութիւն կայ պարգեւելու քան ստանալու մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2021, 12:06

«Հրեշտակ Տեառն»ը աղօթք մըն է որ կ՛արտասանուի օրը երեք անգամ ի յիշատակ Մարդեղութեան խորհուրդին – առաւօտեան 6-ին, կէսօրին ու երեկոյեան 18-ին, պահը երբ կը հնչէ «Հրեշտակ Տեառն»ի զանգակը։ Աղօթքին անունը առնուած է աղօթքին առաջին բառերէն «Հրեշտակ Տեառն աւետեաց Սրբոյ Կուսին Մարիամու» ու բաղկացած է երեք փոքրիկ նախադասութիւններէ որոնք կը հային Յիսուս Քրիստոսի Մարդեղութեան, ապա երեք Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթք։ Սոյն աղօթքը կ՛արտասանէ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Կիրակի օր կէսօրին ու Տօնական օրերուն առթիւ։ Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն առաջ Քահանայապետը կը ներկայացնէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, ներշնչուելով օրուան սուրբգրային ընթերցումներէն, որուն կը յաջորդէ նաեւ ուխտաւորներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքը։ Սուրբ Զատիկէն մինչեւ Պենտեկոստէի տօնը, Հրեշտակ Տեառն-ի տեղ կ՛արտասանուի «Ուրախ լեր Թագուհի Երկնից» աղօթքը, որ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան յիշատակին աղօթքն է, որուն աւարտին «Փառք Հօր»ը կ՛արտասանուի երեք անգամ։

Վերջին «Հրեշտակ Տեառնը» / «Ուրախ լեր Թագուհի երկնից»

Կարդալ բոլորը >