Որոնել

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու Խորհուրդի հերթական ժողովը  առցանց Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու Խորհուրդի հերթական ժողովը առցանց 

Սիւնհոդոսը եղաւ Կարդինալներու Խորհուրդին հերթական ժողովին կեդրոնական նիւթը

Քահանայապետի խորհրդատու կարդինալներու Խորհուրդը իր հերթական ժողովը գումարեց առցանց։ Յաջորդ ժողովը նախատեսուած է դեկտեմբերին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեամբ, կը նշուի թէ երէկ կէսօրէն ետք ժամը 4ին Քահանայապետի Խորհրդատու «Կարդինալներու Խորհուրդը` գումարեց առցանց ժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին իրենց երկիրներէն Կարդինալ Օսքար Ռոտրիկէզ Մարատիական, Կարդինալ Ռէյնալտ Մարքսը, Կարդինալ Սին Փարթրիք Օ Մալլէյը, Կարդինալ Օսվալտ Կրասիասը եւ Կարդինալ Ֆրիտոլին Ամպոնկօ Պեզունկուն մինչ Վատիկանէն կապուած էին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւ Կարդինալ Ճուզեփփէ Պերթելլոն ու Խորհուրդի քարտուղարը Գերապ. Մարքօ Մելլինոն մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը կաղուած էր Տոմուս Սանթա Մարթայի իր բնակարանէն։

Կարդինալ Մարատիակայի բացման խօսքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայացուց Սիւնհոդոսկանութեան մասին յառաջիկայ սիւնհոդոսի բացման աշխատանքներու մասին յստակացնելով, որ խորհրդածութեան կորիզը այս կամ այն նիւթի խորացումը չէ, այլ Եկեղեցւոյ կեանքի ապրելաոճը, որ յատկանշուած ըլլալու է բոլոր մակարդակներու վրայ փոխադարձ ունկնդրութեան ու հովուական վերաբերմունքով մը մասնաւորապէս կղերապաշտութեան եւ կարծրութեան փորձութեան դիմաց։

Քահանայապետի խօսքերուն հետեւած քննարկումներուն առթիւ մի քանի կարդինալներ լուսաբանեցին որոշ երեւոյթներ, որոնք յատուկէն անհրաժեշտ կը դարձնէ սիւնհոդոսական ընթացքը` յաղթահարելու համար մասնակի շահերն ու աղանդաւորութիւնը։

«Հաւաքը վերջ գտաւ ժամը 18.00-ին մինչ յաջորդ ժամադրութիւնը որ նախատեսուած է դեկտեմբեր ամսոյն մէջ եւ որ եթէ պայմանները ներեն պիտի կայանայ ներկայութեամբ» գրուած է միշտ Սուրբ Աթոռին մամլոյ գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2021, 15:00