Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Քապուլէն փախուստ տուած խումբ մը ընտանիքներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Քապուլէն փախուստ տուած խումբ մը ընտանիքներուն։  

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Քապուլէն փախուստ տուած խումբ մը ընտանիքներուն։

Հանդիպման ընթացքին ընտանիքները Քահանայապետին պատմեցին իրենց քրիստոնեայ հաւատքի պատճառաւ ապրած դաժան փորձառութեան մասին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր 22 սեպտեմբերին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ անցեալ շաբաթներուն Քապուլէն փախուստ տուած Աֆղանցի երեք քրիստոնեայ ընտանիքներուն, ընդամէնը 14 անձ, որոնց շարքին 7 անչափահասներ» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Հանդիպման ընթացքին ընտանիքները Քահանայապետին պատմեցին իրենց քրիստոնեայ հաւատքի պատճառաւ ապրած դաժան փորձառութեան մասին։

«Հազիւ Թալեպանները մուտք գործեցին Քապուլ իմ ամուսինս ձերբակալուեցաւ եւ մինչեւ այժմ անոր մասին տեղեկութիւններ չունինք» պատմեց երկու աղջիկներու մայր` 57 ամեայ Եարի Կիւլը, աւելացնելով թէ «չորս գիշեր պահուըտած մնացին մառանին մէջ, իրենց կարգին ձերբակալուելու վախէն»։ «Հաւանական է, որ մէկ մը մեզ մատնեց, որովհետեւ քրիստոնեայ ենք» աւելցուց Ան։

Այլ զոյգ մը եւս կարողացաւ Քապուլէն հեռանալ իր 9 եւ 4 տարեկան երկու զաւակներուն հետ միասին, ինչպէս նաեւ  11, 8 եւ մէկ տարեկան զաւակներով ընտանիք մը։

Անոնք Հռոմ ժամանեցին շնորհիւ «Meet Human» հիմնարկին որուն մարդասիրական քարոզարշաւին կարգախօսն է «եղբայր աֆղանցիներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2021, 15:30