Որոնել

«Մենք Աստուծոյ զաւակներ ենք» Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

Մեզի համար այսօր վճռական է վերագտնել Աստուծոյ զաւակները ըլլալու գեղեցկութիւնը, իրար միջեւ եղբայրներ եւ քոյրեր, որովհետեւ ներառուած ենք Քրիստոսի մէջ։ Մեր կոչումն է ակնյայտ եւ գործնական դարձնել համայն մարդկային ցեղին միութեան կոչը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շարունակելով Սուրբ Պօղոսի գաղատացիներու ուղղած նամակին մեկնաբանութիւնը, չորեքշաբթի 8 սեպտեմբերին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութինը կեդրոնացուց հետեւեալ հատուածին վրայ.

«Որովհետեւ դուք ամէնքդ Աստուծոյ որդիներ էք, հաւատալով Յիսուս Քրիստոսի։ Դուք ամէնքդ որ մկրտուեցաք Քրիստոսի անունով, Քրիստոսը զգեցած էք. չկայ խտրութիւն ոչ Հրեայի եւ ոչ հեթանոսի, ոչ ստրուկի եւ ոչ ազատի, ոչ մարդու եւ ոչ կնոջ, որովհետեւ դուք ամէնքդ մէկ էք Քրիստոս Յիսուսով։ Եթէ դուք Քրիստոսի էք, ուրեմն Աբրահամի զաւակներ էք եւ ժառանգորդներ` ըստ խոստումին։ (Գաղատաց. 3,26-29)

«Առաքեալը կը պնդէ որպէսզի քրիստոնեաները չի մոռնան Աստուծոյ յայտնութեան նորութիւնները, զոր իրենց քարոզուեցաւ։ Ան` Յովհաննէս Աւետարանիչի հետ համաձայն կ՜ընդգծէ, թէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքը մեզ թոյլ տուաւ դառնալու Աստուծոյ իսկական զաւակներ ու նաեւ ժառանգորդներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը խորհրդածութեան սկիզբը, հաստատելով որ մենք քրիստոնեաներս յաճախ սովորական կը նկատենք Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու իրականութիւնը։ Մինչդեռ աւելի լաւ պիտի ըլլար միշտ յիշել պահը երբ մենք իրապէս դարձանք զաւակներ, այսինքն մեր մկրտութեան պահը, որպէսզի աւելի մեծ գիտակցութեամբ ապրինք այդ ընկալուած մեծ պարգեւը։

Սուրբ Մկրտութեամբ իրականացած որդեգրութիւնը

Այս որդեգրումը չի վերաբերիր այն աւելի ընդհանուր կերպով ըմբռնուած որդեգրութեան- որ կը հայի բոլոր մարդոց ու կիներուն, որոնք միակ Արարիչին զաւակներ են։ Անիկայ հիմնական նոր պայման մըն է` որ կ՛իրականանայ Սուրբ Մկրտութեան միջոցաւ։ Քրիստոս իր մարդեղութեամբ մեզ հաշտեցուց իր Հօրը հետ ու դարձաւ մեր եղբայրը։ «Ան` որ Քրիստոսը կ՛ընկալէ հաւատքին մէջ, Անոր միջոցաւ մկրտութեամբ կը զգենու զաւակի արժանապատւութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ Սուրբ Պօղոսը նամակին մէջ յաճախ յղում կը կատարէ Սուրբ Մկրտութեան ու թէ անոր համար մկրտուած ըլլալը համահաւասար է մաս կազմելու Յիսուսի խորհուրդին, իսկական եւ գործնական կերպով։ Ան Հռոմէացիներուն ուղղած նամակին մէջ կը գրէ «Մենք մեռանք ու թաղուեցանք անոր հետ, որպէսզի ապրինք իր հետը»։

Սուրբ Մկրտութիւնը մեզի թոյլ կու տայ զԱստուած կոչել Աբբա` Հայր։

Սուրբ Մկրտութիւնը առ այդ միայն արտաքին ծէս մը չէ։ Բոլոր անոնք որոնք կ՜ընկալեն զայն կը փոխակերպուին արմատապէս ու կ՜ընդունին նոր կեանք մը, որ մեզի թոյլ կու տայ Աստուծոյ դիմել, զայն կոչելով «Աբբա` Հայր»։

Առաքեալը համարձակօրէն կը հաստատէ, որ մկրտութեամբ ստացած ինքնութիւնը այնքան նոր ինքնութիւն է, որ կը գերակայէ ցեղային-կրօնական մակարդակի վրայ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն. «չկայ խտրութիւն ոչ Հրեայի եւ ոչ հեթանոսի, ոչ ստրուկի եւ ոչ ազատի, ոչ մարդու եւ ոչ կնոջ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Քրիստոսին մէջ բոլորս միացած ենք

Սուրբ Պօղոսը կը բացայայտէ այն խոր միութիւնը որ գոյութիւն ունի մկրտուածներուն միջեւ, որովհետեւ անոնք Քրիստոսի մէջ դարձան նոր էակներ։

«Քրիստոսի մէջ հաւասարութիւնը կը գերազանցէ երկու սեռերու միջեւ ընկերային տարբերութիւնները հաւասարութիւն ստեղծելով մարդու եւ կնոջ միջեւ ինչ,, որ «յեղափոխական» մտածում մըն է այդ դարաշրջանին համար եւ ինչ, որ պէտք այսօր եւս վերահաստատենք» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով, որ Աստուծոյ որդիներու, այս արժանապատուութեան դիմաց, ցանկացած տարբերութիւն կը դառնայ երկրորդական մկրտուածներու միջև, և զանոնք բաժանող հակամարտութիւնները այլևս պէտք չէ գոյութիւն ունենան:

Վերագտնենք Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու զեղեցկութիւնը

Մեզի համար եւս այսօր վճռական է վերագտնել Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու գեղեցկութիւնը, իրար միջեւ եղբայրներ եւ քոյրեր, որովհետեւ ներառուած ենք Քրիստոսի մէջ։ Մեր կոչումն է ակնյայտ եւ գործնական դարձնել համայն մարդկային ցեղին միութեան կոչը։ Այն բոլոր բաները, որոնք կը սրացնեն մարդոց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները, յաճախ խտրականութիւն պատճառելով, Աստուծոյ առջեւ անոնք այլեւս հետեւողականութիւն չունին շնորհիւ Քրիստոսի միջոցաւ իրականացուած փրկութեան։

Յիշենք մեր մկրտութեան թուականը

«Կարևորը հաւատքն է, որ կը գործէ ՝ հետևելով Սուրբ Հոգիի ցոյց տուած միասնութեան ճանապարհին: Մեր պարտականութիւնն է վճռական քալել այս ճանապարհով` հաւասարութեան ճանապարհով» յարեց  Քահանայապետը թելադրելով հաւատացեալներուն միշտ ի միտ ունենալու նաեւ իրենց մկրտութեան օրուան թուականը` որով դարձանք Աստուծոյ զաւակներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2021, 09:28

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >